Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պահանջատիրական Պատասխանատուութիւն

March 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-27-15_khempՄարտ 13-15 երկարող շաբաթավերջը ոչ միայն հայորդիին համար անկիւնադարձային էր, այլ նաեւ` արդարութեան, համերաշխութեան եւ պահանջատիրութեան համար պայքարող զանգուածին:

Վերոյիշեալ բացատրողականն ու հաստատումը կը վերաբերի Նիւ Եորքի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առթիւ, այդ թուականներուն կազմակերպուած գիտաժողովին:

Շատ բան կարելի է մրոտել այս գերհետաքրքրական գիտաժողովին մասին, որ իր զանազան նիստերով կը քննէր ու կը քննարկէր բազմաթիւ յետեղեռնեան մտորումներ ու մտահոգութիւններ:

Այս ժողովը առիթ ընծայեց, որ մասնակցողը վերատեսութեան ենթարկէ պահանջատիրութեան ըմբռնումն ու սահմանումը, որոնք միշտ ալ մնացած են ընդհանրութեան սահմաններէն ներս եւ կարիքն ունին յաւելեալ պեղումներու:

Յստակ է, թէ երբեք լուսանցքի տակ չառնելով եւ չանտեսելով ճանաչման գծով կատարուող աշխատանքները` ժամանակը հասած է գէթ ճանաչումէն անդին աշխատանքն ու գործընթացը ուղղելու դէպի հատուցում:

Խիստ յիշատակելի էին թէ՛ ռազմավարական եւ թէ՛ մարտավարական մօտեցումները, որոնք իրենց իւրայատուկ մտածելակերպով ու գործելակերպով կարելի է գերադասել եւ նկատել խիստ այժմէական եւ հրամայական:

Այս գծով, արդէն իսկ Հայ դատի մարմինները, քաղաքական կուսակցութիւնները եւ Հայց. եկեղեցին հետեւողական աշխատանք կը կատարեն գործադրուած Ցեղասպանութիւնը եւ արդար իրաւունքները օտարներուն ծանօթացնելու իմաստով: Անցնող շաբաթավերջն ալ այդ «մարաթոն» օրերէն մէկն էր:

Բանախօսները բազմիցս կրկնեցին, թէ անհրաժեշտ է քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական, իրաւական եւ նոյնիսկ արուեստ-մշակոյթի բնագաւառներէն ներս սերտ առնչութիւն ու գործակցութիւն ստեղծել եւ, անշուշտ, ամենայն ներդաշնակութեամբ:

Ի վերջոյ, անոնք զիրար ամբողջացնող ազդակներ են: Հակառակ զանազան կարծիքներու եւ մօտեցումներու` պահանջատիրութիւնը մէ՛կ է, եւ այդ իւրայատուկ մէկութիւնն ու միակամութիւնն է, որ ներկայի եւ յառաջիկայի գործընթացներուն մէջ կարեւորութեամբ ու բծախնդրութեամբ պէտք է շեշտուին: Բնականաբար, նմանօրինակ գործելակերպ իր ազդեցիկ արդիւնքը կ՛ունենայ ազգային պահանջատիրութեան աշխատանքներուն վրայ:

Ցայսօր պահանջատիրութեան աշխատանքը առաւելաբար քարոզչական, քաղաքական ու դիւանագիտական բնոյթ ունի: Նոր սկսած են իրաւական բնագաւառէն ներս քայլեր առնուիլ:

Հուսկ, աննահանջելի մէկ բան տեղին է կրկնել, թէ նահատակներուն կտակը նուիրական է: Հետեւաբար երբեք կարելի չէ անտարբեր ու ձեռնածալ մնալ:

Երկա՜ր է պահանջատիրութեան ճամբան, որքան ալ դժուար ու երկար ըլլայ…եւ դեռ աւելի՛ն, հայորդին պարտաւոր է քալելու այդ փշոտ, քարքարոտ ու վերջապէս լուսաւոր ճամբէն:

Նախորդը

Նիւ Եորքի Մէջ Կայացաւ «Պատասխանատուութիւն 2015» Գիտաժողովը

Յաջորդը

Յովհաննէս Թումանեան (1869-1923) Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ` «Հանճարեղ Լոռեցին»

RelatedPosts

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.