
«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 16 ապրիլին տարեկան «Ուղիղ կապ»-էն ետք պատասխանելով լրագրողներու հարցումին` վստահութիւն յայտնած է, որ Թուրքիան եւ Վատիկանը պիտի կարենան լուծել լարուածութիւնը, որ յառաջացած է Ֆրանչիսկոս պապի Հայոց ցեղասպանութեան մասին յայտարարութենէն:
«Ես չեմ ուզեր խառնուիլ Թուրքիոյ հետ Հռոմի պապին տարակարծութեան: Հռոմի պապերը այնքան հեղինակաւոր են: Ես պապը աշխարհի վրայ այնքան հեղինակաւոր մարդ կը նկատեմ, որ ան պիտի կարենայ գտնել միջոց հասկցուելու մոլորակի բոլոր մարդոց հետ` անկախ անոնց կրօնական պատկանելիութենէն», ըսած է Փութին:
Նախագահը յոյս յայտնած է թուրք քաղաքական գործիչներու խելամտութեան վերաբերեալ: «Անոնք խելացի մարդիկ են եւ բաւական ճկուն, որպէսզի բացայայտեն եւ, եթէ խնդիրներ յառաջանան, լուծեն», նշած է ան:


