Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրոցի Ճամբուն Վրայ

September 19, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մենք արդէն սկսանք ուղղուիլ դէպի դպրոց` մեր ծնողներուն ձեռքէն բռնած, քալելով, կամ դպրոցի փոխադրակառքով… Աշխարհին շուրջ միլիոնաւոր աշակերտներ նոյն ճամբան կը բռնեն, սակայն երբեմն` շատ իւրայատուկ միջոցներով:

Հնդկաստանի մէջ

tbrots-1_9-19-15

Երբ մենք կը լսենք «հանրային փոխադրակառք», վստահաբար չենք մտածեր հեծիկին մասին: Սակայն Հնդկաստանի մէջ հեծիկ քշողները կրնան մինչեւ տասներկու աշակերտ փոխադրել իրենց հեծիկով, որ յարմարցուած է դառնալու համար դպրոցական փոխադրակառք:

 

Ֆրանսական Կինէա

tbrots-2_9-19-15

Նոյնիսկ եթէ անոնք ապահով նաւակին մէջ նստած են, պզտիկ Կինէայի աշակերտները առանց վախի կ՛ուղղուին դէպի դպրոց` գետին հոսանքին հետեւելով:

 

Չինաստանի մէջ

tbrots-3_9-19-15

Չինաստանի Եունան նահանգի այս գիւղին մէջ աշակերտները զօրաւոր մկաններ պէտք է ունենան դպրոց կարենալ երթալու համար: Դրամի պակասի պատճառով շրջանին պատասխանատուները միջոցներ չունէին գիւղը փողոցէն բաժնող գետին վրայ կամուրջ մը շինելու համար: Հետեւաբար անոնք գետին վրայէն անցնող հաստ պարան մը նետած են, որպէսզի աշակերտները կարենան դպրոց երթալ: Սակայն բարեբախտաբար այս վիճակը երկար չէ տեւած, որովհետեւ պատասխանատուները կրցած են վերջապէս այդ կամուրջը շինել:

 

Թայլանտի մէջ

tbrots-4_9-19-15

Թայլանտի կարգ մը շրջաններու մէջ եթէ դուն դպրոց չես կրնար երթալ, հարց չէ, դպրոցը քովդ կու գայ: Այս շրջուն դպրոցը ստեղծուած է, որպէսզի Թայլանտի մեկուսացած գիւղերու մանուկներ գրել եւ կարդալ սորվին: Իսկ այս հեռաւոր շրջաններուն մէջ դպրոցի անհրաժեշտ առարկաները փոխադրելու համար ամէնէն լաւ միջոցը փիղն է:

 

Ֆրանսա

tbrots-5_9-19-15

Ֆրանսայի Քալվատոսի Սեն-Փիեռ-Սիւր-Տիվ շրջանին մէջ մարդիկ գտած են իւրայատուկ միջոց մը` դպրոց երթալու, առանց օդը ապականելու: Աշակերտները դպրոց կ՛երթան ձիակառքով:

 

Նորվեկիա

tbrots-6_9-19-15

Հիւսիսային բեւեռէն միայն 1000 քմ հեռու գտնուող Սվալպարտի կղզիախումբի դպրոցը աշխարհի ամէնէն հիւսիսը գտնուող դպրոցն է: Հոն շատ աւելի բեւեռային արջեր կան, քան` բնակիչներ, եւ դպրոց հասցնող ճամբան շատ վտանգաւոր է: Բոլոր աշակերտները գիտեն ինչպէ՛ս վարուիլ բեւեռային արջի մը դիմաց, կամ` ի՞նչպէս ընել ձիւնահիւսի պարագային:

 

Հետաքրքրական

Աշխարհի Ամէնէն Հին
Համալսարանը

hamalsaran_9-19-15

Աշխարհի ամէնէն հին համալսարանը, որուն դռները տակաւին բաց են, կը գտնուի Մարոքի մէջ:

Ֆաթիմա Ֆիհրի անունով կին մըն է, որ հիմնած է Քարաուիյին համալսարանը, 859 թուականին: Այս համալսարանը կը գտնուի Մարոքի Ֆես քաղաքին մէջ: Սկիզբը ան հիմնուած է իբրեւ մզկիթ: Սակայն 10-րդ դարէն սկսեալ ան դարձած է աշխարհի մէջ ուսման ամէնէն մեծ կեդրոններէն մէկը, ուր յաճախած են մեծ փիլիսոփաներ, թուաբանագէտներ:

1963 թուականէն ի վեր ան մտած է Մարոքի համալսարանական համակարգին մէջ:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Ֆրանսայի Էյֆել աշտարակը ամրան շրջանին 15 սմ կ՛երկարի, որովհետեւ տաքին ազդեցութեան տակ երկաթը կ՛ընդլայնի:

– Մժեղները մարմնի հոտին կը հետեւին իրենց ,զոհերըե գտնելու համար:

– Միացեալ Նահանգներու Մինըսոթա նահանգին Պարընվիլ քաղաքը օգոստոս ամսուան կը կազմակերպէ ,Գետնախնձորի օրերե փառատօնը, որուն ընթացքին կարելի է մասնակցիլ գետնախնձոր փորագրելու մրցումի, գետնախնձոր հաւաքելու եւ ճզմուած գետնախնձորի կռփամարտի:

– Ձմեռուկը կազմուած է 92 առ հարիւր ջուրէ:

 

anhavadali-1_9-19-15

– Կրանմա Մոզըս Ամերիկայի նշանաւոր գեղանկարիչներէն մէկն էր: Ան սկսած է գեղանկարել 70 տարեկանի շուրջ:

– 1752 թուականին Անգլիա իր սեպտեմբեր ամիսէն ջնջեց 11 օր:

anhavadali-2_9-19-15

– Սեպտեմբեր ամսուան Անգլիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Աշխարհի ծամածռութեան ախոյեանութիւնը: Առաջնութիւնը կը շահի դէմքի ամէնէն տգեղ արտայայտութիւն ընողը:

– 23 սեպտեմբեր 1846 թուականին գերմանացի աստղագէտի մը կողմէ գտնուած Նեփթիւն մոլորակը մեր արեւային դրութեան մէջ ամէնէն զօրաւոր փչող հովերը ունի, հոն հովերը կրնան փչել ժամական 2414 քմ. արագութեամբ:

– Երբ կարգ մը սեւ արջեր ձմրան քունի մէջ կը մտնեն, անոնց սրտի տրոփումը մէկ վայրկեանի մէջ 55-էն 9-ի կ՛իջնէ:

– Խնձորը կը պատկանի վարդի ընտանիքին:

 

Ինչո՞ւ

… Մենք մժեղներ կը տեսնենք ամառը:
Ապրելու եւ բազմապատկուելու համար մժեղները պէտք ունին տաքութեան եւ խոնաւութեան: Այս պատճառով է, որ անոնց թիւը շատ մեծ կ՛ըլլայ ամրան` գետերուն, լիճերուն, ջրակոյտերուն եւ ճահիճներուն մօտ: Երբ ձմեռը կը հասնի, անոնք կը քնանան` սպասելով ամրան օրերու վերադարձին:

… Արեւածաղիկները արեւուն կը հետեւին:
Բոյսերուն մեծ մասը լոյսի պէտք ունի ապրելու համար: Արեւածաղիկը շատ արագ կ՛աճի երբ փոքր է: Հետեւաբար այդ շրջանին ան շատ լոյսի պէտք ունի, եւ ան իր տերեւներն ու ծաղիկը կը դարձնէ դէպի արեւ` երկնքին մէջ անոր ընթացքին հետեւելով: Սակայն երբ արեւածաղիկը կը դադրի աճելէ, ան այլեւս չի շարժիր:

… Մրջիւնները շարքով, ետեւ-ետեւի կը քալեն:
Մրջիւնները ետեւ-ետեւի կը քալեն, որպէսզի չկորսուին: Երբ առաջին մրջիւնը մրջնանոցէն դուրս կ՛ելլէ, ան իր ետեւէն հոտ մը կը ձգէ: Այս ձեւով ան ճամբան ցոյց կու տայ, եւ միւս բոլոր մրջիւնները կը հետեւին այդ նոյն ճամբուն:

… Նորածինները ակռայ չունին:
Երբ մանուկները կը ծնին, անոնց ակռաները տակաւին բուսցնելու ժամանակ չեն ունեցած: Անոնք կամաց-կամաց պիտի կազմուին լինտերուն մէջ, ապա դուրս պիտի ելլեն մէկը միւսին ետեւէն, մօտաւորապէս 6-րդ ամիսէն սկսեալ: Սակայն երբեմն բացառութիւններ գոյութիւն ունին. օրինակի համար, կ՛ըսուի, թէ ֆրանսայի Լուի 14-րդ թագաւորը ծնած է երկու ակռայով:

… Միջատները լոյսի աղբիւրներու շուրջ կը դառնան:
Երբ միջատները կը թռչին իրիկունը մութին մէջ, անոնք իրենց ճամբան կը տեսնեն լուսինին շնորհիւ: Հետեւաբար երբ անոնք լոյս մը կը տեսնեն, ինչպէս` լուսամփոփ մը, կը կարծեն, թէ անիկա լուսինն է: Անոնք չեն կրնար իրենց ճամբան գտնել այդ լոյսին դիրքին հետեւելով, եւ կլոր-կլոր կը դառնան լոյսին շուրջ:

… «Ալօ» կ՛ըսենք, երբ հեռաձայնին կը պատասխանենք:
Կ՛ենթադրուի, թէ ան «հելօ» բառին աղաւաղուած ձեւն է: Անգլերէն այս բառը կը նշանակէ «բարեւ». անիկա կը գործածուի զիրար բարեւելու համար Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր շինուած են առաջին հեռաձայնները 19-րդ դարուն: Սակայն աշխարհին շուրջ ամէն մարդ «ալօ» չ՛ըսեր: Իտալացիները կը գործածեն «փրոնթօ», իսկ ճամբոնցիները` «մոշի մոշի»:

 

 Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել գորտին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել գորտին հասցնող ճամբան:
Կէտերը իրարու միացուր 1-96 ` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1-96 ` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Սեւով ներկէ մէկ կէտ պարունակող բաժինները` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Սեւով ներկէ մէկ կէտ պարունակող բաժինները` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու տախտակը` գտնելով թիւերուն համապատասխանող տեղերը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու տախտակը` գտնելով թիւերուն համապատասխանող տեղերը:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (19 Սեպտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Արցունք Եւ Արցունքոտութիւն Tear And Tearin

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.