Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Նեւատա Նահանգի Օրէնսդիր Մարմինը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

April 18, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-17-15_nevՄիացեալ Նահանգներու Նեւատա նահանգի խորհրդարանի երկու տուները 14 ապրիլին  ընդունած են Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչող բանաձեւ: Բանաձեւին մէջ կ՛արձանագրուի 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը իբրեւ պատմական եղելութիւն եւ կ՛ընդգծուի զայն դատապարտելու անհրաժեշտութիւնը, կը գրէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանը:

Նահանգի խորհրդարանականները նաեւ կոչ կ՛ուղղեն Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին հետեւելու իրենց օրինակին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին փաստերը կոչելու իրենց անուններով: «Մենք այսօր կ՛անդրադառնանք դէպքերու, որոնք տեղի ունեցած են 100 տարի առաջ այս օրերուն` աշխարհի մէկ այլ անկիւնի մէջ: Քանի մը օրէն կը լրանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: 1915 թուականին թրքական կառավարութիւնը ուժ եւ բռնութիւն գործադրելով տնազրկեց հայերը, մէկ մասը ձերբակալեց, մէկ մասն ալ ուղարկեց անապատ` դատապարտելով անխուսափելի մահուան: Այդ ամէնուն իբրեւ հետեւանք նահատակուեցաւ 1.5 միլիոն հայ», ըսած է նահանգային խորհրդարանի անդամ Ճէյմս Օսքարսընը:

Քոնկրեսականը շեշտած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը նաեւ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մասն է` պատմական ակնարկով ներկայացնելով Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի յանձնարարութեամբ Միջին Արեւելքի օգնութեան հիմնադրամի ստեղծման եւ գործունէութեան պատմութիւնը:

Նեւատայի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդան Պարսումեան կարծիք յայտնած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ոչ միայն պէտք է ճանչցուի, այլեւ ընդգրկուի նահանգի կրթական ծրագիրին մէջ: «Ասիկա աշխատանք մըն է, որ կը տարուի տարբեր մասնաճիւղերու կողմէ: Նեւատայի հայ համայնքը Հայ դատի յանձնախումբին հետ շատ աշխատած է, որպէսզի կարենանք ասիկա իրականացնել», ըսած է Հայ դատի յանձնախումբի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի գրասենեակի պատասխանատու Էլեն Ասատրեան:

1 ապրիլ 2015 թուականին Միացեալ Նահանգներու Նեւատա նահանգի նահանգապետ Պրայըն Սանտովալ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առնչութեամբ ստորագրած է հռչակագիր մը, որուն համաձայն, 19-էն 26 ապրիլին Նեւատայի մէջ յայտարարուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի շաբաթ: Նոյնաբովանդակ հռչակագիրով հանդէս եկած են նաեւ Նեւատայի փոխնահանգապետ, Նահանգային ծերակոյտի նախագահ Մարք Հաթչիսընը: Երկու հռչակագիրներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին կոչ կ՛ուղղուի ճանչնալու հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուած վայրագութիւնները: Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղուի ճանչնալու պատմական փաստերը:

2000 թուականին Նեւատայի նահանգապետ Քենի Քուին նոյնպէս հռչակագիր ընդունած էր` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 85-րդ տարելիցին:

 

 

Նախորդը

Շուլց-Տաւութօղլու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

«Թուրքիան Եւ Վատիկանը Պիտի Կարենան Լուծել Ցեղասպանութեան Մասին Յայտարարութեան Պատճառով Յառաջացած Լարուածութիւնը» Կ՛ըսէ Փութին

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.