Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժան Պօղոսեանի «Երկու Կրակներու Միջեւ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսը Բացաւ Իր Դռները

December 12, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Boghossian_120415

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի  դեսպան Ալեքս Լենըրցի, գործակցութեամբ «Պօղոսեան հիմնարկ»-ին եւ «Աժեալ» ցուցասրահին, ուրբաթ, 4 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պիէլի «Պէյրութ Էկզիպիշըն սենթըր»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Ժան Պօղոսեանի նկարչական «Երկու կրակներու միջեւ» խորագիրով ցուցահանդէսին բացումը:

Ժան Պօղոսեան ծնած է 1949-ին լիբանանահայ հօրմէ եւ իտալացի մօրմէ: 1970-էն սկսեալ ան թանկագին քարերու վաճառական է եւ ոսկեղէնի ձեւաւորող: 1992-ին իր հօր` Ռոպերին եւ եղբօր` Ալպերին հետ կը հաստատէ «Պօղոսեան հիմնարկ»-ը: 1988-էն սկսեալ նաեւ կը զբաղի գեղանկարչութեամբ: Ժան Պօղոսեան մասնակցած է բազմաթիւ անհատական եւ խմբային ցուցահանդէսներու:

Ժան Պօղոսեանի անունը ճանչցուած է եւ իր ստեղծագործական ձիրքերը  հանրութեան կողմէ գնահատուած են շնորհիւ Պրունօ Քորայի` արուեստի քննադատ եւ Burri in Citta di Castello հիմնարկի նախագահ:

Պրունօ Քորա այս առիթով «Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «30 տարի պահուըտած մնացած գեղանկարիչի մը արուեստի գործերն են, որ կը տեսնէք հոս»: Պրունօ Քորա վեր առաւ Ժան Պօղոսեանի արուեստին իւրայատուկ գիծերը, որոնցմէ առաջինը` փորձարկութեան հանդէպ ունեցած սէրը. Պօղոսեան կը սիրէ արուեստի փորձարկութեան ենթարկել ոչ միայն դասական կտաւը կամ հասարակ թուղթը, այլեւ` կերպընկալը, գիրքը, նոյնիսկ` երաժշտական լայն ու հին խտասալիկները: «Տակաւին չթուեցինք այն տարրերը, որոնք Պօղոսեան կը զետեղէ վերոյիշեալ նիւթերուն վրայ… անոնցմէ կարեւորագոյնը կրակն է, որ արուեստագէտին համար բազմաթիւ իմաստի ցանցեր կ՛ընդգրկէ: Նախ` կրակը իբրեւ նիւթ, որ կը կիրարկէ կտաւին, թուղթին կամ որեւէ այլ նիւթի վրայ զայն այրելով եւ ուզած ձեւաւորումը տալով կամ նկարը կազմելով: Եթէ անդրադառնանք ցուցահանդէսին վերնագիրին, ապա կրակը  կը խորհրդանշէ որոշում մը կայացնելու դժուարութիւնը, այս պարագային` արհեստին եւ արուեստին միջեւ ընտրանքը: Կրակը Պօղոսեանի գործերուն մէջ նաեւ կը խորհրդանշէ բռնութիւնը,   որուն ենթակայ եղած է Պէյրութը յատկապէս քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին. ընդհանուր ձեւով` աշխարհին վրայ իշխող բռնութիւնը, որուն տակաւին ենթակայ ենք բոլորս: Հետեւաբար Պօղոսեանի գործերուն մէջ կը տեսնենք այրուածքի հետքեր, ծակեր, ճեղքեր եւ երբեմն` կարմիր գոյնի հետքեր, որոնք արեան կաթիլները կը յիշեցնեն», դիտել տուաւ Քորա:

Պրունօ Քորա եզրափակեց` ըսելով. «Արուեստագէտը կը քանդէ ստեղծելու համար. արուեստի գործը կազմուած է հակադրութիւններէ. արուեստն է, որ բռնութիւնը կը վերածէ սիրոյ»:

Այս ծիրին մէջ շաբաթ, 5 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պիէլի «Պէյրութ էկզիպիշըն սենթըր»-ին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը կրակի գործածութեան վերաբերեալ` իբրեւ քանդող եւ միաժամանակ ստեղծող արուեստի նիւթի:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 10 յունուար 2016 առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան 8:00-ը:

Նախորդը

Աշխարհի Ամէնէն Առանձին Տղուն Անակնկալը

Յաջորդը

Ես Իմ Տաքուկ Լիբանանի… (5). Մանկութեան Տարիներէս…

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.