Ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախկին նախարար Ալեն Թապուրեան երէկ «Ախպար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրական հոսանքի տագնապին հարցը սկսած է ելեկտրական հոսանքի արտադրութեան կասեցման պատճառով` նկատել տալով, որ այդ հոսանքին արտադրութեան կասեցման պատճառն է քսան տարի շարունակ ներդրումներու չգոյութիւնը:
Ա. Թապուրեան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան տագնապին հարցը լուծելու համար պէտք է հիմնել ելեկտրական հոսանք արտադրող գործարաններ եւ մատչելի ու տրամաբանական գումարներ տրամադրելով արտադրել ելեկտրական հոսանք:
Ա. Թապուրեան շեշտեց, որ ելեկտրական հոսանքի Լիբանանի ներկայ պահանջը 2650 մեկաուաթ է` աւելցնելով, որ մինչեւ 2014 այդ պահանջը պիտի հասնի 3000 մեկաուաթի:
Թապուրեան ընդգծեց, որ անկարելի է 24 ժամ շարունակ ելեկտրականութիւն հայթայթել լիբանանցիներուն, եթէ կարելի չըլլայ ելեկտրական հոսանք արտադրող գործարաններուն բանեցման համար ներդրումներ ապահովել:


