«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը ներկայացուցած է երկրի ընկերային-տնտեսական վիճակը բնութագրող նախնական հիմնական տնտեսական ցուցանիշները, ըստ որոնց, Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը յունուար-յուլիս 2015-ին 4,2 առ հարիւրով գերազանցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին ցուցանիշը: Անկում արձանագրուած են ներքին եւ արտաքին առեւտուրի շրջանառութեան մարզերուն մէջ:
Շինարարութեան ծաւալը աճած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ` 0,4 առ հարիւրով: Ելեկտրականութեան արտադրութեան ծաւալը եւս աճ արձանագրած է` 1,9 առ հարիւրով: 2014-ի յունուար-յուլիսի համեմատ ընթացիկ տարուան մէջ ծառայութիւններու ծաւալը (առանց առեւտուրի) աճած է 2,4 առ հարիւրով, իսկ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրութեան ծաւալը երկնիշ աճ արձանագրած է` 14,8 առ հարիւր:
Առեւտուրի շրջանառութիւնը նուազած է 4,7 առ հարիւրով եւ կազմած 1 եռիլիոն 221 միլիառ 339,1 միլիոն դրամ: Արդիւնաբերական արտադրութեան ծաւալը 2014-ի յունուար-յուլիսի համեմատ աճած է 4,1 առ հարիւրով: Սպառողական գիներու ցուցանիշը աճած է 5 առ հարիւրով: Միջին ամսական անուանական աշխատավարձը աճած է 9,9 առ հարիւրով (179 հազար 963 դրամ): Արտաքին ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները 2014-ի յունուար-յուլիսի համեմատ նուազած են 24 առ հարիւրով (2 միլիառ 520,8 միլիոն տոլար): Արտածումը նուազած է 4,4 առ հարիւրով (809,3 միլիոն տոլար), իսկ ներածումը` 30,7 առ հարիւրով (1 միլիառ 711,5 միլիոն տոլար):
Դրամի փոխարժէքը ամերիկեան տոլարին նկատմամբ յունուար-յուլիսին եղած է 476,93: