Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Սեւծովեան Ժողովին

August 4, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

yerid_8-03-15

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Սեւծովեան շրջանի համագործակցութեան հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ 31 յուլիս, 1-2 օգոստոս 2015-ին` Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ:

Ժողովին կը մասնակցէին մօտ 30 պատուիրակներ: ՀՅԴ Երիտասարդականը կը մասնակցէր մէկ ներկայացուցիչով` Կարապետ Շատոյեան:

Ժողովի հիմնական օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին «Ինչպէ՞ս կրնանք  հասարակութիւններուն մէջ փոփոխութիւն յառաջացնել» եւ  «Խաղաղութեան հաստատում եւ տագնապներու կառավարում ընկերվար-ժողովրդավարական տեսանկիւնէն»:

Ժողովին կը մասնակցէր Եւրոպայի ընկերվարականներու  կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Մարիէ Լաֆեպերը, որ ելոյթներ ունեցաւ քննարկուող երկու նիւթերուն շուրջ:

Այլ զեկուցաբերներու շարքին, ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը հանդէս եկաւ «Ինչպէ՞ս կրնանք  հասարակութիւններուն մէջ փոփոխութիւն յառաջացնել աւելի լաւ ապագայ կերտելու համար» նիւթին մասին, մասնաւորապէս նշելով, որ «յետխորհրդային հասարակութիւններուն մէջ ընկերվարութիւն բառն իսկ կը յառաջացնէ զգուշաւորութիւն, որովհետեւ անիկա կը նոյնացուի խորհրդային ժամանակաշրջանի համայնավարութեան հետ: Լուծման տարբերակներէն մէկը ընկերվարական միջազգային կազմակերպութիւններու աւելի ընդարձակ աշխատանքները կրնան ըլլալ նշեալ հասարակութիւններուն մէջ, ուր երիտասարդութիւնը կարելիութիւն կ՛ունենայ ծանօթանալու ընկերվարական իրական արժէքներուն եւ մօտեցումներուն»:

Պատուիրակները առիթ ունեցան այցելելու Վրաստանի խորհրդարան եւ  «Վրացական երազանք» կուսակցութեան գրասենեակ, ուր հանդիպում ունեցան կուսակցական եւ պետական պատասխանատուներուն հետ` քննարկելով շրջանային հարցեր: Հանդիպումներուն ընթացքին ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը նշեց, որ «Վրաստանը տարբեր մարզերու մէջ կը գործակցի Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, ինչ որ պէտք չէ ազդէ հայ-վրացական փոխյարաբերութիւններու եւ Վրաստանի մէջ  ապրող հայութեան իրաւունքներուն վրայ»: Ի պատասխան, վրացական կողմը վստահեցուց, որ «իրենց համար կարեւոր է Հայաստանի հետ լաւ յարաբերութիւնը եւ յատկապէս այդ յարաբերութիւններուն  զարգացումը»:

Պատուիրակները այցելեցին Թիֆլիսի տեսարժան վայրեր:

 

 

Նախորդը

Ըստ Թուրք Երեսփոխանի Մը. «Թուրքիոյ Մէջ ՀՅԴ-ի Առաքելութիւնը Շարունակողներ Կան»

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Պարգեւատրեց Համահայկական Ամառնային Վեցերորդ Խաղերու Կազմակերպիչները

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.