Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԵԹԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԽՆԴԻՐԸ ՇԱՏ ՄՕՏ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՉԼՈՒԾՈՒԻ, ԱՊԱ ԱՆԻԿԱ ՇԱՏ ԵՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿՈՎ ՊԻՏԻ ՅԵՏԱՁԳՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՊՐԱՅԶԱ

August 30, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա ազրպէյճանական «Զերքալօ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին համար առաջնահերթութիւն է:

«Նուազ կարեւոր չէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Այս խնդիրը կարեւոր է մեր կառավարութեան համար եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ առաջնահերթ դիրքերու վրայ է: Գիտեմ, որ այս կարծիքը կը կիսեն նախագահ Պարաք Օպաման եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը»:

Պրայզա յիշեցուցած է, որ Օպամա նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի ժամանակ շեշտած էր, որ շրջանին մէջ սթաթիւս քոյի պահպանումը անընդունելի է եւ կողմերը պէտք է համարձակ քայլերու ձեռնարկեն բանակցութիւններու միջոցով խնդիրի լուծման  համար:

«Նախագահը շեշտած էր, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը ունակ չեն ինքնուրոյն աւարտին հասցնելու լուծման հիմնարար սկզբունքներու համաձայնեցումը, այդ պատճառով խնդիրը կը մնայ ոչ կառուցողական եւ վտանգաւոր իրավիճակի մէջ: Ան նաեւ իր մտահոգութիւնը  յայտնած էր զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ լարուածութեան աճին կապակցութեամբ: Օպամա խորհուրդ տուած էր աւելի համարձակ քայլեր առնելու տագնապին լուծման համար: Մինսքի խմբակը կողմերուն օգնած է պատրաստելու բանակցութիւններու միջոցով հետագայ արդարացի որոշումներու կայացման համար հիմնարար սկզբունքներու հիմնական դրոյթները: Կը կարծեմ, որ տագնապին լուծումը կողմերէն փոխզիջումներ պիտի պահանջէ», յայտնած է դեսպանը:

Ըստ անոր, մատրիտեան թղթածրարը հիմնարար է եւ կը ներառէ բոլոր անհրաժեշտ հիմնարար սկզբունքները, որոնք պիտի նպաստեն ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման : Ատոր մէջ ներկայացուած սկզբունքներու հերթականութիւնը, որոնք ճգնաժամի յաղթահարման համար պէտք է կիրարկուին` ուժի չկիրարկում, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ազգային փոքրամասնութիւններու ինքնորոշման իրաւունք:

«Տագնապը արդէն երկար տարիներէ ի վեր լուծման ընթացքի մէջ է, սակայն այսօր ոչ մէկ դրական արդիւնք կայ: Կողմերը իրարու չեն վստահիր, զիջումներ չեն կատարեր, ինչ որ աւելի կը խորացնէ խնդիրը: Եթէ խնդիրը շատ մօտ ապագային չլուծուի, ապա անիկա շատ երկար ժամանակով պիտի յետաձգուի: Կը ձգտինք, որ լուծումը անցաւ եւ կողմերու շահերու նուազագոյն վնասով տեղի ունենայ: Մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ լուծումին տարբերակները մտածուած եւ կշռադատուած են», ըսած է Պրայզա:

Նախորդը

ՌՈՒՍ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԳԾՈՎ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԸ ՄՆԱՅ ՆՍՏԻԼ ԵՒ ԼՈՒՐՋ ՄՏԱԾԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԼԵՒՈՆ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.