Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն. «Կրթութիւն Հայաստան» Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչ Թինա Աւագեանին Հետ Հանդիպում-Հաւաք

November 26, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

zom_112515

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 25 նոյեմբեր 2015, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք մը` «Կրթութիւն Հայաստան» կազմակերպութեան հաւաքագրման եւ ընտրութեան տնօրէն Թենի Աւագեանի հետ:

Հանդիպումին բացման խօսքը արտասանեց Շաղիկ Չափարեան: Ան ըսաւ, թէ համաշխարհայնացման հոսանքին առջեւ գտնուելով` անհրաժեշտ է հաւասարակշռութիւն պահել համաշխարհային արհեստավարժ եւ զուտ ազգային կրթական համակարգերուն միջեւ` կարեւոր նկատելով այսօրուան կարողականութեամբ հայրենիքին առաւելագոյն զարգացման ապահովումը, որ սկիզբ կ՛առնէ  կրթական մարզին մէջ կատարուած բարեփոխումներէն: Ան յայտնեց, որ «Կրթութիւն Հայաստան» կազմակերպութիւնը աշխատանք սկսած է  տանիլ բարելաւելու համար Հայաստանի կրթական մակարդակը` ներգրաւելով եւ պատրաստելով արհեստավարժ անհատներ, որոնք պիտի դասաւանդեն Հայաստանի տարբեր դպրոցներու մէջ:

Խօսքի աւարտին Չափարեան հրաւիրեց օրուան զեկուցաբերը, որպէսզի կազմակերպութեան նպատակն ու առաքելութիւնը ներկայացնէ ներկաներուն:

«Կրթութիւն Հայաստան» կազմակերպութեան հաւաքագրման եւ ընտրութեան տնօրէն Թենի Աւագեան ըսաւ, որ «Կրթութիւն Հայաստան» կազմակերպութիւնը կ՛աշխատի Հայաստանի երեխաներուն կրթութեան հաւանական ուղին վերածել հնարաւոր ուղիի: Անկախ երեխաներուն  ընկերային, տնտեսական պայմաններէն ու վիճակէն, անոնք պէտք է կարելիութիւն ունենան բացայայտելու իրենց ներուժը եւ ստանալու լաւորակ կրթութիւն: Թենի Աւագեան յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը կ՛աշխատի հաւաքագրել երիտասարդ մասնագէտներ, անոնց հետ վերաորակաւորման դասընթացք կը կազմակերպէ, ապա զիրենք կը տեղաւորէ դպրոց:

Ան մատնանշեց, որ հայաստանեան իրականութեան, մասնաւորաբար շրջաններու մէջ, հայ երեխաներուն համար միակ անհրաժեշտութիւնը իրենց ուժին վստահիլն է:

«Եթէ կ՛ուզենք լաւ ապագայ ունենալ, պէտք է ամէն բանէ առաջ ապահովենք երեխաներուն կրթութիւնը», ըսաւ Թենի Աւագեան:

Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի շրջաններուն մէջ երեխային զարգացումը եւ կրթութիւնը առաջնային խնդիր չէ, ծրագիրին անդամագրուելով մասնակիցները երկու տարի պիտի աշխատին շրջաններու կրթական հաստատութիւններուն մէջ` իրենց ներուժը ներդնելով`  փոխելու համար փոքրիկներու կեանքը: Միաժամանակ մասնակիցը ձեռք պիտի բերէ առաջնորդութեան զարգացման հմտութիւններ, նոյն ատեն աշխատանքային փորձառութիւն` կրթական ասպարէզին մէջ:

Թենի Աւագեան նշեց, որ ծրագիրը 25 տարուան կեանք ունի: 39 երկիրներու մէջ կ՛աշխատի: Գաղափարը առնուած է «Թիչ ֆոր օլ» մայր կազմակերպութենէն եւ յարմարեցուած է հայաստանեան պայմաններուն: 40 հազար աշակերտի կեանք փոխուած է այս կազմակերպութեան շնորհիւ, հետեւաբար կարելի է ըսել, թէ կազմակերպութիւնը յաջողութեան հասնելու ուղիին վրայ է:

Ինչ կը վերաբերի անդամագրուելուն, Թ. Աւագեան ըսաւ, թէ նախ պէտք է դիմում ներկայացնել, ընդունուելէն ետք 5 շաբթուան տեւողութեամբ պէտք է հետեւիլ դասընթացքի, որ կարելիութիւն կու տայ ձեռք բերել փորձառութիւն եւ հմտութիւն: Մասնակիցները 2 տարի պիտի աշխատին դպրոցի մը մէջ: Մասնակիցը պարտաւոր է ըլլալ եռանդուն, աշխուժ, նուիրուած անձնաւորութիւն եւ մանաւանդ սէր ունենայ երեխաներուն նկատմամբ:

Ձեռնարկի աւարտին Թենի Աւագեան պատասխանեց իրեն ուղղուած լուսաբանական հարցումներուն:

 

Նախորդը

«Կոկիկեան» Հիմնարկ. Արաբերէնի Բարձրագոյն Նիշեր Ապահոված Աշակերտներու Պարգեւատրում Եւ «Պայան»-Ի Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Յաջորդը

Անդրադարձ. Գնդակը Կը Գտնուի Ռուսիոյ Դաշտին Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 2, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.