Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան Ներկայացուց «Տիգրան Մեծ» Մենաթատրոնը` Մարմնաւորելով 14 Կերպարներ

October 5, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

abou-2_10-04-15

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ շաբաթ, 3 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ արուեստագէտ, հրապարակագիր եւ բանաստեղծ Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան` ներկայացնելով «Տիգրան Մեծ» մենաթատրոնը: Մարի Ռոզ Աբուսեֆեան, որ հեղինակն ու բեմադրիչն է «Տիգրան Մեծ» թատերգութեան, հիմնուած է Պերճ Զէյթունցեանի «Աստուծոյ 12 օրը» թատրոնին, հայոց պատմութեան եւ իր խոհերուն ու վերլուծումներուն վրայ:

Հանրաճանաչ արուեստագէտը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` յայտնելով իր ուրախութիւնը եւ ջերմ շնորհակալութիւնը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Ապա ինչ կը վերաբերի «Տիգրան Մեծ» ներկայացման ըսաւ, թէ ինչպէս այսօր, անցեալին ալ այս նոյն շրջանը գտնուելով պատերազմի մէջ դիմած է Տիգրան Մեծի օգնութեան, որ շուտով յաջողած է ազատագրել տարածքները եւ իր իշխանութիւնը հաստատել անոնց վրայ, ապա աւելցուց. «Ճիշդ է Տիգրան Մեծ չկայ այլեւս, որ շրջանը դուրս բերէ այս բարդ վիճակէն,  բայց կայ Տիգրանի շառաւիղ հայութիւնը»: Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան դիտել տուաւ, թէ ինչպիսի՜ հայրենասիրութեամբ ու հայրենապաշտութեամբ տոգորուած էր Տիգրան Մեծ: Ապա աւելցուց, որ Տիգրան Մեծի մասին այսօր քիչ տեղեկութիւններ հասած են մեզի եւ աւելի շատ օտար աղբիւրներու վկայութիւններ են անոնք, որովհետեւ քրիստոնէութեան մուտքէն ետք հեթանոսական շրջանին վերաբերող գրեթէ ամէն բան ոչնչացուած է: Ապուսեֆեան ըսաւ. «Ապրելով Միացեալ նահանգներու մէջ անկարելի է չմտածել քաղաքական հզօրութեան մասին, հետեւաբար` «Տիգրան Մեծ» թատերգութեան մէջ հիմնուած եմ առաւելաբար քաղաքական հզօրութեան գաղափարին վրայ»:

abou-1_10-04-15Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան յաջողութեամբ մարմնաւորեց պատմական 14 կերպարներ, ինչպէս`  Տիգրան Մեծ, Միհրդատ Եւպատոր, Միհրդատի դուստրը` Քլէոփաթրա, Ծաղրածու, Քրմապետ, գրագիր,  Լուկուլլոս, Կլաւտիոս, Տիգրան Մեծի որդիները` Զարեհ, Տիգրան եւ Արտաւազդ, Սօսի, Պոնտոսի պատուիրակ, Պատմիչ:

Ներկայացման առաջին իսկ պահէն կարելի չէր չնկատել զգացումներու այն հեղեղը, որ կը տարածուէր բեմէն ու կը լեցուէր հանդիսատեսին, հոգիին ու մտքին մէջ: Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան իր դէմքով, ձայնով ու խօսքով ոչ միայն գերեց հանդիսատեսը, այլ նաեւ ձուլեց զայն իր մարմնաւորած բոլոր կերպարներուն մէջ: Ներկաները մերթ ոգեւորուած, մերթ վիրաւոր ու ըմբոստ, աւելի քան երկու ժամ ապրեցան հայ ժողովուրդի ամէնէն արկածախնդրական ժամանակաշրջաններէն մէկը, ուր տիրողն էր ուժը, ուր կար ուժի պաշտամունքը ամէն բանէ աւելի:

Քաղաքական բնոյթ ունեցող այս մենաթատրոնին ընթացքին արտասանուած բոլոր խօսքերը պարզութեամբ կարելի էր համատեղել իրականութեան հետ:

Ազդու էր եւ ոգեւորիչ արքայից արքայ Տիգրան Մեծի կերպարը, որ դարերու խորերէն կարծես կը պատգամէր հզօրանալու, մայր հողին կառչելու եւ հայրենիքը ամէն գնով պահելու հրամայականը: Մարի Ռոզ Ապուսեֆեանի առաջ քշած գաղափարներէն  էր նաեւ այն, որ երկիրը իշխողներուն չի պատկանիր, այլ միայն սերունդներուն:

Ներկայացման աւարտին հանդիսատեսը ոտքի դիմաւորեց մեծ արուեստագէտ Մարի Ռոզ Ապուսեֆեանը եւ ծափողջոյններով իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց անոր` պատմական իրականութիւններու եւ գաղափարներու հիանալի եւ այժմէական շունչը վերարտադրող ներկայացման համար:

Նախորդը

«Էլեմընթ» Նուագախումբին Աննախընթաց Ելոյթը` Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

«Իրան Պատրաստ Է Համագործակցելու Եւրոպայի Հետ` Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին Մէջ» Կ՛Ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.