Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի խստիւ դատապարտեց ոմանց կողմէ փողոց իջնելու  սպառնալիքները եւ հարց տուաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին, որ եթէ Շամել Ռուքոզ բանակի հրամանատարութեան թեկնածու չըլլար, ան փողոց իջնելու մտադրութիւն կ՛ունենա՞ր:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է շարունակէ իր աշխատանքը` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն փողոցին մէջ տեղի ունենալիք շարժումը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ օրէնքը կը պաշտպանէ քաղաքական գործը եւ որեւէ խաղաղ ցուցական արարքի հետ հարց չկայ, որովհետեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ է:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ հաստատեց, որ իրեն համար կարեւորը խորհրդարանի օրէնսդրական նիստերու արտակարգ նստաշրջանի մը սկսիլն է:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի իրաւասութիւններուն մասին արտայայտութիւնները կ՛արծարծուին քաղաքական շանթաժի շրջագիծին մէջ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն խորհրդարանի օրէնսդրական նիստերու արտակարգ նստաշրջանի մը սկսիլ, բայց եւ այնպէս փողոց իջնելու տրամադրութիւն չունին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններէն դժգոհ է` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութեան նկատմամբ անոնց ցուցաբերած լռութեան պատճառով:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ լիկայի ընդհանուր քարտուղար Զահեր Խաթիպ շեշտեց, որ ազգային պարտականութիւնը կ՛ենթադրէ Սուրիոյ զօրակցիլ` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ, երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ բոլոր ուժերը պէտք է համոզեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը, որ վերջ տայ իր անպատասխանատու արարքներուն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա իր դաշնակից քաղաքական ուժերուն հետ խորհրդակցութիւններ կը կատարէ` տիրող քաղաքական լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դաշնակից ուժերը իրենք զիրենք կ՛ուզեն  զերծ կացուցել փողոց իջնելու շարժումէն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղազի Արիտի անհրաժեշտ նկատեց խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջանի մը սկսիլ, որպէսզի Լիբանան միլիառաւոր տոլարներու գումարներ չկորսնցնէ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ ազգային համագործակցութեան եւ քրիստոնեայ տարրին պաշտպանութեան պայքարը սկսած է:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Ալի Ապպաս Պանտար Ամիրիի հետ հանդիպելէ ետք յայտնեց, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ հողին վրայ է, որ Արեւելքի ճակատագիրը կը գրուի:

 

 

 

Նախորդը

Փութին Օպամային Վերահաստատած Է Սուրիոյ Հարցով Ռուսիոյ Կեցուածքը

Յաջորդը

Միւֆթի Տըրիան Յայտնեց, Որ Կառավարութեան Այլընտրանքները Քանդումն Ու Քաոսն Են

RelatedPosts

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ  Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը

October 12, 2026
«Հըզպալլան Իրանէն  200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ»  Կ՛ըսէ Փիկըթ
Լիբանանեան

«Հըզպալլան Իրանէն 200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ» Կ՛ըսէ Փիկըթ

October 12, 2026
«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան  Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ,  Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ  Իսկական Տեղ Ունենան»  Կ՛ըսէ Պայրագտարեան
Լիբանանեան

«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ, Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ Իսկական Տեղ Ունենան» Կ՛ըսէ Պայրագտարեան

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.