Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Քայլը. Իրան Իրաքի Մէջ Թրքական Ուժերու Տեղակայման Հարցով Կը Զգուշացնէ Թուրքիան

December 7, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան
Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան

Թրքական ապահովական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ հարիւրաւոր թուրք զինուորներ եւ զրահապատ մեքենաներ մարզումի առաքելութեամբ տեղակայուած են հիւսիսային Իրաքի` ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւուած Մուսուլ քաղաքին մօտ: Ան նշեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի երկիրները տեղեակ են թրքական քայլէն:

Սակայն Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի Թուրքիոյ կոչ ուղղեց` յարգելու բարի դրացնութիւնը եւ իր ուժերը անմիջապէս հեռացնելու իրաքեան հողերէն: Իրաքի պաշտպանութեան նախարար Խալետ Օպէյտի յայտարարեց, որ թրքական ուժերը Իրաքի մէջ տեղակայուած են առանց իրաքեան կառավարութիւնը տեղեակ պահելու կամ անոր հետ խորհրդակցելու: Ան աւելցուց, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը իրեն փոխանցած է, թէ այդ ուժերը ուղարկուած են հիւսիսային Իրաք մուտք գործած մարզիչները պաշտպանելու համար: Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մահսում իր կարգին յայտարարեց, որ «Նինուէի մէջ թրքական ուժերու տեղակայումը միջազգային օրէնքի խախտում կը նկատուի»` աւելցնելով, որ այդ քայլը «շրջանային լարուածութիւն կը ստեղծէ, եւ մենք կոչ կ՛ուղղենք զանոնք հեռացնելու»:

Իրապէս ալ` Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան թրքական ուժերու Իրաք մուտք գործելը նկատեց սխալ քայլ մը, որ կը վնասէ շրջանին անվտանգութեան եւ այդտեղ քաոսի եւ տագնապի ամրապնդման կը յանգեցնէ: «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը կարիքը ունի իրաքեան կառավարութեան արտօնութեան եւ անոր հետ ամբողջական համակարգման», ըսաւ ան:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի աւելի սուր կեցուածք մը արտայայտելով ըսաւ, որ թրքական միջամտութիւնը, ինչ վերնագիրի տակ ալ տեղի ունենայ, «Մուսուլի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններուն ծածկոց ապահովելու այլ փորձ մըն է», աւելցնելով, որ Անգարայի վերջին քայլերը ահաբեկչութեան աջակցող ծածուկ կողմերուն մէկ մասը կը բացայայտէ:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի քննադատեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` վերջինիս կատարած այն յայտարարութեան համար, թէ ինք Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին զգուշացուցած է Թեհրանը ՏԱՀԵՇ-էն քարիւղ գնելու վերաբերեալ Անգարայի ուղղուած Մոսկուայի կատարած ամբաստանութիւններուն մեղսակից դառնալէ: Վիլայեթի մեկնաբանելով Էրտողանի յայտարարութիւնը ըսաւ. «Իւրաքանչիւր անձ պէտք է խօսելու ժամանակ իր չափը գիտնայ»:

Միւս կողմէ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի բուռն կերպով դատապարտեց Իրաքի մէջ թրքական միջամտութիւնը, սակայն պատասխանելով այս առումով Արաբական լիկային կողմէ հակազդեցութեան մը կարելիութեան մասին ըսաւ. «Այն ինչ որ կրնանք ընել դատապարտման հաղորդագրութեան հրապարակումն է: Արաբական լիկան կարողութիւնը չունի գետնի վրայ այս միջամտութիւնը արգելակելու»:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Աննշան Կը Նկատէ Մաքսանենգութեան Ճամբով Թուրքիա Հասնող Քարիւղի Ծաւալները

Յաջորդը

Պերլին Կը Զգուշացնէ Ռիատը. «Ծայրայեղութեան Աջակցութեան Նկատմամբ Աչք Փակելու Ժամանակը Անցած Է»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.