Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԷՐՏՈՂԱՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԳՈՒՄԱՐ ՏՈՒԱՒ, ՍԱԿԱՅՆ ՈՉ ԳՈՎԱԶԴ

August 24, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էրտողան` «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիրին հետ

Թրքական «Պիանեթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութեան առընթեր Մամլոյ մէջ յայտարարութիւններու հարցով կազմակերպութիւնը որդեգրած է որոշում մը, ըստ որուն, նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն պատկանող վեց թերթերու:

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Մարմարա», «Ժամանակ», «Ակօս», յունական «Ափոնմաթինի», «Իհօ» եւ հրէական «Շալոմ» թերթերուն թրքական պետութիւնը ընդհանուր առմամբ պիտի յատկացնէ 250 հազար թրքական լիրայի (շուրջ 140 հազար տոլար) նիւթական օժանդակութիւն:

Միեւնոյն ժամանակ Մամլոյ մէջ յայտարարութիւններու հարցով կազմակերպութիւնը անփոփոխ պահած է գործող այն օրէնքը, ըստ որուն, ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող թերթերուն էջերուն մէջ պաշտօնական վճարովի եւ գովազդային բնոյթի յայտարարութիւններ տեղադրելու իրաւունքը սահմանափակուած է:

«Պիանեթ» կ՛ընդգծէ, որ ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող թերթերուն գլխաւոր աջակցութիւնը պիտի ըլլար գովազդային յայտարարութիւններու հետ կապուած արգելքի վերացումը:

Յունական «Ափոնմաթինի» թերթի սեփականատէր Միհայիլ Վասիլիատիս ըսած է, որ իրենց թերթին ցուցաբերուելիք նիւթական օժանդակութիւնը բաւարար չէ անոր հրատարակման առնչուած խնդիրները յաղթահարելու համար: «Անշուշտ, ասիկա աջակցութիւն է: Սակայն այսպիսի գումարով կարելի չէ շարունակել թերթի լիարժէք գործունէութիւնը: Այդ գումարը պիտի օգնէ միայն թերթի գոյատեւման», ըսած է ան` նշելով, որ միայն այս տարի թերթին համար սեփական միջոցներէն ծախսած է 20 հազար թրքական լիրա (շուրջ 11 հազար տոլար):

Ըստ Թուրքիոյ մէջ գործող օրէնքին, պաշտօնական վճարովի եւ գովազդային բնոյթի յայտարարութիւններ տեղադրելու իրաւունքէն օգտուելու համար թերթը նախ պէտք է ըլլայ օրաթերթ, ունենայ առնուազն 8 էջնոց ծաւալ, աւելի քան 5 հազար տպաքանակ եւ խմբագրութեան մէջ պէտք է աշխատի առնուազն 7 մարդ:

Ինչ կը վերաբերի ազգային փոքրամասնութիւններու թերթերուն պետական ֆինանսաւորում յատկացնելու որոշումին, ապա ատիկա վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախաձեռնութիւնն է: Նախքան որոշումը տալը, Մամլոյ մէջ յայտարարութիւններու հարցով կազմակերպութեան ներկայացուցիչները հանդիպումներ ունեցած են վերոնշեալ թերթերու գլխաւոր խմբագիրներուն հետ: Քննարկուած հիմնական նիւթը գովազդներու տեղադրման արգելքի վերացումը եղած է:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական թերթերու ֆինանսաւորման հիմնական աղբիւրը համայնքն է:

 

 

Նախորդը

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԸ ԼԵԶԳԻՆԵՐՈՒՆ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՆ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՔԵՐԻՄՈՎ

Յաջորդը

ԴԵՍՊԱՆ ԺԷԱՐԱ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։