Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այշէ Կիւնայսու Քննադատեց Սելահէտտին Տեմիրթաշի Ու Ֆիկեն Եիւքսեքտաղի Արտայայտութիւնները, Որոնք Կը Վիրաւորեն Հայերու Ու Միւս Քրիստոնեաներուն Զգացումները

October 13, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

ayse_10-13-15

«Ձեզմէ Չենք Սպասեր, Որ Խօսիք Ցեղասպանութեան
Մասին, Բայց Կրնաք Ձեր Ըսելիքը Ըսել` Առանց Ժխտելու
Ցեղասպանութիւնը, Առանց Վիրաւորելու Այս Երկրի
Քրիստոնեայ Ժողովուրդներուն Զգացումները»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ». Այշէ Կիւնայսու որ հինէն ի վեր, մարդու իրաւունքներու շրջագծով հայոց իրաւունքներուն պաշտպանը հանդիսացած է, հրատարակեց շատ կարեւոր նոր յօդուած մը, որով ցաւ կը յայտնէ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահէտտին Տեմիրթաշին ու Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան միւս համանախագահ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղին: Ցաւ կը յայտնէ նկատի առնելով այդ երկուքին կողմէ կատարուած կարգ մը յայտարարութիւնները, որոնք անոնցմէ սպասուածը չեն եւ որոնք կը բեկանեն սիրտը անիրաւուած այն ժողովուրդներուն` հայերուն, յոյներուն, այլ քրիստոնեաներուն, որոնց սիրտը այրած է այս երկրին մէջ իրենց ենթարկուած անիրաւութիւններէն եւ որոնք հիմա իրենց յոյսը դրած էին Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան վրայ:

Ակնարկութիւնը մասնաւորաբար կ՛երթայ Հայոց ցեղասպանութեան: Այշէ Կիւնայսու խօսք կ՛ուղղէ «թանկագին Սելահէտտին Տեմիրթաշ»-ին ու «թանկագին Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ»-ին ու կ՛ըսէ, որ անոնք իրենց ձախորդ յայտարարութեամբ թէ՛ կրկնած եղան տասնամեակներէ ի վեր պետութեան կողմէ հնարուած ազգայնապաշտ առասպելները, եւ թէ՛ ցաւցուցին գետերու մէջ խեղդուած, հովիտներու մէջ սպաննուած, ծովերու մէջ խեղդամահ եղածներու հոգին:

demirtas_10-13-15

Ի՞նչ են այն երկու յայտարարութիւնները, որոնցմէ վիրաւորուած է Այշէ Կիւնայսու: Առաջինը սա է. Սելահէտտին Տեմիրթաշ 14 սեպտեմբերին Տիյատինի մէջ իր ճառախօսութեան ընթացքին ըսեր է. «1920-ական թուականներուն, անկախութեան պատերազմի ընթացքին, որո՞նք միասին կռուեցան Չանաքքալէի (Կալիփոլիի, Ա.), Անթապի, Ատանայի մէջ: Ո՞վ իր կուրծքը վահան դարձուց թշնամիին դիմաց: Թուրքերն ալ կային, քիւրտերն ալ: Միասին հայրենիքը հասարակաց հայրենիք դարձուցինք: Քանի որ այդպէս ըրինք, քանի որ այս հայրենիքին հողերէն իւրաքանչիւր թիզի վրայ մենք ալ մեր արիւնը հոսեցուցինք, ուրեմն որո՞ւ ի՛նչ վնաս կը պատճառէ հաւասար գոյակցութիւնը»:

«Հասարակաց հայրենիք կերտեցինք» խօսքին համար է, որ Այշէ Կիւնայսու այժմ խօսք կ՛ուղղէ Տեմիրթաշին եւ կ՛ըսէ, որ անոր պէս զարգացած ու բոլորին կողմէ անկեղծ նկատուած մէկը չի կրնար չգիտնալ, թէ թուրքերն ու քիւրտերը ի՞նչ միջոցներու դիմելով է, որ կերտեցին այս հասարակաց հայրենիք կոչուածը:

«Չէք կրնար չգիտնալ, որ այդ ձեր կողմէ հասարակաց հայրենիք կոչուածը շատ չէ, տակաւին մինչեւ քսաներորդ դարու սկիզբը Փոքր Ասիոյ յոյներուն, հայերուն, ասորիներուն, եզիտիներուն ու տակաւին բազմաթիւ ոչ իսլամ ժողովուրդներուն հասարակաց հայրենիքն էր: Չէք կրնար չգիտնալ, որ անիկա թուրքերու ու քիւրտերու հասարակաց հայրենիքը դարձած էր շնորհիւ այն արմատական ցեղասպանութեան, որ գործադրուած էր հոն ապրող բոլոր միւս ժողովուրդներուն մշակոյթին, լեզուին, ազգային ժառանգութիւններուն վրայ: Այսօրուան պայմաններու մէջ ձեր այս յայտարարութիւնը ցեղապաշտութեան ամէնէն ցայտուն օրինակն է: Անշուշտ այս ծանր օրերուն անիրաւութիւն կ՛ըլլայ ձեզմէ սպասել, որ խօսիք Ցեղասպանութեան իրականութեան մասին, բայց ցեղասպանութեան ենթարկուածներու թոռները ձեզմէ ակնկալութիւն մը ունին: Սա օրերուն, երբ ոստիկաններ «Բոլորդ ալ հայ էք, բոլորդ ալ հայու ապօրէն լակոտներն էք» կ՛ըսեն, գոնէ դուք հեռու կեցէք այս երկիրը թուրքերու ու քիւրտերու հասարակաց հայրենիքը նկատելու նման վիրաւորական ակնարկութիւններէ: Դուք կրնաք ձեր ըսել ուզածը ըսել` առանց ձեր կարգին կրկնելու պատմութիւնը վերիվայր շրջող սուտերու կաղապարները», կը գրէ Այշէ Կիւնայսու:

Կիւնայսու նոյն ձեւով խօսք կ՛ուղղէ նաեւ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղին, որ Անգարայի մէջ Առեւտրական սենեակներու միութեան կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքի կապակցութեամբ իր խօսքերը քննադատողներուն սապէս ըսեր է. «Ո՛չ մէկը թրքական դրօշակը իբր գործիք թող գործածէ ցեղապաշտներու պատերազմական նպատակներուն: Ոչ մէկը քայլարշաւներու ընթացքին այդ դրօշակին շուքին ապաստանելով թող ֆաշականութիւն քարոզէ: Այդ դրօշակին կարմիրին մէջ քիւրտին ալ, թուրքին ալ, լազերուն կամ չերքեզներուն ալ արիւնը կայ: Այդ կարմիրին մէջ որքան թուրքին, նոյնքան կայ արաբին, լազին, փոմակին, վրացիին, Թուրքիոյ այսօրուան միութիւնը կազմող բոլոր ժողովուրդներուն արիւնը: Ոչ մէկը այս ժողովուրդներուն դրօշակը կրնայ գործածել այդ ազգերէն մէկուն անունով այդ ազգերէն ուրիշի մը դէմ»:

Կիւնայսու այս անգամ այս արտայայտութիւններուն համար խօսք կ՛ուղղէ «թանկագին» Ֆիկեն Եիւքսեքտաղին եւ կը հարցնէ, թէ թրքական դրօշակը ինչպիսի՞ վտանգի մը մէջ է, որ հիմա զայն պաշտպանելու ելած է: Ցաւալի է, որ դրօշակին կարմիրին մէջ հարսնուկներու դաշտ մը չի տեսներ, այլ կը տեսնէ արիւն, այդ ալ` ոչ թէ մեզի կեանք տուող արիւն, այլ` մեր կեանքը վերջացնող արիւնահոսութիւն, սպաննուածներուն արիւն: Եւ ի վերայ ամենայնի, ան այս կարմիրին մէջ տեսեր է միայն այս երկրի մահմետականներուն թափած արիւնը, այլ` ո՛չ թէ քրիստոնեաներուն եւս թափած արիւնը: Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահն ալ անշուշտ չի կրնար չգիտնալ, որ այսօրուան այն միասնութիւնը, որուն մասին կը խօսի, իրականացած է հայ, յոյն, ու այս հողերուն վրայ ապրած միւս քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մաքրագործումին շնորհիւ, կ՛ըսէ Այշէ Կիւնայսու:

 

Նախորդը

Տէրսիմահայ Երկու Կիներու Դառն Պատմութիւնը

Յաջորդը

Նոր Իրավիճակը Պահանջում Է Նոր Մօտեցումներ

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.