Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յեղափոխաշունչ Խօսքի Ռահվիրան

March 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

9291_240613196109327_7046681536256408426_nԱմբողջ սերունդի մը ներշնչման աղբիւրը հանդիսացած գաղափարի մեծ մարտիկն էր ան: Դաշնակցական ամբողջ սերունդ մը դաստիարակուեցաւ անոր ցանած յեղափոխականացման եւ քաղաքականացման գաղափարներով: ՀՅ Դաշնակցութիւնը գլխաւորաբար իր ստեղծած գաղափարական մեծ դպրոցին շնորհիւ էր, որ 1970-1980-ական թուականներուն վերանորոգեց իր գաղափարախօսութիւնը` վերադառնալով իր յեղափոխական ակունքներուն:

Անոր գրած ամէն մէկ խօսքը, ուղղած ամէն մէկ պատգամը այսօ՛ր եւս խթաններ են նորահաս դաշնակցական սերունդներուն համար` շարունակելու հայահաւաքի եւ հայրենահաւաքի սուրբ գործը: Հայ ժողովուրդի ազատութեան ու հայոց հայրենիքի անկախութեան համար անոր մղած պայքարը, հատու խօսքերը, խորհրդային վարչակարգին դէմ անոր անտեղիտալի պայքարը անպտուղ չմնացին: Անոր երազին մէկ մասը միայն իրականացաւ` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումով ու Արցախ աշխարհին ազատագրումով: Կը մնայ իր մտածումներուն առանցքը հանդիսացած ամբողջական երազին իրականացումը` ամբողջական հայութիւնը համախմբող ամբողջական Հայաստանի կերտումը:

Առաջին անգամ ինք էր, որ հայ քաղաքական մտքին մէջ մտցուց «Հայկական արեւելում»-ի տեսութիւնը` ատով իսկ հարստացնելով հայ գաղափարական-տեսական միտքը, նոր բովանդակութիւն տալով հայոց պահանջատիրական պայքարին, նոր հունի մէջ մտցնելով լինելիութեան եւ գոյատեւման ընթացքը: «Հայկական արեւելում»-ի տեսութեամբ ան ընդգծեց, որ հայութեան լիիրաւ ներկայութիւնը ազատ ժողովուրդներու ընտանիքին մէջ անկարելի է, եթէ ան թէկուզ եւ փոքր չափով կախեալ ըլլայ արտաքին ազդեցութիւններէ, այդ տեսութեամբ կը բացառուէր հայութեան կախեալութիւնը արեւմտեան թէ արեւելեան բեւեռներէն` հայ քաղաքական ղեկավարութեան վրայ պարտք դնելով առաջնորդուելու միայն ու միայն ազգային շահերով:

Վստահաբար, հայ ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերվարական տեսլականը, իրենց զարգացման առումով շատ բան կորսնցուցին անոր անարգ առեւանգումով ու անյայտացումով: Իր ստեղծած գաղափարախօսական դպրոցը մինչեւ այսօր ալ ներշնչման աղբիւր կը մնայ: Դաշնակցական գաղափարի մեծ մարտիկը պիտի մնայ հայոց ազգային եւ ընկերային բովանդակ իրաւունքներու ձեռք բերման անզուգական մունետիկը:

Յարգանք դաշնակցական յեղափոխաշունչ խօսքի մեծ ռահվիրային` Սարգիս Զէյթլեանի յիշատակին, անոր անարգ առեւանգումի եւ անյայտացման 30-ամեակին առիթով:

 

 

 

Նախորդը

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ` Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան

Յաջորդը

Օրը Օրին. Կ՛աշխատինք Աշակերտել

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.