Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Բանակի Սպայակոյտը Պիտի Գումարէ Ժողով Մը` Քննարկելու Համար Սուրիոյ Մէջ Միջամտութեան Կարելիութիւնը

July 6, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-05-15_Turkey«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտը Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ տեղակայուած իր ուժերուն հրամանատարները կանչած է Անգարա` մասնակցելու համար ժողովի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան կարելիութիւնը:

Թուրքիոյ բանակի ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր. Հուլուսի Աքար եւ 2-րդ բանակի հրամանատար զօր. Ատեմ Հուտութի անցեալ շաբաթ այցելած էին Սուրիոյ հետ սահման:

Այս շաբթուան ընթացքին տեղի ունենալիք ժողովին պիտի մասնակցին նաեւ Պոլու եւ Կեսարիա նահանգներուն մէջ տեղակայուած թրքական մասնայատուկ ուժերու հրամանատարները, որպէսզի անոնց հետ անձնապէս քննարկուին այդպիսի գործողութեան մը գործադրութեան մանրամասնութիւնները:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու թէեւ անցեալ շաբաթ յայտնեց, որ Սուրիա զինուորական միջամտութեան «անմիջական ծրագիրներ գոյութիւն չունին», սակայն թրքական բանակը վերջերս Սուրիոյ հետ սահմանի երկայնքին յաւելեալ զօրքերու սպառազինութիւն տեղակայեց: Ներկայիս Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ տեղակայուած են 54 հազար թուրք զինուորներ, ինչ որ Թուրքիոյ ցամաքային ուժերու շուրջ 15 առ հարիւրը կը կազմէ:

Յիշեցնենք, որ Անգարա շրջանառութեան մէջ դրած է Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտիի մը ստեղծման գաղափարը:

Ուաշինկթըն ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Գործողութիւններուն
Մէջ Թրքական Ռազմակայաններէն Օգտուելու
Արտօնութիւն Կը Պահանջէ

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պաս ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միացեալ գործունէութիւնը շարունակելու վերաբերեալ թուրք պաշտօնատարներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին համար Թուրքիայէն կը պահանջեն արտօնութիւն տալ իրենց զինեալ ուժերուն օգտուելու Ինճիրլիքի եւ Տիգրանակերտի զինուորական օդակայաններէն:

«Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանին վրայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միացեալ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ պահանջները սուրիական քրտական Ժողովրդավարական միութեան կուսակցութեան զինեալներուն հասցնելու համար անհրաժեշտ է, որ Անգարան ամերիկեան բանակին արտօնութիւն տայ օգտուելու Ինճիրլիքի եւ Տիարպեքիրի ռազմակայաններէն: Այդ պարագային մենք աշխուժ օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերենք այդ գործողութիւններուն մէջ Թուրքիոյ աջակցող ուժերուն: Թուրքիոյ Ճարապլուս ներխուժելը քաղաքային պատերազմ կը նշանակէ, ինչ որ խիստ վտանգաւոր է: Անհրաժեշտութեան պարագային, Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութեան գալու միջոցով Անգարա կրնայ օգտուիլ սահմանէն 15 քիլոմեթր խորութեամբ ահաբեկիչները հետապնդելու իրաւունքէն», ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը:

 

Նախորդը

Վիեննայի Մէջ Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներու Մեղմացման Նախնական Համաձայնութի՞ւն Գոյացած Է

Յաջորդը

Յոյն Քուէարկողները Մերժեցին Վարկատուներուն Պահանջները

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.