Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ընտրութիւններուն Արդիւնքը Ընդդիմադիր Բոլոր Կուսակցութեանց Եւ Անոնց Ղեկավարներուն Յղուած Պատգամ Մըն Է» Ըսաւ Էրտողան

November 3, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ 1 նոյեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն, յայտնեց. «Արդիւնքները ընդդիմադիր բոլոր կուսակցութիւններուն եւ ղեկավարներուն յղուած պատգամ մըն է»:

Էրտողան շնորհաւորեց Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիներն ու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, «որ պիտի կարենայ առանձին կառավարութիւն կազմել, եւ կը շնորհաւորեմ կուսակցութեան ղեկավար Ահմեթ Տաւութօղլուն»:

«Քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ քաղաքացիներուն այս ժողովրդավարական հոլովոյթին մասնակցութիւնը ազգային կամքի յստակ արտայայտութիւն մը կը նկատուի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այս քայլը համահունչ է 2023-ին Թուրքիոյ Հանրապետութեան հաստատման 100-ամեակին համար Թուրքիոյ ծրագրած նպատակներու իրագործման»:

Միւս կողմէ, թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ Մանիսա նահանգին մէջ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պատկանող երկու աթոռներէն մէկը արտերկրի քուէարկութեան արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք անցած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ձեռքը:

Արտերկրի մէջ քաղաքացիներու քուէարկութեան նախնական տուեալներով` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ստացած է ձայներուն 56,22 առ հարիւրը, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` 18,20 առ հարիւրը, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը` 16,38 առ հարիւրը, իսկ Ազգային շարժում կուսակցութիւնը` 7,12 առ հարիւրը:

 

Նախորդը

Մծբինի Մէջ Պայթում Մը Կը Պատճառէ Զոհ Մը Եւ 20 Վիրաւորներ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.