Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու Կը Քննադատէ Պելճիքայի Մէջ Ժխտողական Թուրք Երեսփոխանին Կուսակցութենէն Արտաքսումը

June 2, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մահինուր Էօզտեմիր
Մահինուր Էօզտեմիր

«Թէ.Ռէ.Թէ.»-ի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու քննադատած է պելճիքական Մարդասիրական ժողովրդավարական կեդրոն կուսակցութեան` ազգութեամբ թուրք երեսփոխան Մահինուր Էօզտեմիրը իր շարքերէն արտաքսելու որոշումը:

Մեկնաբանելով այդ որոշումը` Չաւուշօղլու նշած է. «Եւ ա՞յս է ժողովրդավարութեան եւ խօսքի ազատութեան մասին ձեր պատկերացումը»:

Ընկերային ցանցերէն մէկուն վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ Չաւուշօղլու յայտնած է, որ Էօզտեմիրը հեռացնելու որոշումը, որուն դրդապատճառը` «1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ հայկական դիրքորոշումին շուրջ իր կարծիքն է, անընդունելի է»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Թանժու Պիլկիչ հրապարակած է գրաւոր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած է «իր խոր մտահոգութիւնը» Էօզտեմիրը կուսակցութեան շարքերէն հեռացնելու վերաբերեալ:

«Պելճիքայի մէջ, ուր գոյութիւն ունին ժողովրդավարութեան աւանդութիւններ, անոնց որոշումը, որ կը հակասէ ժողովրդավարական ազատութեան, մեր կողմէ զարմանքով կ՛ընկալուի», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Պիլկիչ դէպքը բնութագրած է իբրեւ «տարակարծութիւններու սերմեր, որոնք կոչուած են ատելութիւն սերմանելու հասարակութեան մէջ», ան նաեւ նշած է, որ այդ որոշումը կրնայ խնդիրներու խորացման պատճառ հանդիսանալ Եւրոպական Միութեան հետ համարկուելու հոլովոյթին մէջ:

Նախորդը

Սարգսեան Եւ Ծառուկեան Մասնակցեցան «Հայաստան» Շարժապատկերի Սրահի Բացման

Յաջորդը

Անդրադառնալով Ոստանիկ Մարուխեանի Առաջադրած Թեկնածութեան`. Մարգարեան. «Կողմնորոշիչները Պէտք Է Ըլլան Մասնագիտական Եւ Բարոյական Որակները»

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.