Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճան Պատերազմ Չ՛ուզեր, Որովհետեւ Սկսած Է Տնտեսապէս Տուժել» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

December 14, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Giro_121315

Չի բացառուիր, որ Թուրքիան փորձէ Հայաստանի միջոցով Ռուսիոյ պատասխան տալ. «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ  Մանոյեան:

«Կարելի է` ըսած են` քիչ մը աւելի շիկացուցէք մթնոլորտը, բայց չեմ կարծեր, որ միայն այդ է պատճառը, որ Ազրպէյճանը այս քայլերուն երթայ: Ազրպէյճանը միշտ ալ բարձրաստիճան հանդիպումներէ առաջ կը փորձէ այսպիսի մթնոլորտ ստեղծել: Այսինքն` երբ բան մը կ՛ակնկալէ, միշտ ալ այդպէս կը վարուին: Կը կարծեմ` այս բոլորին  հետեւանքով ստեղծուած է այն մթնոլորտը, որ իսկապէս վտանգաւոր է` հետեւանքները կրնան անկանխատեսելի ըլլալ: Յաճախ ըսած եմ, որ Ազրպէյճանը  պատերազմ չ՛ուզեր, որովհետեւ առանց պատերազմի ալ սկսած է տուժել տնտեսապէս, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ անոր  ըրածները վտանգաւոր չեն. անոր ըրածները կրնան պատերազմի վերածուիլ», ըսաւ Մանոյեան:

Անոր կարծիքով` եթէ Ազրպէյճանը պատերազմ ուզէր, արդէն կը սկսէր: «Ամէն անգամ հզօր հրետանի չէին օգտագործեր, որ տեսնէին` դիմացինը ի՛նչ կ՛ընէ եւ այլն: Շատ անհանգստութիւն կայ այն նիւթերէն, այն տեսանիւթերէն, որոնք հրապարակուած են: Բայց անոնք վստահ չեն` ի՛նչ կ՛ըլլայ ելքը, այդ պատճառով ալ պատերազմ չեն ուզեր: Ազրպէյճանը չի կարծեր, որ մենք ներքնապէս այնքան պառակտուած ենք, որ կրնայ սահմանին վրայ խաղեր ընել` հանրաքուէին հետ կապուած: Կը կարծեմ, որ մենք ունինք այն քաղաքական հասունութիւնը, որ նման բան թոյլ չտանք», ըսաւ Մանոյեան:

Անոր խօսքով` Մինսքի խմբակի վերջին յայտարարութեան, որ անհրաժեշտ է զինադադարի խախտումները վերստուգող մեքանիզմ ստեղծել, պարզ է` Ազրպէյճանը դէմ է, իսկ Հայաստանը` կողմ: «Պարզապէս լաւ կ՛ըլլայ, որ աւելի յստակ խօսին: Բայց կը կարծեմ, որ աւելի յստակ քայլերու պէտք է դիմել, որպէսզի Ազրպէյճանը հասկնայ: Օրինակ` Ղարաբաղի ժողովուրդին, Ղարաբաղի իշխանութիւններուն ինչ որ չափով, ինչ որ ձեւով ճանչնալու նախանշաններ ցոյց տանք, որպէսզի Ազրպէյճանը հասկնայ, որ չի կրնար այսպէս, այս սահմանը ունի, որմէ այն կողմ չի կրնար անցնիլ: Կարեւոր է, որ Մինսքի խմբակը ճիշդ  գնահատականներ տայ, բայց կը կարծեմ, որ այլ քայլերու ալ պէտք է դիմել, որ Ազրպէյճանը հասկնայ», ըսաւ Մանոյեան:

 

 

Նախորդը

Ուորլիք. «Եկած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներուն Հանդիպման Ժամանակը»

Յաջորդը

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատ Մամլոյ Ասուլիս Պոլսոյ Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.