Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տագնապներու Լուծման Առաջադրանքներու Հասունացման Սպասումով. Հրատապ Հարցերը Կը Դառնան Համատարած, Մինչ Փրկարար Քուլիսային Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին Զուգահեռաբար

August 21, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

alik_8-20-15

Այն միջոցին, երբ շրջանի տագնապներուն գծով լուծման զանազան առաջադրանքներ կ՛արծարծուին եւ այդ ծիրին մէջ արձանագրուող յատկապէս քաղաքական ու դիւանագիտական իւրաքանչիւր քայլ յոյսի նոր նշոյլ կ՛աւետէ, լիբանանցիք իրենց կարգին կը սպասեն արմատական լուծման նախաձեռնող շինիչ քայլերու: Փաստօրէն, սակայն, հաստատ իրողութիւն է, որ երկրին հրատապ հարցերը օրըստօրէ, եթէ ոչ ժամ առ ժամ, ձիւնագնդակի նման կը ծաւալին ու հետզհետէ կը ստանան համալիբանանեան, համատարած բնոյթ: Այլ խօսքով, աղբակոյտերու թնճուկն ու անոնց հրկիզումով  յառաջանալիք առողջապահական վտանգները կը մտահոգեն Լիբանանի բոլոր հատուածները, նոյնիսկ անոր սուրիացի թէ այլ «հիւրերը»: Նմանապէս, ելեկտրական հոսանքի հասկնալի, բայց ոչ ընդունելի յաճախակի ընդհատումը կը մթագնէ բոլոր շրջանները: Ընկերային-աշխատաւորական եւ ինչու չէ կրթական պահանջներու շարքը կը սպառնայ նոյնիսկ նախքան վերամուտի սեմին ողողել լիբանանեան խաւերու մեծ մասը:

Տակաւին` մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներու հոսքին բերումով  ստեղծուող ընկերային, տնտեսական եւ ապրուստի, յատկապէս` անգործութեան տագնապները կը խոցեն գրեթէ ամբողջ երիտասարդութեան բարգաւաճումի յոյսերը: Այս բոլորը գաղտնիք չեն այլեւս, հետզհետէ կը բացայայտուին անոնց տուն տուող պատճառներուն ծալքերը: Ա՛յս ըսել կ՛ուզէր երէկ տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմ իր այն յայտարարութեամբ, թէ 48 ժամէն աղբերը կրկին պիտի ողողեն մեր փողոցները:

Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան իր կարգին երէկ կը մերկացնէր փտածութեան մէկ այլ երեսը` պիւթակազի շիշերու նորոգութեան շահարկման հարցը: Նմանօրինակ հարցերու ծալքերուն կծիկը կարելի է «քակել» տակաւին` սպասելով փրկարար լուծումներու հասունացման: Արդարեւ, լիբանանեան նոյնիսկ հակադիր կողմեր իրազեկ են այս իրողութեան եւ իւրաքանչիւրը հարցը կը ներկայացնէ ու կը մեկնաբանէ իր դիտանկիւնէն, լուծման իր առաջադրանքները կը ներկայացնէ: Այս իմաստով կարելի է ըմբռնել, օրինակ` նախարար Պութրոս Հարպի` կառավարութեան աշխատանքները պոյքոթի ենթարկելը… Նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի կոչը` «փրկելու լիբանանեան հանրապետութեան շէնքը, նախքան որ անիկա փլուզուի բոլորին գլխուն վրայ»: Այս բոլորին տոկալու եւ տիրապետող յոռետեսութիւնը յաղթահարելու  գլխաւոր դեղն ու դարմանը  հաւանաբար յոյսն ու հաւատքն է: Հաւատք, թէ ամէն հարց ուշ կամ կանուխ պիտի ստանայ իր բնականոն ընթացքը եւ յոյս` բացայայտ թէ քուլիսային յամառօրէն շարունակուող  խաղաղարար ճիգերը անպայման որ պիտի յանգին բարենպաստ արդիւնքներու: Ա՛յս ակնկալութիւններով կարելի է հետեւիլ  վարչապետ Սալամի  ուղղութեամբ «չհրաժարելու եւ երթը շարունակելու» գծով  տարուող ճիգերուն եւ թելադրանքներուն:

Նոյն յոյսերով  համայն լիբանանցիք ու յատկապէս առեւանգեալ զինուորականներուն ծնողները, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարակարծիք կողմեր կը հետեւին  Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի փրկարար մագոգային, բայց յամառ ճիգերուն: Նմանապէս` իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, Միշել Աուն-Նեպիհ Պըրրի, ինչպէս նաեւ Միշել Աուն-Սլէյման Ֆրենժիէ գիծերուն ուղղութեամբ մօտալուտ մերձեցումներ խիստ հաւանական կը նկատուին` մեկնելով այս գծով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հովանաւորութեամբ եւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի յարաճուն ճիգերու խաղաղարար նախաձեռնութիւններէն:

Նախորդը

Խորհրդարանի Նախագահին Հետ Քննելով Այժմու Իրավիճակը` Ֆայսալ Քարամէ Այսօր Պիտի Յայտարարէ Իր Կեցուածքը Թրիփոլիի Աղբակոյտերուն Եւ Ելեկտրականութեան Ընդհատման Գծով

Յաջորդը

Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Այս Տարուան Առաջին 7 Ամիսներուն Աճած Է 4,2 Առ Հարիւրով

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.