Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղ. Իրազեկումի Հանգրուանէն Պահանջներու Ներկայացման Հանգրուան Անցնելու Անհրաժեշտութեան Շեշտադրում

April 20, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-19-15_arapo-1ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Դէպի արդար հատուցում» խորագիրը կրող ձեռնարկը`  կիրակի, 19 ապրիլ 2015-ին:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նուիրուած այս ձեռնարկը սկիզբ առաւ քայլարշաւով` քաղաքապետարանի շէնքերէն, ուրկէ հոծ բազմութիւն մը ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ քալեց դէպի «Արագած» խաղավայր, որ ձեւով մը վերածուած էր խորհրդաւոր վայրի, ուր տեղ գտած էին պատմական Հայաստանի քարտէսի եւ Ծիծեռնակաբերդի մանրապատկերները: Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներուն անունները զարդարած էին պատերը: Վայրը ինքնին պահանջատիրութիւն կը բուրէր:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայերգները, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սեւակ Պեքերեճեան: Ան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակը կրցած է համախմբել աշխարհասփիւռ հայութիւնը մէկ գաղափարի շուրջ, մէկ պահանջի շուրջ, որ արդար դատի լուծումն է:

Սեւակ Պեքերեճեան հաստատեց, որ իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երիտասարդական միաւորի անդամներ, ԼԵՄ-ականները կը հաւատան, որ արդարութիւնը ինքզինք պիտի պարտադրէ, ապա յայտնեց, որ պատմական Հայաստանի մէջ հաստատուիլն ու զայն շէնցնելը իրենց հետապնդած նպատակն է, որ սակայն պատրանք չէ, այլ ուխտ, որ համախմբումով եւ տքնաջան աշխատանքով ուշ կամ կանուխ իրականութիւն պիտի դառնայ:

Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, որ Հայ դատը սկիզբ առաւ երկաթէ շերեփով եւ պիտի աւարտի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումով:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` բեմադրութեամբ Յովիկ Յակոբեանի:

Տիգրան Ճինպաշեան
Տիգրան Ճինպաշեան

Օրուան պատգամը ուղղեց Տիգրան Ճինպաշեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ տարեդարձներու յիշատակութիւնը արթնութեան առիթներ են ժողովուրդներուն համար, ապա յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան «յիշել ու պահանջել» պատգամին պէտք է աւելցնել նաեւ յիշեցնել արտայայտութիւնը: Ան կոչ ուղղեց բոլորին, որ հայ ժողովուրդի պատմական իրադարձութիւնները ճշգրտօրէն իմանան, իրաւական հիմունքներով եւ գիտական սկզբունքներով  ուսումնասիրեն պատմութիւնը, ապա անոնց մասին իրազեկ դարձնեն հայութենէն հեռու ապրող հայորդիներուն, եւ նաեւ շրջապատի տարբեր մարդոց ու տարբեր ազգերու:

Ան նշեց, որ իրազեկ դառնալու ու դարձնելու հանգրուանին պէտք է յաջորդէ թրքական պետութեան մեր պահանջները ներկայացնելու հանգրուանը: Ապա ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց այն բոլոր պատմական իրադարձութիւններն ու տուեալները, որոնք ծնունդ տուին Հայ դատին եւ զայն աշխարհին ճանչցնելու գաղափարին:

Ճինպաշեան յիշեցուց նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Համահայկական հռչակագիրը կը բովանդակէ ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, այլ նաեւ ուիլսընեան Հայաստանի սահմաններու եւ միացեալ Հայաստանի հաստատման պատմական պահանջը:

Ճինպաշեան եզրափակեց խօսքը ըսելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին նոր հանգրուան մը կը թեւակոխէ հայ ժողովուրդը, որուն ընթացքին տքնաջան աշխատանքով, նուիրումով ու յարատեւ գործունէութեամբ հայութեան պահանջները թուղթի վրայ պէտք չէ մնան: Իսկ միասնակամութիւնը գործնական արտայայտութիւն պէտք է գտնէ ոչ միայն ճանաչման հոլովոյթին մէջ, այլեւ գործնական աշխատանքով դէպի պահանջատիրութիւն` անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ստեղծում:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Արազ Չերչեան` Սիամանթոյի «Հայրենի տուն» ասմունքով, Գոհար Յակոբեան եւ Յարութ Եափուճեան` մեներգով, եւ «Հայկ» նուագախումբը` «Ուր էիր, Աստուա՛ծ» եւ «Սիրտս կ՛արիւնի» երգերով:

4-19-15_arapo-2Ձեռնարկի աւարտին Եռագոյն դրօշակի մը վրայ ստորագրհաւաք տեղի ունեցաւ. ըստ մասնաճիւղի ընկերներուն, Ապրիլ 24-ի նախօրեակին ստորագրութիւններով լի Եռագոյնը պիտի տեղադրուի Ծիծեռնակաբերդի համալիրին մէջ:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ Զահլէի Մէջ Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններուն. Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչում

Յաջորդը

Ռաուտայի Մէջ ՍԴՀԿ-ՀՅԴ Միացեալ Ձեռնարկ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.