Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Ցեղասպանութեան Անմեղ Զոհերու Յիշատակին

April 25, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-24-15_PagoՑեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին օրը` 24 ապրիլին, կանուխ առաւօտէն հազարաւոր արցախցիներ քալեցին դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու 100 տարի առաջ թրքական եաթաղանին զոհ գացած անմեղ զոհերու յիշատակին: «Արցախփրես» կը տեղեկացնէ, որ առաւօտեան յուշահամալիր այցելեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պետական այրեր եւ հիւրեր, որոնք ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նորակառոյց զանգակատուն-յուշակոթողին առջեւ, ուր աւելի ուշ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Զանգակատուն-յուշակոթողին մէջ ամփոփուած են նաեւ սուրբ նահատակներուն մասունքները:

4-24-15_mardagerdՄարտակերտի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Բարսեղ քհնյ. Անդրեան մատուցեց հոգեհանգստեան արարողակարգ, որմէ ետք ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին: Անկէ ետք Մարտակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնին մէջ հնչեցին ելոյթներ` նուիրուած Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին:

Խօսք առին շրջանի վարչակազմի աշխատակազմի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինի վարիչ Հենրի Մանութեան եւ զինուոր հոգեւորական Գոռ Գիուրճեան: Խօսքերէն ետք ցուցադրուեցաւ «Արամ» ֆիլմը:

Ձեռնարկին ներկայ էին Մարտակերտի վարչակազմի ղեկավար Վլադիկ Խաչատրեան, զօրամիաւորման հրամանատար, զօրավար-հազարապետ Միքայէլ Արզումանեան, քաղաքային համայնքի ղեկավար Միշա Գիուրճեան, հիմնարկ-ձեռնարկութիւններու ղեկավարներ, աշակերտներ եւ ուսուցիչներ:

4-24-15_stepan1Ղարաբաղցի երիտասարդներու խումբ մը 10 օրուան երթով Ստեփանակերտէն հասաւ Երեւան` յարգանքի տուրք մատուցելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

4-24-15_artzakh«Մենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բնակիչ ենք: Ղարաբաղէն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եկանք քալելով: Մենք որոշեցինք քալել եւ զգալ այն ֆիզիքական ցաւը, զոր զգացած են 1,5 միլիոն հայերը` տեղահանուեցան իրենց բնօրաններէն: Չեմ կրնար նկարագրել, թէ հոգեկան ինչ զգացողութիւններ ապրած ենք», «Նիուզ.էյ.էմ»-ի թղթակիցին յայտնեց «Հայ բարեկամներու միաւորում»-ի նախագահ Սերգէյ Եփրեմեան:

Ըստ անոր, իրենք երթը սկսած են Մարտակերտի Չափար գիւղէն, անցած են 450 քմ ճամբայ` Չափար-Ստեփանակերտ-Լաչին-Գորիս-Էջմիածին-Երեւան ուղղութեամբ:

«Մեր ճանապարհը տեւեց տասը օր: Առաջին կանգառը եղաւ Էջմիածինը: Հասանք 23 ապրիլին, մասնակցեցանք Սրբադասման արարողութեան եւ ճամբան շարունակեցինք մինչեւ Ծիծեռնակաբերդ: Շատ դժուարութիւններ կային, մենք մեր մարմնին վրայ զգացինք, թէ ինչ դժուարութիւններ տեսած են մեր նախահայրերը տեղահանման ժամանակ: Բայց բոլորս ողջ եւ առողջ հասանք: Յոգնեցանք, բայց ատիկա չարգիլեց մեր նպատակին հասնիլը», ըսաւ ան:

24 ապրիլի երեկոյեան Ստեփանակերտի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն ընթացք առած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած աւանդական ջահերթ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական թեւին:

Ջահերթին մասնակիցները «Ոչ ցեղասպանութեան», «Պահանջատէր ենք», «Հատուցում» բացագանչութիւններով ուղղուեցան Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր: Ճամբուն վրայ ջահերթի մասնակիցները այրեցին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դրօշակները: Շրջանի բնակիչները իրենց պատուհաններուն ետին մոմեր վառած էին` յարգելու մէկուկէս միլիոն Ս. նահատակներուն յիշատակը:

4-24-15_aftoՍտեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած նորակառոյց «Զանգակատուն» յուշակոթողին մօտ ջահերթի մասնակիցները մոմեր վառած են եւ խօսքեր արտասանած` դատապարտելով Թուրքիոյ ուրացումը:

Ջահերով լուսաւորուած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած ու դատապարտած պետութիւններուն դրօշները:

Նշենք, որ ջահերթին կը մասնակցէին նաեւ ՀՅԴ արցախեան կառոյցի ղեկավար ներկայացուցիչներ, դպրոցականներ, ուսանողներ, երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ:

4-24-15_afto1Նշենք, որ նոյն օրը առաւօտեան տեղի ունեցած է ինքնաշարժներով երթ Ստեփանակերտի մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Երեւանէն Ծիծեռնակաբերդ` Հազարաւորներու Խորհրդաւոր Ջահերթ

Յաջորդը

Պուլկարիոյ Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.