Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նանսենի Թոռնիկը Կը Քննադատէ Նորվեկիոյ Կառավարութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան Հանդէպ Անոր Ունեցած Դիրքորոշումին Համար

April 21, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-21-15_Marit-GreveՆորվեկիական, «Վերտենս Կանկէ » (VG) թերթը մարտ 15-ին անդրադարձած է այն երեւոյթին, որ Նորվեկիոյ վարչապետ Էռնա Սուլպերկի մասնակից պիտի չըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն, գրելով նաեւ այն մասին, թէ  Ֆրիտրոֆ Նանսենի թոռնիկին` Մարիթ Կրեւի, քննադատած է կառավարութիւնը: «Արմէնփրես» գործակալութիւնը կը նշէ, որ 2015-ին ապրիլի 24-ին պիտի նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Այդ առիթով Հայաստան հրաւիրուած են տարբեր երկիրներու ղեկավարներ, որպէսզի մասնակցին յիշատակի արարողութեան եւ յարգեն մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակը:

Սոյն ձեռնարկին հրաւիրուած էր նաեւ Նորվեկիոյ վարչապետ Էռնա Սուլպերկը, սակայն Սուլպերկ մերժած է հրաւէրը: Նշենք, որ տարելիցին  մասնակից պիտի չդառնայ նաեւ նորվեկիական կառավարութենէն ոեւէ այլ ներկայացուցիչ: Ասոր կողքին, Նորվեկիա 1915-ին թուրքերու կողմէ հայերու հանդէպ կատարուած իրադարձութիւնները չի ճանչնար որպէս ցեղասպանութիւն:

Ըստ նորվեկիական թերթին, իրողութիւններուն գծով քննադատութիւն կատարած է յայտնի մարդասէր Ֆ. Նանսենի թոռնիկը` Մարիթ Կրեւէն: 1925-ին Նանսեն այցելած է Թուրքիոյ տարբեր վայրերու մէջ գտնուող հայ գաղթականներուն, որոնք վերապրած էին Ցեղասպանութենէն: Շուրջ երեք հարիւր հազար հայ գաղթականներ Թուրքիոյ մէջ օգտուեցան հոն գտնուող Ազգերու լիկայի կողմէ հաւանութեան արժանացած նանսենեան անցագիրներէն եւ կրցան ապաստան գտնել տարբեր երկիրներու մէջ: Այս հարցով հայ գաղթականներու օգնութիւն ցուցաբերած է նաեւ Շուէտը, որ հրաւիրած է հայ գաղթականները իր տարածքին ապաստան գտնելու եւ պաշտպանուելու համար:

Նաեւ նշուած է յօդուածին մէջ Նանսենի թոռնիկին` Հայաստանի ծանօթացումը իր կանուխ տարիքին: Ան Հայաստան այցելած եւ հիացած է հայերու գնահատանքով Նանսենի գործադրած ջանքերուն նկատմամբ, որոնց շնորհիւ բազմաթիւ հայեր կրցած են փրկուիլ թուրքին գործած ցեղասպանութենէն: Կրեւէ նոյնպէս նշած է, որ հայ դպրոցականները նոյնիսկ աւելի շատ գիտելիքներ ունին Նանսենի մասին, քան` նորվեկիացի դպրոցականները:

Կրեւէ հիասթափած է նորվեկիական կառավարութեան դիրքորոշումէն եւ շեշտած է, որ 1915-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւններն ու հայերուն դէմ կատարուած ոճրագործութիւնները ցեղասպանութիւն են:

«Նորվեկիա ի չիք կը դարձնէ տարիներու ընթացքին Նանսենի կատարած ջանքերը` Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչնալով», արտայայտած է  Ֆ. Նանսենի կենսագիր եւ պատմաբան Քարլ Էմիլ Վոկտը:

 

Նախորդը

Նափոլիի Մէջ Խաչքարի Զետեղում` Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն

Յաջորդը

Քոլորատոյի Պոլտըր Քաղաքը Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան Օր Պիտի Հռչակէ

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.