Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով` Յովհաննէս Հելվաճեան Բեմադրեց Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»-ը

October 21, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

mardigo_10-20-15

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, երէկ` երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Յովհաննէս Հելվաճեանի «Կոմիտաս» թատերախումբը հանրութեան դիմաց հանդէս եկաւ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց» թատերախաղով, բեմադրութեամբ` Յովհաննէս Հելվաճեանի:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք Քրիսթին Սրապոնեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակը:

Թատերախաղը կը խօսէր 23-24 տարեկան քահանայ հօր` Տէր Յուսիկի մասին, որ ի պաշտօնէ գիւղ մը կ՛երթայ եւ հոն ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզներուն ընդմէջէն կ՛ուզէ յեղափոխական շարժում մը ստեղծել: Սակայն Հայրապետ անունով թաղական մը դէմ դնելով, զինք կը վտարէ գիւղէն: Քահանան հետագային կը ձերբակալուի, բաւական չարչարանքներու կ՛ենթարկուի եւ կ՛աքսորուի: Կը ձերբակալուի նաեւ Հայրապետը, սակայն երկուքն ալ յետոյ ազատ կ՛արձակուին: Հայրապետը դարձի գալով, կը գտնէ Տէր Յուսիկը  եւ քովը երթալով ներում կը հայցէ անկէ եւ եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած «ժամուցը» իրեն կու տայ, որպէսզի զէնք եւ զինամթերք գնէ:  Տէր Յուսիկ զայն կ՛անուանէ «Կարմիր ժամուց»:

Երկու աշխարհներ բաժնած էին բեմը. գիւղական տեսարանը, որ կը ներկայացնէր քահանայ հօր ապրած կեանքը մանուկ հասակին եւ գիւղական մթնոլորտը, եւ թաղականութեան սենեակը:

Թատերախաղին մէջ դերեր ստանձնած էին Մանուէլ Թոքմաքճեան, Յակոբ Սրապոնեան, Աղասի Տէրտէրեան, Կրեկուար Սարեան, Եւա Պոյաճեան, Մայքըլ Գուտուզեան, Ժիւլիեթ Պաղամեան, Մաթէոս Պաղամեան, Եւա Պոյաճեան, Արփի-Մելանի Սարեան, Փաթրիք Օղուլեան, իսկ Քրիսթին Սրապոնեան մերթ ընդ մերթ բեմին վրայ կը կարդար գիրքէն հատուածներ` հանդիսատեսները իրազեկ դարձնելով դէպքերուն:

 

Նախորդը

30-Ամեակ` Գաղափարի Մարտիկին Առեւանգման Եւ Նահատակութեան

Յաջորդը

Յարութիւն Թորոսեան Պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի Տեսողական Արուեստի 6-րդ Ցուցահանդէսին Ընթացքին

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.