Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնականցի Արմենակ Եւ Երկիրներու Պարտքերը

October 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

i-kaghia_10-05-15

Մակար, ի Գաղիա

Կեդրոնականցի Արմենակ, շնորհիւ իր համակարգիչին, միայն հայկական հարցերով չի զբաղիր : Հետաքրքրութիւններ ունի: Ստեղները աջ եւ ձախ սեղմելով` գիւտեր կ’ընէ: Եթէ շարունակէ, շրջուն համայնագիտարան պիտի դառնայ:

Աշնան խաբուսիկ արեւ կար, երբ երկար ապրելու համար յանձնարարուած բոլոր դեղերը դեռ կուլ չէի տուած, Արմենակ եկաւ Էլպիսին հետ: Տերեւները չէին դեղնած:  Երբ խելառ ամպ մը անցնէր, ցուրտը կը յուշէր, որ ձմեռը դրան ետին է:

Արմենակ ըսելիքի պակասէ տառապող խմբագիրի չի նմանիր: Ներածական չ’ըներ: Իր խօսքին ընդունելի կամ անընդունելի ըլլալու հոգը չունի:

Էլպիս պոլսական տեսակաւոր ձէթով ճաշեր բերած էր:

Քաղաքավարական «պէտք չկար» մը ըսի, բայց գոհ էի:

Հիմա ո՞վ ժամանակ կը վատնէ այդպէս ճաշեր պատրաստելու համար:

Տիկինները «Սքայփ»-ով տիեզերական զրոյցներ կ’ընեն Լոս Անճելըս, Պոլիս, Նոր Զելանտա, Փարիզ, Նիւ Եորք: Քոյր, դրացի, հարս, տալ տարտղնուած են:

– Մակա՛ր, կը հետեւի՞ս աշխարհի եւ Հայաստանի տնտեսական կացութեան:

– Խելքս չի հասնիր, մանաւանդ երբ թիւերու ետին զերոները կը շատնան:

– Թերթը գրած է, որ մեր պզտիկ երկիրը հինգ միլիառ տոլար պարտք ունի:

– Կ’ըսեն, որ պարտքի դրամ կու տան հարուստներուն: Դրամ չունեցողին դրամատունը վարկ չի տար: Ուրեմն կացութիւնը լաւ է:

– Թերթը գրած էր, որ այս տարի այդ պարտքը աւելցած է 380 միլիոնով: Հայաստանի բնակիչը, նորածին, նուազագոյնով ապրող թոշակառու, 2.500 տոլար պարտք ունին:

– Մի՛ մտահոգուիր, Արմենա՛կ: Չունեցողին ի՛նչը կ’առնեն, ունեցողը արդէն ձեւը գիտէ չտալու: Հայաստանցիներ Զուիցերիա գումարներ ունին, «Կլենտէյլ» եւ «Նիցցա» տուներ ունին:

– Հայաստանով կը մտահոգուինք, գլխու պտոյտ կ’ունենանք մեծերու պարտքի թիւերը տեսնելով եւ կը մխիթարուինք:

– Ինչե՜ր տեսեր ես:

– Ֆրանսայի պէս մեծ եւ օրէնքով կառավարուող երկիր մը, քիչ առաջ 2089 միլիառ եւրօ պարտք ունէր: Հիմա աւելցած ըլլալու  է: Երկվայրկեան, որ կ’անցնի, պարտքը կ’աւելնայ 2665 եւրոյով…Իւրաքանչիւր բնակիչ, ծծկեր երեխայ, գործազուրկ, ծեր, կը ծնի 32.950 եւրօ պարտքով:

– Ուրեմն մենք հիմա, Մակարուհին եւ ես, 66 հազար եւրօ պա՞րտք ունինք:

– Մի՛ վախնար, ամերիկացի մը 48.000 տոլար պարտք ունի: Հոս ոչինչ, դուք ալ ոչինչ: Իւրաքանչիւր երկվայրկեան, որ կ’անցնի, Ամերիկայի պարտքը կ’աւելնայ 47.200 տոլարով, ամէն օր` 4 միլիառ:

– Արմենա՛կ, գիշերները քնաբեր դեղ կ’առնե՞ս: Թիւերը զիս անհանգիստ ըրին: Քու խելքդ կը հասնի, քեզ միջազգային դրամատան տնօրէն թող կարգեն: Ցարդ կը յուզուէիր Հայաստանի պարտքով: Այդ պարտքը հինգ միլիառ էր: Հիմա երբ գիտես, որ Ֆրանսայի պարտքը 2070 միլիառ է, դուն քեզ հանգիստ զգայ: Ֆրանսացին եթէ հանգիստ կը քնանայ, դուն ալ քնացիր: Ուրեմն Հայաստան ապահով երկիր է, գաղթելու կարիք չկայ:

– Հայաստան քեզ քարոզիչ եթէ ղրկեն, հրաշք կը գործես, եթէ լսող գտնես:

– Արմենա՛կ, դուն Ամերիկա շատ կ’երթաս կու գաս, հայաստանցիները ինչո՞ւ կ’երթան Ամերիկա: Գիտե՞ն, որ այր, կին, զաւակ, թոռ, բարի գալուստի համար 48 հազար տոլար պարտք պիտի ունենան:

Արմենակը եթէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար կարգեն, մարդիկ տէր կ’ըլլան երկրին, կ’աշխատին եւ լաւ կ’ապրին: Օդանաւի եւ զէնքի դրամով  լաւ կ’ապրին: Բանաստեղծի հայրենի երկրի կանչը չեն փոխարիներ լոսական հոսհոսական երազով®

Մինչեւ Հելսինքի, Օքլանտ:

Հայերը եւ աշխարհի գոյնզգոյն գաղթականները…

Աշնանամուտի գիշերահաւասար, 2015

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (5 Հոկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

ՀՄԸՄ Պէյրութ Բանակում 2015. Սկաուտական Համոզիչ «Աւարտաճառ»` Խարոյկին Շուրջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.