Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Առաջին Քիւրտիստանը Պիտի Հիմնուի Թուրքիոյ Տարածքին Վրայ» Կ’ըսէ Էտիպօղլու

August 4, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մեհմեթ Ալի Էտիպօղլու
Մեհմեթ Ալի Էտիպօղլու

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն նախկին երեսփոխան Մեհմեթ Ալի Էտիպօղլու յայտարարած է, որ չեն կրնար ըսել, թէ Թուրքիան տակաւին որքա՛ն պիտի կարենայ դիմակայել Արեւմուտքին, սակայն այն, որ Քիւրտիստանի առաջին պետութիւնը պիտի հիմնուի Թուրքիոյ տարածքին մէջ, հաստատ է:

Թրքական «Ենիչաղ» թերթը կը հաղորդէ, որ Էտիպօղլու նկատած է, որ Արեւմուտքը փոխած է Իրաքի մէջ քրտական պետութիւնը ստեղծելու իր ծրագիրը, եւ այժմ կ’ուզէ այդ պետութիւնը հիմնել Թուրքիոյ տարածքին մէջ:

«Իրաքի մասնատման ծրագիրը յետաձգուած է: Իրաքի քրտական շրջանը եւ կեդրոնական կառավարութիւնը պիտի հաշտուին: Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) դարձած է Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի քիւրտ դաշնակիցը: ՕԹԱՆ-ը Թուրքիան զգուշացուցած է չռմբակոծել ՔԱԿ-ի` Քանտիլի մէջ գտնուող ճամբարները: Չենք գիտեր, թէ Թուրքիան տակաւին ինչքա՛ն պիտի կարենայ դիմակայել Արեւմուտքին: Ծրագիրը փոխուած է: Քիւրտիստանի պետութիւն պիտի հիմնուի, եւ այն ալ` Թուրքիոյ տարածքին վրայ», ըսած է ան:

«Իրանի հետ Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք Թուրքիան յայտնուած է խաղէն դուրս վիճակի մէջ: Լիբանանեան Հըզպալլա կազմակերպութիւնը, Իրաքի կեդրոնական կառավարութիւնն ու Իրանը պիտի ոչնչացնեն ՏԱՀԵՇ-ը: Եւ ատիկա, նոյնիսկ, արդէն սկսած են», նշած է Էտիպօղլու:

Միւս կողմէ, «Տեմոքրաթհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանը պատերազմի սկսած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան դէմ:

«Պետական կառոյց «Թէ.Ռէ.Թէ.»-ն, որ ըստ օրէնսդրութեան պէտք է անկողմնակալ ըլլայ իր հաղորդումներուն մէջ, որդեգրած է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը վերացնելու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան քաղաքականութիւնը եւ հանդէս կու գայ կուսակցութեան դէմ հրապարակումներով: «Թէ.Ռէ.Թէ.»-ն, որ օրէնքին համաձայն, պէտք է հաւասար մօտեցում ցուցաբերէ հանրութեան բոլոր շերտերուն նկատմամբ, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարներու յայտարարութիւններուն տեղ չի տար, կը հեռարձակէ միայն այդ կուսակցութեան դէմ իշխանութիւններուն քննադատութիւնները` հանրութեան մօտ բացասական կարծիք ձեւաւորելով քրտական խորհրդարանական կուսակցութեան նկատմամբ», նշած է «Տեմոքրաթհապեր»:

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթն ալ այդ առնչութեամբ կը յայտնէ, որ իշխող կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հանրահաւաքներուն մասնակցութիւնը «յանցագործութիւն» է, իսկ այդ կուսակցութեան ընտրական գործունէութիւնը` «ահաբեկչական կազմակերպութեան գործունէութիւն»:

Մինչ այդ, «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան արեւելեան հատուածներուն մէջ վերջին շրջանին արձանագրուած բախումներուն պատճառով տեղական իշխանութիւնները երկրի շարք մը շրջաններ յայտարարած են իբրեւ «յատուկ անվտանգութեան գօտի»:

Աղրը (Արարատ) նահանգը 15 օրով «ժամանակաւոր զինուորական անվտանգութեան գօտի» յայտարարած է Արարատ եւ Թոնդրակ լեռներու տարածքը:

4-19 օգոստոսին, «յատուկ անվտանգութեան գօտի» յայտարարուած է նաեւ Թունջելի նահանգի շարք մը գաւառներու մէջ:

Նախապէս Քիլիսի նահանգապետարանը եւս մէկ շաբաթով «յատուկ անվտանգութեան գօտի» յայտարարած էր սահմանային չորս շրջաններու մէջ:

Նախորդը

Ըստ ՄԱԿ-ի. Յառաջիկայ 50 Տարուան Մէջ Հայաստանի Բնակչութիւնը Պիտի Կրճատուի Գրեթէ Մէկ Միլիոնով

Յաջորդը

«Վեցեակին Հետ Համաձայնութիւնը Պիտի Օգնէ Եմէնի Եւ Սուրիոյ Տագնապին Լուծման» Կ’ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.