Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Յունիս 1965)

June 16, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ատանայի Ողբերգութենէն

Հերոս Հելլենուհի Մը

Աթէնքի մեր պաշտօնակից «Ազատ օր» այս յուզիչ եւ իսկապէս հերոսական դրուագը թարգմանած է Ք. Ֆ. Սքոքոսի 1910-ի տարեգիրքէն, որ ազնուօրէն իր տրամադրութեան տակ դրած է ցարդ անծանօթ մնացած` հերոս հելլենուհի, մեծ մարդասէր եւ հայասէր Փիփինա Արթեմիի թոռնուհին` տիկին Փոլիխրոճի:

Մարդկային ո՞ր խիղճը չցնցեց 1909 ապրիլին Կիլիկիոյ Ատանա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ, աներեւակայելիօրէն ահաւոր ողբերգութիւնը: Պատմութիւնը` ապշահար, զայն ամենամութ ու գարշելի գոյներով պիտի արձանագրէ եւ յետնորդներու անաթեմիային (նզովքին) պիտի յանձնէ` իբրեւ դարուս ամէնէն եպերելի խարանը:

Քսան հազար հայեր` այր, կին, ծեր, երիտասարդ, տղայ, մանուկ, ջարդուեցան ամէնէն գազանային կերպով, մոլեգնած թուրք խուժանին կողմէ, որ հայկական թաղամասը քարիւղով օծելէ եւ բոցերուն յանձնելէ ետք, հրդեհի մոլեգնութենէն ճողոպրած զոհերը սուրէ անցուց, յափշտակումի եւ թալանի անձնատուր եղաւ` շուրջբոլորը մահ եւ սարսափ սփռելով: Օրեր ու գիշերներ շարունակ կը լսուէին ողբերն ու հեծեծանքները զոհերուն ու Սարոս գետը` անմեղներու արիւնով կարմրած, հեռուն, դէպի ծով կը տանէր ահատեսիլ եւ անկերպարան դիակներ:

Ջարդի եւ աղէտի տեսարաններուն մէջէն ահա՛ կը ցցուի կնոջական դէմք մը` իբրեւ սփոփարար հրեշտակ, պաշտպան ու փրկիչ:

Յարգելի ալեհեր տիկին Փիփրինա Ռ. Արթեմին է ան:

Իր իշխանական տունը կը գտնուի սկիզբը հայկական թաղամասին, որուն վրայ կ՛իշխէ իր պատկառազդու զանգուածով: Կը գործածուի նաեւ իբրեւ ռուսական հիւպատոսարան, զոր կը վարէ իր զաւակը` Եուաննիս:

Աղէտի դեւը շուրջը սարսափ ու գլխապտոյտ կը սփռէ: Խուճապը փախուստի կը մատնէ ամէնքը: Խելացնոր կը փախչին ամէնքը` փրկութեան ապաստան փնտռելով մոլուցքէն արիւնածարաւ մարդ-գազաններուն, որոնք վարը, ճամբուն վրայ կ՛աղաղակեն: Վտանգը կը սպառնայ իր կեանքին ալ: Մինակ է մեծ ջարդին օրը: Մինակ` երկու սպասաւորներու եւ երկու սպասուհիներու հետ: Տղան կը բացակայի, Մերսին կը գտնուի: Բայց չի հեռանար հերոս պառաւը: Իր փրկութեան մասին չի՛ մտածեր: Իր սիրտը կ՛արիւնեն ու կտոր-կտոր կ՛ընեն ողբերն ու հեծեծանքները ջարդուող հայերուն, որոնց թաղամասը կցուած է իր տան մեծ շրջափակին: Օ՜, եթէ կարենար փրկել խեղճ արարածներ, անոնց պաշտպանութեան համար անթափանց  զրահ ընել իր տկար կուրծքը, որ այդ պաշտօնական պահուն կը թրթռար այլասիրութեան եւ ինքնազոհողութեան սուրբ տրոփներով:

* * *

Յանկարծ լուսաւոր գաղափար մը կը լուսաւորէ անձկութեան մատնուած իր հոգին: Եւ սպասաւորներուն կը հրամայէ, որ տան ետեւի շրջափակի պատին վրայ անտեսանելի պզտիկ ծակ մը փութան բանալ գաղտնօրէն: Ու քիչ ետք մեծ մարդասէրի յարկին տակ ապաստան կը գտնեն չորս հազար կիներ ու տղաք, որոնց ժամէ ժամ կը սպառնային կրակն ու դանակը:

Բայց դուրսէն եղելութեան կ՛անդրադառնայ վայրագ խուժանը: Կը տեսնէ, որ որսը խոյս կու տայ ու կ՛ընդվզի, եւ արեան ծարաւը աւելի կը կատղեցնէ զայն: Քիչ կը մնայ, որ խորտակէ դուռը: Եւ այն ատեն աղէտը ներս պիտի խուժէ անզուսպ կերպով: Բայց համբերատար տիկինը կ՛ընդդիմանայ անվեհեր: Ամէն ինչ կ՛արհամարհէ: Մէկ ձեռքը յունական ու միւս ձեռքը ռուսական դրօշակները բռնած` մինակը պատշգամ կ՛ելլէ: Կորովի կերպով կը կենայ այսահար խուժանին դէմ: Կը բողոքէ, անոնց կոչ կ՛ընէ, կը պաղատի:

Թուրքերը զայն կը ճանչնան: Անոնց համար միշտ յարգելի հիւպատոսուհին է: Մինչեւ երէկ իր անունը յարգանք կը պարտադրէր: Անցած ատենը` ամէնքը ճամբայ կը բանային: Բայց հիմա՞: Իր ձայնը կը խեղդուի աննկարագրելի աղմուկին մէջ: Իր տեսքը, պահ մը կը զսպէ մարդակերներու խոյանքը: Բայց իր ապաստանարանի պաշարումը հետզհետէ աւելի կը սաստկանայ:

Մինչ այդ, Ատանայի վալին, Արթեմի ընտանիքին ընտանեկան բարեկամը, ահաւոր տեսարանին կը տեղեկանայ եւ շտապով իր վստահելի մարդիկը ղրկելով` վտանգի տակ եղող տիկնոջ, անոր կը թելադրէ իր ապարանքի կիներու բաժինը (գոնաքի հարելիքը) ապաստանիլ ու փրկուիլ: Բայց ան կը մերժէ հպարտօրէն: Ու գրաւոր կը պատասխանէ, թէ կը նախընտրէ իր դժբախտ հիւրերուն հետ մեռնիլ: Բարբարոսները, ներս խուժելու եւ անցնելու համար, նախ իր դիակին վրայ պիտի կոխեն: Եւ անկէ (վալիէն) կը պահանջէ` յանուն մարդասիրութեան եւ իրենց ընտանեկան բարեկամութեան, փութալ իր պաշտպանութեան տակ գտնուող դժբախտ արարածները փրկել:

Վալին կը յուզուի: Ու քիչ յետոյ, շտապով քառասուն ձիաւոր ոստիկան-զինուորներ կը ղրկուին` իր տան անձեռնմխելիութեան հսկելու համար:

Եւ հիւրընկալ տունը քսան օր հսկողութեան ու պաշտպանութեան տակ կը մնայ: Կիներն ու մանուկները կը փրկուին մահասփիւռ դանակէն, որ մօտեցած էր իրենց յուսահատ գլուխներուն: Բայց, ինչպէ՞ս պիտի ազատին սովամահութենէ:

Եւ սակայն մեծասիրտ բարերարուհին առաջին վայրկեանէն այդ մասին ալ խորհած էր: Կը հեռագրէ Մերսինի ռուս հիւպատոսին` նոյնպէս ծանօթ ու սիրուած մարդասէր Պ. Անտոնիոս Մաւրոմաթիսին, որպէսզի ուտելիք ղրկէ շուտով: Պատահմամբ Մերսին կը գտնուի իր զաւակն ալ, որ կ՛օգնէ առաքումին: Ահագին բեռները կը շարունակեն ղրկուիլ երկաթուղիով:

* * *

Եւ կ՛աւարտի իր սուրբ գործը, զոր վերէն կ՛օրհնէ ողորմածութեան ու գթասրտութեան Մեծ Աստուածը:

Չորս հազար կիներ ու տղաք կը փրկուին ապահով աղէտէ` մարդասէր հելլէնուհիի հերոսութեան ու ինքնաուրացման շնորհիւ:

Թող օրհնեալ ըլլայ իր անունը: Թող լուսաւոր տառերով քանդակուի սպիտակ էջի մը վրայ, սեւ եւ ահաւոր ողբերգութեան մէջ: Հելլէնուհի տիկինը` Մայր Նախախնամութիւնը ներկայացուց ու մարմնաւորեց: Քաղաքակիրթ աշխարհի աչքին բարձրացուց հելլենական մարդասիրութիւնը եւ հպարտօրէն պատուեց ազգային անունը:

Թող երիցս օրհնեալ եւ անմահ ըլլայ իր անունը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ Լիբանան Կը Մասնակցի Խորհրդարանին Մէջ Տեղի Ունեցած Սկաուտական Առաջին Հանդիպումին

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.