Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Սկաուտները Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ Եւ Դէպի Այնթուրայի Հայ Մանուկներու Որբանոցը

April 20, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC_2554Կիրակի, 12 ապրիլին Ժունիէի հայ առաքելական Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրն էր: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտները ներկայ գտնուեցան արարողութեան, որուն մասնակցեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը:

Ապա սկաուտները (արի, արենուշ, երէց, պարմանուհի) ուղղուեցան ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի ակումբի սրահը, ուր տեղւոյն թաղականութիւնը նախաճաշ պատրաստած էր: Ապա դիտեցին ու ունկնդրեցին Այնթուրայի հայ մանուկներու երբեմնի որբանոցին մասին երկու տեսերիզ` մէկը հայերէն, իսկ միւսը անգլերէն, ուր մանրամասնօրէն կը բացատրուէր 1915-ի Եղեռնէն որբ մնացած մանուկներու Այնթուրայի Սէն Ժոզէֆ դպրոցը փոխադրուիլը եւ հոն անոնց ապրած ողբերգութիւնը:

Ժամը 11:00-ին սկաուտները պասով մեկնեցան Այնթուրայի Սէն Ժոզէֆ դպրոց, մօտէն ծանօթանալու անոր եւ տեսնելու հայ մանուկներու նուիրուած կոթողն ու խաչքարը:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտները դիմաւորեց Սէն Ժոզէֆ դպրոցի տնօրէն հայր Սեմաան Ժամիլը: Ան դպրոցին բակին մէջ (ուր կը գտնուի աշտարակ մը եւ ժամացոյց մը) սկաուտներուն բացատրեց այս վայրին բարոյական եւ պատմական կարեւորութիւնը` իբրեւ մարդ, իբրեւ հայ եւ իբրեւ քրիստոնեայ: Ան յիշեց, թէ հոն ապրած որբերը ինչպիսի՛ անմարդկային պայմաններու մէջ ապրած են. շատեր մահացած են հիւանդութիւններու ու համաճարակներու պատճառով:

DSC_2577Ան նաեւ առաջնորդեց սկաուտները դէպի այն վայրը, ուր օրին` շուրջ 100 տարի առաջ, արիւնարբու Ճեմալ փաշան նկարուած էր հայ որբերուն հետ: Հոն բացատրեց, թէ այս որբանոցը ոչ թէ մարդկային առումով պատսպարան մըն էր, այլ մանուկները թրքացնելու աշխատանք տարուած էր հոն: Իսկ աւելի զգացական մթնոլորտի մէջ սկաուտները այցելեցին հայ որբ մանուկներուն շիրիմը, ուր մէկտեղուած էին անոնց աճիւնները, նոյնինքն դպրոցի եւ եկեղեցիի ծառայած կրօնաւորներու յատուկ գերեզմանին մէջ:

Հոն այժմ կայ հայկական խաչքար մը եւ հայ նահատակ մանուկներու յիշատակին նուիրուած կոթող մը, որոնք քանի մը տարի առաջ զետեղուած էին:

Սկաուտները` փողերախումբի գեղեցիկ եւ միաժամանակ յուզիչ նուագով եւ տէրունական աղօթքը ըսելով յիշեցին, զգացին եւ ապրեցան այս վայրին մէջ անցուցած իրեն նախնիներուն կարճ ու դառն օրերը: Հայր Սեմաան Ժամիլ ինքն ալ աղօթեց եւ ըսաւ. «Չմոռնաք ձեր անցեալը, անցեալը մոռցող ժողովուրդը ապագայ չ՛ունենար»:

Վարձքը կատա՛ր սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, որ այսպիսի դաստիարակիչ եւ ազգային գիտակցութիւնը զարգացնող աշխատանքներով կը սնուցանէ նոր սերունդին հոգին: Մենք ի վերջոյ այս գիտակցութեամբ է, որ մեր զաւակները կը վստահինք ՀՄԸՄ-ին եւ կ՛ուզենք, որ այսպէս ազնիւ, օգտակար եւ ազգային դաստիարակութիւն ստանան:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Նախորդը

Մասնաճիւղէ Մասնաճիւղ

Յաջորդը

Ակնարկ. Մետալին Երեք Երեսները

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.