
«Հայ Թերթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հայ համայնքի անդամ Սելինա Էօզուզու Տողան թրքական ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլուի կողմէ առաջադրուած է երեսփոխանութեան թեկնածու:
1977-ի ծնունդ Տողան Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի Պոլսոյ 2-րդ ընտրաշրջանին մէջ:
Հայերէնէն եւ թրքերէնէն բացի ֆրանսերէնին ու անգլերէնին տիրապետող Տողան կ՛աշխատի փաստաբանական գրասենեակի մը մէջ: Ամուսնացած է եւ ունի մէկ երեխայ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները նախատեսուած են յունիսին: