Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Ձեռնպահ Կը Մնայ Փտածութեան Դէմ Պայքարի Յանձնախումբին Մէջ Անդամ Առաջադրելէ

April 2, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-01-15_ArdzvigՀայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան երէկ  լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ՀՅԴ-ն ձեռնպահ պիտի մնայ կառավարութեան կողմէ ստեղծուած փտածութեան  դէմ պայքարի յանձնախումբին մէջ անդամ առաջադրելէ:

«Մենք ձեռնպահ պիտի մնանք փտածութեան դէմ պայքարի յանձնախումբին մէջ թեկնածու առաջադրելէ, որովհետեւ երկար տարիներէ ի վեր մենք ունինք փտածութեան դէմ պայքարի մեր առաջարկները, որոնց շարքին հաստատութենական համակարգ ձեւաւորելու ծրագիր, որ ոչ կը մերժուի եւ ոչ ալ կեանքի կը  կոչուի», ըսած է Մինասեան` նշելով, որ փտածութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ արդիւնաւէտ աշխատանք չի տարուիր:

«2014 թուականին, նախագահին գլխաւորութեամբ ստեղծուեցաւ փտածութեան դէմ խորհուրդ մը, հիմա ատիկա չեղեալ յայտարարուած է եւ ստեղծուած է վարչապետին գլխաւորութեամբ նոր կառոյց մը, որ  յայտնի չէ, թէ ի՛նչ բնօրինակ կ՛որդեգրէ», ըսած է Մինասեան: Վերջինս շեշտած է այն հանգամանքը, որ յայտնի չէ, թէ ի՛նչ արդիւնք կ՛ունենայ ստեղծուած կառոյցը:

Արծուիկ Մինասեան նկատել տուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարք մը  միջազգային կազմակերպութիւններու անդամ է, ունի փտածութեան դէմ պայքարի մարմիններ, որոնք պէտք է օգնեն պայքարելու փտածութեան դէմ, սակայն կը տեսնենք, որ այս ուղղութեամբ անարդիւնաւէտ աշխատանք կ՛ընթանայ:

Փտածութեան դէմ պայքարի կարեւոր տարրերէն մէկը, ըստ Մինասեանի, անհրաժեշտ միջավայր ձեւաւորելն է: «Մարդը պէտք է հասկնայ, որ փտածութեան մէջ մտնելով աւելի մեծ վնասներ պիտի ստանայ, քան եթէ չմտնէ այդ բոլորին մէջ: Պատշաճ վարձատրութեան համակարգի գոյութիւնը նաեւ կարեւոր է: Պատասխանատուութիւնը եւս կարեւոր է, եթէ պատասխանատուութեան մասով չունենանք լուրջ համակարգ, այս բոլորին մասին խօսիլը անիմաստ է», ընդգծած է Մինասեան:

Ան նաեւ ըսած է. «Ոչ մէկ բան կը մերժենք, պատրաստ ենք համագործակցելու որեւէ անձի հետ, բայց, յստակ գաղափարներու եւ ծրագիրներու շուրջ, ոչ թէ անդէմ մարմինի մը շուրջ»:

Նախորդը

Հայաստանի Դպրոցականները Պատուոյ Պահակ Պիտի Կանգնին Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Մինչեւ 23 Ապրիլ

Յաջորդը

Պռօշեանի Սպաննուած Գիւղապետին Հարազատներուն Պնդումով` Գործին Բացայայտումը Կը Ձգձգուի

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.