Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ժխտողականութեան Քրէականացումը Առաջնային Խնդիր Չէ

October 19, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

EHCR_10-17-15

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ստորեւ  կու տանք խմբագիրին ստորագրութիւնը կրող յօդուածը` «Տեսակէտ» տարազին տակ, միաժամանակ ակնկալելով այս նիւթին շուրջ հրապարակային քննարկում: Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի նախադէպը կրնայ մեր աշխատանքներուն ճամբայ հարթել կամ ճամբայ նեղցնել:

Արձագանգումները կրնան ըլլալ յօդուածով, տեսակէտը բաժնող կամ չբաժնող նամականիներով կամ ֆէյսպուքեան գրառումներով: Այս վերջինի պարագային ակնկալութիւնը կրկնակի է. արձագանգումին կ՛աւելնայ լրագրական էթիքի յարգումի անհրաժեշտութիւնը:

«Ա.»

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի «ՄԻԵԴ» դատավճիռի հակասական մեկնաբանութիւններն ու արձագանգները քաղաքականօրէն հասկնալի են: Պարզ է, որ Անգարան նախ պիտի փութար ցնծութեամբ դիմաւորելու վճիռը, ընդհուպ յայտարարել տալու համար, որ հայութեան հարիւրամեայ ստաբանութիւնը այս ձեւով վերջ գտաւ:

Հայկական կողմը թէ՛ պաշտօնական Երեւանի եւ թէ՛ հասարակական կազմակերպութիւններու մակարդակներով վճիռի թղթածրարին մէջէն պիտի փորձէր վեր առնել դրական այն բաժինները, այստեղ եւս գլխաւոր դատախազին կողմէ որոշ չափազանցութեամբ յայտարարելու համար, որ վճիռը կը բաւարարէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան բոլոր պահանջները:

Քաղաքականացուած այս արձագանգները երկկողմանիօրէն մտածել կու տան վճիռի այնքան նուրբ ու դիւանագիտական ձեւակերպումներուն մասին, որոնք գոհ ձգած են հակոտնեայ կողմերը: Երեւութապէս տուժող չկայ, երկու կողմերը բաւարարուած են վճիռին եզրակացութիւններով:

Իրականութիւնը սակայն այդպէս չէ. փաստօրէն, ՄԻԵԴ-ը չի բաժներ Ցիւրիխի դիրքորոշումը այս հարցին մէջ ժխտողականութեան քրէականացում ամրագրելու տեսակէտէն: Խնդիրը իրաւական տեսակէտէն Ցիւրիխ-ՄԻԵԴ յարաբերակցութեան վրայ է : Ըստ էութեան խաղը աւարտած է 0-1 արդիւնքով, յօգուտ® Անգարայի: Վճիռին հիմնաւորումներուն եւ ձեւականօրէն իրաւական մեկնաբանութիւններուն մէջ յստակօրէն կ՛ընդգծուի Ողջակիզումի գերակայութեան խնդիրը նման քրէականացումներու պարագային` աւելի եւս շեշտելով հարցին քաղաքական բնոյթը:

Հայկական կողմը այս երեւոյթներուն ի տես վերատեսութեան ենթարկելու անհրաժեշտութեան առջեւ կը գտնուի` ժխտողականութեան քրէականացման պայքարի մարտավարութիւնները փոխելու կամ նոյնիսկ նման առաջադրանքի առաջնայնութիւնը հարցականի տակ առնելու առումով:

Միջավայրը` եւրոպական, շեշտակիօրէն զգայուն է մարդու արտայայտուելու իրաւունքներու անհպելիութեան տեսակէտէն: Կարծիքի ազատութիւնը, արտառոց վարկածներ առաջ քշելը, փերինչեքեան մարտահրաւէրներ կարդալը ընկալելի են եւրոպական արժեհամակարգային դրոյթներուն համար եւ նման պայքար մը դժուար թէ առաւելներ կարենայ ձեռք ձգել յատկապէս կարծիք յայտնելու ազատութիւնը կաշկանդելու քարոզչական յայտարարութիւններուն դիմաց: Բնական է, ինչպէս վերը նշեցինք, այս բոլորը երկրորդ կարգ կ՛անցնին, երբ հարցը կը վերաբերի Ողջակիզումի ժխտումին: Կը թուի, որ ժխտողականութիւն քրէականացնելու հրէական մենաշնորհը տակաւին խախտելու նախադրեալները չեն հասունցած քաղաքական գետնի վրայ:

Հայկական կողմէն նման թիրախաւորում մը Եւրոպայի մէջ, յատկապէս վերջին շրջանին` 100-ամեակի շրջագիծին մէջ յաղթական դիրքերէն զիջիլ կ՛ենթադրէ: Ճանաչումն ու դատապարտումը առաւելներ ապահոված են հայկական կողմին: ժխտումի քրէականացումը նոյն յաջողութեան ուղիէն կրնայ չառաջնորդել մեզ, քաղաքական եւ մենաշնորհային դրոյթներու ներկայ պայմաններով:

Հիմնաւորումները կը յուշեն, որ ժխտողականութեան քրէականացումը պայքարի ռիսքային գօտի է եւ ճանաչումէն հատուցում մեր համընդհանուր վարքագիծին առաւելներ չ՛ապահովեր: Ցեղասպանութեան ճանաչման համահայկական ռազմավարութիւնը պէտք չէ արձանագրէ հատուցման իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան հսկայական աշխատանքներէն շեղումներ, որոնք կրնան բացասական առումով բեկում յառաջացնել հայկական կողմին մէջ եւ պատճառ դառնալ ձեռք ձգուած առաւելներուն դէմ հակաքայլերու ենթահող տրամադրելու Անգարային: Թրքական կողմը այս հանգամանքներէն եւ ՄԻԵԴ-ի քաջալերող այս վճիռէն մեկնած եւրոպական միջավայրերու մէջ ժխտումի նոր նախաձեռնողականութիւններով կրնայ հանդէս գալ: Պատահական չէ, որ թրքական կիսապաշտօնական արձագանգներուն մէջ կը խօսուի հարիւրամեայ ստաբանութեան վերջ դրուելուն մասին: Ակնարկը հարիւրամեակի մեր իրագործումներուն դէմ կարեւոր քայլ նկատել է Զուիցերիոյ քրէականացման որոշումի բեկանումը:

Որքան ալ ներեւրոպական խնդիր փորձենք նկատել ՄԻԵԴ- Ցիւրիխ իրաւական հակամարտութիւնը, պատճառներ կան վերատեսութեան ենթարկելու ժխտումի քրէականացման մեր մարտավարութիւնը: Համաեւրոպական այլ հաստատութիւն մը` Եւրոպական խորհրդարանը ոչ հեռու անցեալին ամէնէն խիստ բանաձեւերը կ՛որդեգրէր Ազրպէյճանի դէմ եւ կոչ կ՛ընէր հասցէական պատժամիջոցներու անցնելու:

Մեր խնդիրներուն անմիջականութիւնը նկատի ունենալով, գուցէ Եւրոպական խորհրդարանի որոշումը շատ աւելին է իբրեւ արժէք, քան ՄԻԵԴ-ինը: Երկուքն ալ աշխարհագրական եւ արժեհամակարգային միեւնոյն պայմաններուն մէջ:

Հարիւրամեակին, ձեռք բերուած արդիւնքներուն բարձրակէտէն վայրէջքներ կատարելու հաւանականութիւնները նուազագոյնի պէտք է իջեցնել: Ներուժը եւ նիւթականը, գումարած կազմակերպականին եւ քարոզչաքաղաքականին, պէտք է կեդրոնացնել հատուցման առաջադրանքին իրաւականացման վրայ, ինչպէս նախանշած է Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Հռչակագիրը:

Նախորդը

Շարմազանովը Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Հանդիպած Է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պատասխանատու Քարտուղարին

Յաջորդը

«Փրեմիեր Լիկ». Բոլոր Մեծերն Ալ Յաղթական, Բացի` Լիվըրփուլէն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.