
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց հեռաձայնած է Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուին:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիան կը մերժէ ցեղասպանութեան վերաբերեալ Եւրոպական խորհրդարանի վերջին որոշումը: Շուլց ըսած է, որ անձնապէս կը հասկնայ Թուրքիոյ մօտեցումն ու այդ հարցին մէջ պատասխան արձագանգը:
Տաւութօղլու նշած է, թէ «պատմութիւնը քաղաքական նպատակներով օգտագործելու այդ նախաձեռնութիւնը» վնաս պիտի հասցնէ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ բացասաբար պիտի ազդէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն:
Թուրքիոյ վարչապետը դարձեալ նշած է Հայաստանի հետ պատմաբաններու յանձնախումբ ստեղծելու իրենց անպատասխան մնացած առաջարկին մասին:
Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի չորս կուսակցութիւններէն երեքը` իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը եւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնները միացեալ յայտարարութիւն հրապարակած են` դատապարտելով Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը:


