
Երէկ` կիրակի, 1 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, «Արին» կեդրոնի փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ հայ մշակոյթի տօնախմբութիւն` «Սուք ալ սուք» նշանաբանով:
Արդարեւ, կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Ֆուտ հերիթէյճ ֆաունտէյշըն»-ի ու «Ինվայրընմենթըլ էնտ սըսթէյնըպըլ տիվելոփմընթ եունիթ»-ի եւ համագործակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան տեղի ունեցաւ փառատօն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ եւ ոչ հայ անհատներ եւ միութիւններ: Տաղաւարներուն մէջ ներկայացուած էին հայկական եւ լիբանանեան զանազան տեսակի աւանդական ճաշեր, պահեստ, ինչպէս նաեւ ձեռային աշխատանքներ եւ ծաղիկներ: Ձեռնարկին առաջին հովանաւորն էր «Պաչիկ» ճաշարանը, իսկ երկրորդ հովանաւորը` «Պիպլոս» դրամատունը:
Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի վերեւ յիշուած ակումբներուն ծրագիրը կը ներառէ քաջալերել գիւղատնտեսութիւնը մանաւանդ անոնց համար, որոնք խանութ չունին եւ ծանօթ չեն տեղական շուկային մէջ: Անոնք նոյնիսկ կը քաջալերեն նմանօրինակ անձերը, որ համալսարաններու մէջ ներկայացնեն իրենց արտադրութիւնները: Այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով անոնք որոշած են ներկայացնել հայկական ճաշի տեսականին եւ այդ պատճառով նախաձեռնած են սոյն փառատօնին:
Ուտելիքներու վաճառքին առընթեր տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: «Սերքանսիէլ» եւ «Օրօրիկ» խումբերը իրենց երգերով, պարերով եւ խաղերով հաճելի պահեր ստեղծեցին փոքրիկներուն համար: Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի պարախումբը ներկայացուց «Ես ու դու», «Հայկական բանակ», «Հայաստան» պարերը: Յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Սամա օրիենթըլ պենտ»-ը, իսկ վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Հրաչ Կայծակեան` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:


