Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Միքաթիի Հետ Քննարկեց Թրիփոլիի Վերաբերող Հարցեր

October 5, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միքաթի եւ Սալամ
Միքաթի եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի վերաբերող շարք մը հարցեր` ներկայութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ վարչապետ Սալամը շնորհաւորած է Ատհայի տօնին առիթով եւ քննարկած Նիւ Եորքի մէջ անոր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքներն ու ընդհանրապէս Լիբանանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին կեցուածքները:

Միքաթի յայտնեց, որ իրենք քննարկած են նաեւ լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններն ու կեդրոնացած Թրիփոլիի վերաբերող հարցերուն վրայ:

Միքաթի շեշտեց, որ վարչապետ Սալամ կատարեալ զօրակցութիւն յայտնած է Թրիփոլիի բարեկարգման նպատակով մշակուած բոլոր ծրագիրներուն` աւելցնելով, որ հետագային կարելի պիտի ըլլայ որդեգրել աւելի լուրջ որոշումներ` Թրիփոլիի բարգաւաճման առումով:

Պատասխանելով կառավարութեան նիստերուն վերսկսելու մասին հարցումի մը` Միքաթի յայտնեց, որ ատիկա վարչապետ Սալամի իմաստուն որոշումներէն կախեալ է` աւելցնելով, որ վարչապետը կառավարութիւնը նիստի պիտի հրաւիրէ, երբ շօշափէ արդիւնաբեր նիստ մը գումարելու կարելիութիւնը:

Երկխօսութեան նիստէն իր ակնկալութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի շեշտեց, որ երկխօսութիւնը կարեւոր է` նկատել տալով միաժամանակ, որ անիկա կարեւոր սկիզբ է եւ պէտք է շարունակուի, «սակայն չեմ կարծեր, որ երկխօսութեան իբրեւ արդիւնք կարելի պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան զարգացումներն ու անոնց նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ Նիւ Եորք կատարած իր այցելութեան ընթացքին յստակ դարձած է իրեն համար, որ Լիբանանով ոչ ոք հետաքրքրուած է, այլ` մտահոգութեան տեղի տուող հիմնական հարցերը շրջանային տագնապներն են, յատկապէս Սուրիոյ իրավիճակը:

Պատասխանելով Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խմբակին մասին հարցումի մը` վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ այդ խմբակին վրայ կարելի չէ մեծ յոյսեր ունենալ, որովհետեւ անոր զօրակցութիւնը բարոյական է:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ Լիբանան պէտք է շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարը եւ պահպանէ երկրին կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը, որպէսզի շրջանային տագնապներուն հետեւանքներէն նուազագոյն կերպով ազդուի:

Ան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ երկրին գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն աշխատանքներուն աշխուժացումը, շեշտելով, որ բաղդատած շրջանային այլ հարցերու, լիբանանեան տագնապին լուծումը համեմատաբար աւելի դիւրաւ կարելի է իրականացնել:

Նշենք նաեւ, որ վարչապետ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի հետ, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց Մինայի մէջ իրանցի ուխտաւորներուն մահուան առիթով:

 

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապ Ընդունեց Ապպաս Իպրահիմը

Յաջորդը

Առեւանգուած Բանակայիններուն Հարազատները Վերադարձան Փողոց

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.