«Մարքա» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս (Քոսթա Ռիքա) կրնայ միանալ Մանչեսթըր Եունայթըտին:
Սակայն անոր փոխանցումը կապուած է Մանչեսթըր Եունայթըտի սպանացի բերդապահ Տաւիտ Տէ Ժէայի հակառակ ուղղութեամբ մեկնելուն հետ:
Մինչ Ռէալ Մատրիտ Տէ Ժէան ձեռք ձգելու համար կ՛առաջարկէ Նաւասին, անդին անգլիական ակումբը կը պահանջէ Սերճիօ Ռամոսը:
Երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին:


