Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժրայսաթի Կոչ Ուղղեց Մուքպելին Եւ Մաշնուքին Յարգելու Օրէնքը Յատկապէս Նշանակումներուն Հարցով

April 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-07-15_JreissatiՓոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի կարդաց համախմբումի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուած էր, որ պէտք է օրէնքները յարգուին յատկապէս նշանակումներուն գծով:

Հաղորդագրութեան մէջ նկատել տրուեցաւ, որ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար նշանակած կառավարութիւնը որեւէ այլ պաշտօնի պարագային կրնայ պատասխանատուներ նշանակել:

Այս իմաստով, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելին եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքին կոչ ուղղեց յարգելու օրէնքը եւ ինքնակոչ որոշումներ չտալու:

Ժրայսաթի յայտնեց, որ իրենք իբրեւ համախմբում շարունակ պիտի պահանջեն ազգային ուխտին գործադրութիւնը` սահմանադրութեամբ ճշդուած պաշտօններուն նշանակումներուն պարագային:

Ան աւելցուց նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեանց միջեւ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ կարելի է յանգիլ փոխըմբռնումի համաձայնագիրի մը` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը մեղմացուցած է երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը:

4-07-15_aoun_aliԱնդրադառնալով իրանեան հիւլէական թղթածրարին շուրջ միջազգային համաձայնագիրին` Ժրայսաթի ըսաւ, որ այդ համաձայնագիրը Իրանը վերածած է շրջանին մէջ կայունութիւնը պահպանող երկրի մը:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը վերջ կը գտնէ այն պահուն, երբ ահաբեկիչներուն զինումն ու ֆինանսաւորումը կը դադրի:

 

 

Նախորդը

Բանակը Զինուորական Տեսակարար Գործողութեամբ Մը Իր Հակակշիռին Տակ Կ՛առնէ Մխայրմէի Բարձունքը

Յաջորդը

Պըրրի Յորդանանեան Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Շարք Մը Հարցեր

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.