Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Սպանիոյ Թագաւորը

April 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆելիփէ Զ. թագաւոր եւ վարչապետ Սալամ
Ֆելիփէ Զ. թագաւոր եւ վարչապետ Սալամ

Սպանիոյ Ֆելիփէ Զ. թագաւորը երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը երէկ ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պետական անձնաւորութիւններու հետ եւ պիտի այցելէ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող սպանական զօրամասը:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ֆելիփէ Զ. թագաւորը դիմաւորուեցաւ վարչապետ Սալամի ներկայացուցիչ`  փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի, սպանական դեսպանատան գործավար Մանուէլ Եորանի եւ սպանական խաղաղապահ ուժերու ջոկատի ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին ընդունեց Սպանիոյ թագաւորը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սպանական յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Սալամ յանձնառութիւն յայտնեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու իմաստով, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սպանիոյ` ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութեան մաս կազմելու իմաստով:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժը, որուն հետ քննարկեց տեղեկատուական մարզը յուզող հարցեր:

Այս շրջագիծին մէջ, երէկ երեկոյեան Սէուտական Արաբիոյ պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ժրէյժ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիէն ներում հայցած է Լիբանանի պատկերասփիւռի պետական կայանէն ուղղակի սփռուած Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հարցազրոյցին ընթացքին, վերջինիս կողմէ սէուտական իշխանութիւններուն հասցէին արձանագրուած վարկաբեկիչ արտայայտութիւններուն գծով:

Նախորդը

Պըրրի Յորդանանեան Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Շարք Մը Հարցեր

Յաջորդը

Հայ Կին Մը Թրքական Ընդդիմադիր Կուսակցութեան Երեսփոխանական Թեկնածու

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.