Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարոքեան Հալածիչ Մը Ջախջախուեցաւ Եմէնի Մէջ. Եմէնեան Ցեղախումբեր Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Գրաւեցին Ռատիֆ, Թուայլաք Եւ Ժալահ Լեռները

May 12, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-11-15_F-16Եմէնեան ցեղախումբերու զինեալներ Սէուտական Արաբիոյ հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Ժազան շրջանին մէջ գրաւեցին Ռատիֆ եւ Ժալահ լեռները, ինչպէս նաեւ Թուայլաք լեռը, որ կը վերահսկէ սէուտական Խոպա քաղաքին եւ անոր մերձակայ գիւղերուն:

Ցեղախումբերու զինեալներուն եւ սէուտական բանակին միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան: Վերջինս ռմբակոծեց զինեալներուն յառաջացած վայրերը: «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Արաբական դաշնակից ուժերու ռմբաձիգները Ատենի մէջ ռմբակոծած են հուսիներու պատկանող զինուորական մեքենաներ` պատճառելով զոհեր ու վիրաւորներ: Ռմբաձիգները նաեւ ռմբակոծած են Սաատայի նահանգը եւ Սանաայի օդակայանը: Եմէնեան ցեղախումբերը սպառնացին ռմբակոծել Սէուտական Արաբիոյ խորքը, եթէ օդային յարձակումները շարունակուին:

Մինչ այդ, մարոքեան բանակը յայտարարեց, որ Արաբական դաշինքի գործողութիւններուն մասնակից իր «Էֆ-16» տիպի հալածիչներէն մէկը ջախջախուած է եւ յստակ չէ, եթէ օդաչուն ողջ մնացած է: Մարոքեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հալածիչը եմէնեան հողերուն վերեւ հրացանաձգութեան ենթարկուած է:

Եմէնեան զինուորական աղբիւր մը նշեց, որ խնդրոյ առարկայ օդանաւը ջախջախուած է Սաատայի Նշուր հովիտին մէջ, իսկ հուսիներու մարտական ղեկավարէն մէկը «Անատոլու»-ին յայտնեց, որ օդանաւը վար առնուած է:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուրտիա Աֆխամ Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ գործողութիւնը ցեղասպանութեան արարք կոչեց:

«Սէուտական Արաբիոյ օդային հարուածները` Եմէնի դէմ, եւ մասնաւորաբար` երկիրի հիւսիսային մասերուն մէջ խիտ բնակուած բնակելի շրջաններու ռմբակոծումները ցեղասպանական արարք կը նկատուին եւ կ՛իրագործուին ի հեճուկս բոլոր միջազգային արժեչափերուն», ըսաւ Աֆխամ:

 

 

Նախորդը

Բարի Լոյս 6. 296 +…

Յաջորդը

Իրան Կը Քննադատէ Տաւութօղլուի Առանց Դամասկոսի Արտօնութեան Սուրիական Հողեր Մուտք Գործելը

RelatedPosts

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ  Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց.  Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով  Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն
Միջազգային

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց. Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն

September 21, 2026
Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան  Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան  7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»
Միջազգային

Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան 7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»

September 21, 2026
Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ  Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն
Միջազգային

Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.