Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը` Պաքուի Ջարդերուն Առիթով

Յունուար 22, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

baku_012116

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբը յայտարարութիւն մը հրապարակած է 13-19 յունուար 1990-ին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերու 26-րդ տարելիցին առիթով` դիտել տալով, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները զանգուածային կոտորած կազմակերպած ու գործադրած էին հայերուն ազգային պատկանելիութեան համար: «Շուրջ քառորդ միլիոն հայութիւնը ենթարկուած է բռնութիւններու, կոտորածի ու տեղահանման, որոնց  հետեւանքով քաղաքը ամբողջութեամբ հայաթափուած է: Թալանի ու բռնագրաւման ենթարկուած է Պաքուի հազարաւոր հայ բնակիչներու  անշարժ ու շարժական գոյքը: Բռնութիւններուն զոհ գացած է աւելի քան 400 հայ, որոնց մասին կը վկայեն միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները: Այդ օրերուն Պաքուի մէջ տեղի ունեցած բռնութիւնները փետրուար 1988-ին Սումկայիթի մէջ, իսկ այնուհետեւ` Ազրպէյճանի հայաշատ այլ վայրերու մէջ չդատապարտուած ջարդերու շարունակութիւնն էին, որոնք իրականացած են Խորհրդային Միութեան  ղեկավարութեան իմացութեան եւ թոյլտուութեան պայմաններուն մէջ եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ պետական մակարդակով տարածուած նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ո՛չ միայն կը նենգափոխեն «Սեւ յունուար»-ի էութիւնը, այլ նաեւ լռութեան ու մոռացութեան կը մատնեն «Երեք ջարդերու մայրաքաղաք»-ի պատմութիւնը` փորձելով կոծկել Պաքուի 1905, 1918 եւ 1990 թուականներու կոտորածներու ու Ազրպէյճանի մէջ ապրող հայութեան նկատմամբ կատարուած ցեղասպանութեան քաղաքականութեան ակնյայտ հետեւանքները: «Պաքուի հայութեան դէմ իրականացուած սոսկալի կոտորածը մինչեւ այսօր համարժէք գնահատական չէ ստացած: Աւելի՛ն, վերջին 26 տարիներուն օգտուելով անպատժելիութենէն` Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը հետեւողականօրէն կ՛իրականացնէ հայատեացութեան պետական քաղաքականութիւն, որ կ՛ուղեկցի զինադադարի պարբերաբար խախտումներով եւ պատերազմի վերսկսման սպառնալիքներով: Յարգելով Պաքուի ջարդերուն եւ բռնատեղահանութեան զոհ գացած անմեղ հայերուն յիշատակն ու դատապարտելով այլատեացութեան, ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան որեւէ դրսեւորում` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբը կը վերահաստատէ, որ Պաքուի ջարդերը լիովին կը համապատասխանեն ՄԱԿ-ի 1948-ի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ պատժելու մասին» ուխտով սահմանուած ցեղասպանութեան յանցագործութեան իրաւական ձեւակերպումին, կը պնդէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութիւնը հետեւողական պիտի ըլլայ, որ  ազրպէյճանահայութեան ցեղասպանութիւնը կազմակերպողներն ու իրականացնողները, համաձայն միջազգային ձեւաչափերու, ենթարկուին պատասխանատուութեան, կոչ կ՛ուղղէ քաղաքակիրթ աշխարհին եւ խորհրդարանական կառոյցներուն` դատապարտելու Պաքուի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերը, անոնց տալու իրաւական գնահատական», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Հայաբնակ Ղնեմիէ Գիւղը Ազատագրուեցաւ

Յաջորդը

Դեսպան Մնացականեան ՄԱԿ-ի Մէջ Խօսած Է Ազրպէյճանի Կողմէ Զինադադարի Խախտման Մասին

RelatedPosts

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները  Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու  Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»

Օգոստոս 19, 2025
Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»
Հայկական

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»

Օգոստոս 19, 2025
Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ,  Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»
Հայկական

Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ, Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?