Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Հիլալ Հարեթ Նաամէ

October 17, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՀՄԸՄ-ի երէկուան փորձերէն
ՀՄԸՄ-ի երէկուան փորձերէն

Երէկ` ուրբաթ, 16 հոկտեմբերին սկսաւ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան երկուքական ճակատումներ` Ա. եւ Բ. դասակարգերուն մէջ:

Սաֆա արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ռասինկը, մինչ Անսար հիւսիսի մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Թրիփոլիի հետ:

Ինչ կը վերաբերի Բ. դասակարգին, Թատամոն Սուր 3-0 արդիւնքով յաղթեց Շեպիպեթ Մազրաային, մինչ Ահլի Նապաթիէ` Ամալ Մաարաքէի (4-0):

Ինչ կը վերաբերի շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր առաջին մրցումը կը կատարէ վաղը` կիրակի, 18 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալելով Հիլալ Հարեթ Նաամէն:

Բնականաբար, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ պիտի ներկայանան` իրենց կողքին ունենալով ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն բանակը` միասնաբար ապահովելու համար տարեշրջանի առաջին 3 կէտը:

3 կէտ ապահովելէ բացի, պէտք է նաեւ ունենալ մարզավայել կեցուածք, ըլլալ զուսպ, թէ՛ դաշտին, թէ՛ ալ թրիպիւններուն վրայ, որովհետեւ որեւէ սխալ քայլ կրնայ վնաս հասցնել խումբին եւ ՀՄԸՄ-ը ենթարկել տուգանքի:

Միշտ ի մտի ունենալով միութեան շահերը` վաղը բոլորն ալ պիտի ուղղուին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ եւ միայն քաջալերեն իրենց կազմը:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած փորձէն ետք, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները տօնեցին իրենց խմբակիցի Արգիշդի Պետրոսեանի ծննդեան տարեդարձը:

Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի այս տարեշրջանի կազմը.

ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Յարութ Սարգիս, Խաչիկ Գերպապեան եւ Վիգէն Թաշճեան:

ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Վարդան Պոյաճեան, Արգիշդի Պետրոսեան, Շանթ Գէորգեան, Ալեք Ալճեան, Գօգօ Աւետիսեան, Յակոբ Գուճանեան, Շանթ Սինանեան, Յարութ Մումջողլեան, Սեմի Շում եւ Զաւէն Լափաճեան:

ՄԻՋՆԱՊԱՀՆԵՐ.- Սերժ Չաքրեան, Ճոնի Քոնճեան, Յակոբ Նաճարեան, Տիգրան Վարդան, Գէորգ Օհանեան, Սերժ Մելիքեան, Վարդան Յարութիւնեան եւ Ալի Ռիֆահի:

ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ.- Քրիսթիան Թիմունեան, Մամաս Քէհէեան, Սագօ Ազնաւուրեան եւ Յակոբ Տօնապետեան:

Ստորեւ` Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ

ՇԱԲԱԹ, 17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շապապ Ղազիէ – Սալամ Զղարթա 15:30 Քֆարժոզ
Նեպի Շիթ – Ահտ 15:30 Նեպի Շիթ
ԿԻՐԱԿԻ, 18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ    
Իժթիմահի – Սաժես 15:30 Թրիփոլի
Նըժմէ – Շապապ Սահել 15:30 Սայտա

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ

ՇԱԲԱԹ, 17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ    
Ախա Ահլի Ալէյ – Ահլի Սայտա 15:30 Պհամտուն
Ռիատա Ուալ Ատապ – Ումմալ Թրիփոլի 15:30 Թրիփոլի
ԿԻՐԱԿԻ, 18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ    
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Մապարրա 15:30 Սուր
ՀՄԸՄ – Հիլալ Հարեթ Նաամէ 15:30 Պուրճ Համուտ
Նախորդը

Արթուր Դաւթեան Կը Մասնակցի Մարմնամարզութեան Աշխարհի Ախոյեանութեան

Յաջորդը

Հարցազրոյց` ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբի Մարզիչ Սամուէլ Պօղոսեանի Հետ

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ

September 17, 2026
Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է
Մարզական

Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է

September 17, 2026
Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան
Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.