Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Խաւարման-Լուսաւորման Միջանցքին

September 10, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

martyrs_9-09-15

Աւազամրրիկին ստեղծած անպատեհութիւնները դիմակայելու անպատրաստ կացութենէն մինչեւ նախագահական թափուր մնացած բարձրագոյն (ան) պատասխանատուութիւն կամ աղբահանման հիմնահարցէն մինչեւ ազգային երկխօսութեան նիստերու արդիւնքներուն շուրջ տիրող անորոշութիւն, անցնելով ելեկտրականութեան անլոյծ մնալէն, հասնելու համար երկրի կառոյցներուն եւ ենթակառոյցներուն կաթուածահարութեան, լիբանանցին կը տուայտի իրավիճակի անհեռանկարայնութեան պատճառով յառաջացած հետեւանքներու անյստակութեան մէջ:

Բացակայողը ազգ ու պետութիւն դառնալու կամքն է, առկայ են հատուածականն ու անձնականը գերադասելու մղումին գերակայութիւնը, արտալիբանանեան կեդրոններէ հեռակառավարուելու իրականութիւնը: Մինչ, կը տուժէ երկիրը, կը տկարանայ պետութիւնը, մեծ գին կը վճարէ քաղաքացին:

Քաղաքացիական հասարակութիւն ձեւաւորելու փորձեր են այն բոլորը, որ տեղի կ՛ունենան պահանջներու երկարաշարք ցանկի մը առաջադրանքով, ուր քաղաքացիականն ու քաղաքականը, ազգայինն ու կենցաղայինը իրար խառնուելով կ՛ընդգծեն ամէն ինչ` տարրական ու կենսական խնդիրներէն մինչեւ երկրի բարձրագոյն պատասխանատուութեան ստանձնումը, համայնքային դրութեան ջնջումէն մինչեւ բնական պաշարներ ու օգտագործման անյետաձգելիութիւնը:

Լիբանանը կ՛երերայ անհամաձայնութիւններու, անդամալոյծ հաստատութիւններու, պետական եւ հասարակական կեանքի բնազդային մղումով շարունակման իրականութեան եւ մանաւանդ անորոշութեան մթնոլորտին մէջ:

Աննպատակ շրջագայութեան մը հետ համեմատուող այս ընթացքը կանգ առնելու եւ դէպի ճիշդ մեկնակէտ ետդարձ կատարելու նախադրեալներ ցոյց չի տար տակաւին: Ցոյցերը կը շարունակուին, աղբերը կը կուտակուին. պահանջները կը բարձրաձայնուին, հարցերը կը մնան անլոյծ. բախումներ կ՛արձանագրուին իրաւապահ մարմիններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ, հրահրումներն ու ուժի անհամաչափ կիրարկումները վերստին արձանագրուելու խոստումներ կը բարձրաձայնեն: Ելեկտրականութեան կեդրոններու դիմաց բողոքի գործողութիւններ կը կազմակերպուին, հոսանքը կը շարունակուի ընդհատուիլ նոյն կշռոյթով:

Հարցերը ոչ միայն չեն լուծուիր, այլ նոր հարցեր կը կուտակուին հիներուն վրայ` գահավէժ ընթացք մը ցոյց տալով հետագայ իրադրութիւններուն: Եւ լիբանանցիները, սկսեալ պետական շրջանակներէն, անցնելով քաղաքական ուժերէն, հասնելով քաղաքացիներ, բոլորը կ՛ակնկալեն, որ Լիբանանէն դուրս, կոճակները սեղմուին եւ համաձայնութիւնը գոյանայ. ընդհանուր համաձայնութիւն մը, որ կայծակնային արագակշռութեամբ ընտրել տայ հանրապետութեան նախագահ, անմիջապէս լուծէ աղբերու հարցը, արդիւնաւէտ աշխատցնէ պետական հաստատութիւնները, ապահովէ քսանչորսժամեայ դրութեամբ ելեկտրականութիւնը եւ լուսաւորէ մայրիներու երկիրը:

Ահա այստեղ է ողբեգրութիւնը: Համակ Լիբանանը անձկութեամբ կը սպասէ Լիբանանէն դուրս վառուող կանաչ լոյսերուն եւ սեղմուող կոճակներուն: Ամբողջ Լիբանանը կոճակներու սեղմումով պիտի լուսաւորուի. ուրեմն նոյն կոճակներու սեղմումով ալ շատ արագ պիտի խաւարի:

Լուսաւորում-խաւարում կոճակային գործողութեան դրուածքէն դուրս գալու տրամադրութիւնը ցարդ չ՛երեւիր Լիբանանի պետութեան, քաղաքական դաշտին եւ քաղաքացիական հասարակութեան մէջ:

Ճակատագիրը ինքնուրոյն որոշելու քաղաքական կամքն է, որ համալիբանանեան ներկայ ճգնաժամէն դուրս կրնայ առաջնորդել գահավիժող երկիրը իր պետութեամբ ու ժողովուրդով: Ազգակերտման հրամայականը կը թուի, որ մեծ ու անհասանելի օրակարգ է Լիբանանին համար:

Տարածաշրջանի բռնկուած համապատկերին մէջ Լիբանանը, որ դարձեալ արտաքին որոշումներու իբրեւ արդիւնք մինչեւ հիմա կը մնայ չկլանուած զինուորաքաղաքական փոթորիկներուն մէջ, պահը ճիշդ օգտագործելու բոլոր պատճառները ունի:

Ցոյցերու եւ երկխօսութեան միջանցքին` կոճակները պէտք է սեղմուին լիբանանցիներո՛ւն կողմէ, Լիբանանի՛ ապագային համար: Եւ այդ պարագային նոյնքան արագակշռոյթ` խաւարումէն դէպի լուսաւորում անցում կը կատարէ այս երկիրը:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահին Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Հայաստանի Մէջ Ֆիլիփեան Կղզիներու Նոր Նշանակուած Դեսպանը

Յաջորդը

Եուրօ-2016. Առաւելագոյն 24 Կէտը Ապահոված Անգլիա Դէպի Աւարտականներ. Իսլանտա, Չեխիա Եւ Աւստրիա Եւս Ապահովեցին Ֆրանսայի Իրենց Տոմսերը

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.