Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանի՞ Դգալ Շաքար…

March 21, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

3-21-15_shakarԱռողջապահութեան միջազգային կազմակերպութիւնը կը թելադրէ օրական միայն տասը կտոր շաքար սպառել: Սակայն ինչպէ՞ս կատարել այդ հաշիւները…

Շաքարին տեսակը

Մարդ արարածը պէտք ունի օրական 250-350 կրամ կլիւսիտի, այսինքն` շաքարի: Սակայն շաքարի համ ունեցող ուտելիքները ուրիշ ուտելիքներէ շատ աւելի արագ կ՛իւրացուին մարմնին կողմէ, եւ ասիկա կրնայ գիրութեան պատճառ դառնալ:

Այս տեսակի ուտելիքներուն պարագային կլիւսիտի քանակը պէտք է իջեցնել օրական 50 կրամի (10 կտոր շաքար):

Իսկ իւ՞ղը

Շաքարով աղքատ նիւթ մը անպայման սննդարար չէ: Ուտելիք մը չ՛արժեւորուիր միայն իր պարունակած շաքարի կամ իւղոտ նիւթերու քանակով: Այս նիւթերուն միասին գոյութիւն ունենալն է, որ պէտք է նկատի առնել: Այս ձեւով, օրինակի համար, շատ քիչ շաքար պարունակող ուտելիք մը կրնայ շատ իւղոտ նիւթեր պարունակել:

Ուշադրութիւ՛ն. կախեալ չդառնանք

3-21-15_shakar1Ճաշի ժամերուն միջեւ յաճախ ուտելը երկար ատեն մեր մարմնին արգելք կը դառնայ անօթութեան զգացումը ունենալէ: Եւ երբ մեր կերածը շաքարոտ է, հարցը շատ աւելի վատ է. մարմինը կը վարժուի այդ զգացումին եւ դարձեալ կը պահանջէ: Այս պարագային նոյնիսկ հայփոկլիսեմիա կրնայ յառաջանալ. մեր մարմինը բնականօրէն բանելու համար շաքարի պէտք կ՛ունենայ:

Լայթ բայց` ոչ անպայման թեթեւ

Կաթ պարունակող ուտելիքները եւ քաղցրեղէնները յաճախ շատ շաքարոտ կ՛ըլլան: Լայթ ուտելիքներուն մէջ պատրաստողները «կեղծ» շաքարներ կը դնեն անոնք ունին շաքարին համը, սակայն շաքար չեն պարունակեր: Շաքարի այս պակասին փոխարէն` անոնք կը պարունակեն իւղոտ նիւթեր: Ասոր կողքին, մեք չենք գիտեր տակաւին, թէ երկար ժամանակի վրայ «կեղծ» շաքարներ գործածելուն հետեւանքները ի՛նչ կրնան ըլլալ մեր մարմնին վրայ..

Քանի մը օրինակներ

Խնձոր մը= 3 կտոր շաքարի
Պանան մը= 4,5 կտոր շաքարի
«Էմ. էնտ Էմ.» պզտիկ տոպրակ մը= 5 կտոր շաքարի
Քեչափի փոքրիկ (մէկ անձի) տոպրակ մը= 1 կտոր շաքարի
Դգալ մը նիւթելլա= 2 կտոր շաքարի
Դգալ մը անուշ= 2 կտոր շաքարի
Այս թի= 4,5 կտոր շաքարի
Սոտա խմիչք մը= 7 կտոր շաքարի
Մէկ Մարս տուրմ= 6 կտոր շաքարի

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Ֆրանսայի Լուի 14-րդ թագաւորը (1643-1715) իր կօշիկներուն բարձր կրունկներուն վրայ գծել տուած էր պատերազմի դրուագներ:

– Աշխարհի օդային առաջին նամակաբաշխումը տեղի ունեցած է Ք. Ե. 975 թուականին, երբ 600 աղաւնիներ հետերնին փոխադրած են պզտիկ մետաքսեայ տոպրակի մը մէջ կեռաս մը` Լիբանանէն Եգիպտոս:

– 1752 թուականը 11 պակաս օրեր ունեցաւ, երբ Անգլիա իր գործածած հին դրութեամբ օրացոյցը փոխեց որդեգրելու համար այժմ գործածուող օրացոյցը: Այդ տարին չորեքշաբթի 2 սեպտեմբերին յաջորդեց հինգշաբթի 14 սեպտեմբեր:

– 2010 թուականին գործաւորներ գտած են 18-րդ դարու նաւու մը մնացորդները, երբ սկսած են փորել հողը Նիւ Եորքի քաղաքին մէջ` շէնքի մը շինութեան համար:

– Միջնադարեան կարգ մը ամրոցներուն պարիսպներուն պատերը երեք մեծ անկողիններու չափ հաստ էին:

– Կարգ մը գորտեր կրնան ցատկել իրենց հասակէն 20 անգամ աւելի բարձր:

– Ամերիկացիները տարեկան 40,823,300 քիլօ մարշմելօ կը գնեն:

– Հարիւրաւոր տարիներ առաջ մարդիկ փոփքորն կ՛ուտէին նախաճաշին` իբրեւ հացահատիկ:

– Հարաւքորէացիները իրենց այբուբենին տօնը կը տօնեն 8 հոկտեմբերին:

– Ամէն տարի, փետրուար ամսուն, Իտալիոյ Իվրէա քաղաքին Նարինջներուն պատերազմի փառատօնին ընթացքին բնակիչները իրարու վրայ կը նետեն աւելի քան 400 թոն նարինջ:

– Միջնադարեան կարգ մը ամրոցներուն պարիսպներուն պատերը երեք մեծ անկողիններու չափ հաստ էին:

– Վագրերը կրնան իրենց չափէն երկու անգամ աւելի մեծ անասուններ որսալ:

– Ճափոնի մէջ գոյութիւն ունին ճամբաներ, ուր երաժշտութիւն կը լսուի, երբ ինքնաշարժները ճշդուած արագութեամբ կ՛ընթանան:

– Մեր ուղեղը յաճախ աւելի գործօն է, երբ մենք քնացած ենք, քան երբ արթուն ենք:

– Աշխարհի վրայի անասուններուն մօտաւորապէս 80 առ հարիւրը միջատներ են:

– Մեր սիրտը տարեկան 40 միլիոն անգամ կը տրոփէ: Այս հաշուով, ան տրոփած պիտի ըլլայ 2,5 միլիառ անգամ, երբ մենք 70 տարեկան ենք:

– Արմաւենիներ կը բուսնէին Անթարքթիքայի մէջ, 50 միլիոն տարիներ առաջ:

– Անձ մը միջին հաշուով օրական 10 անգամ կը խնդայ:

– Գոյութիւն ունին ագեվազի աւելի քան 60 տարբեր տեսակներ:

– Առնէտները կը խնդան, երբ զանոնք խտղտացնենք:

– Չինական օդակայանի մը մէջ զբօսաշրջիկ մը 70 կտոր հագուստ հագուեցաւ երկրորդ պայուսակի մը համար տուգանք չվճարելու համար:

 

Պուպրիկներու Շքեղ Տուներ

Սաւիոյ ընկերութիւնը սովորական իսկական տուներ կը ծախէ: Սակայն ան բացառաբար վարձու դրաւ աւելի քան 40 հազար տոլար արժող… պուպրիկի տուն մը: 120 մեթր բարձրութիւն ունեցող այս տան մէջ կան այն բոլոր շքեղ առարկաները եւ կարասիները, որոնք կարելի է գտնել իսկական պալատին մը մէջ:վրայի անասուններուն մօտաւորապէս 80 առ հարիւրը միջատներ են:

 

Զբօսաշրջիկներու Ախոյեանները

… Չիներն են: 2014 թուականին աելի քան 100 միլիոն չին զբօսաշրջիկներ երկրէն դուրս ճամբորդութիւններ կատարած են: Ասիկա մրցանիշ մը կը համարուի: Այս զբօսաշրջիկներուն շատ մեծ ուշադրութիւն կը դարձուի իրենց այցելած երկիրներուն մէջ, որովհետեւ անոնք իրենց արձակուրդներուն ընթացքին ամէնէն շատ ծախսող զբօսաշրջիկներն ալ են:`

 

Փանտա Շուները

3-21-15_pandaՉինացիները շատ կը սիրեն փանտաները:

Անոնք այս անասունները այքա՛ն կը սիրեն, որ կ՛ուզէին զայն իբրեւ ընտանի անասուն տան մէջ պահել: Սակայն փանտաներուն թիւը շատ քիչ է, եւ անոնք պահպանուած անասուններ են:

Սակայն չինացիները գտած են լուծում մը… Անոնք իրենց շուներուն փանտայի կերպարանքը կու տան:

Քիչ մը սեւ ներկ, քիչ մը ճերմակ ներկ` եւ շուները փանտայի կը վերածուին:

Անասուններ վաճառող խանութի մը տէրը կը բացատրէ, թէ քիչ մը խնամքով եւ ներկով դիւրին է շուն մը փանտայի վերածել երկու ժամէն:

Սակայն մենք կարելիութիւնը չունինք գիտնալու, թէ շուները իրենց տէրերուն չափ գո՞հ են արդիւնքէն…

 

Վիտէօ-Խաղերը Հնարողը

3-21-15_VideoԴեկտեմբեր 2014 մահացաւ 92 տարեկան Ռալֆ Պայեր: Այս գերմանացին կը համարուի վիտէօ-խաղերու հայրը: 1966 թուականին ան հնարած է «Օտիսսի»-ն, որ պատկերասփիւռի մը կապուած առաջին խաղի մեքենան էր:

 

Ոսկի Արտադրող Երկիրներ

3-21-15_vosgiՉինաստան աւելի քան 350 թոն ոսկի կ՛արտադրէ ամէն տարի: Ասիկա կը համապատասխանէ մօտաւորապէս աշխարհի ոսկիին մէկ ութերորդին: Հետեւեալ երկիրները ամէնէն շատ ոսկի արտադրեցին 2011 թուականին.

– Չինաստան` 355 թոն
– Աւստրալիա` 270 թոն
– Միացեալ Նահանգներ` 237 թոն
– Ռուսիա` 200 թոն
– Հարաւային Ափրիկէ` 190 թոն

Գիտէի՞ր, թէ…

– Հնդկաստանի մէջ շատ աւելի ոսկի կը ծախուի եւ կը գնուի, քան` որեւէ ուրիշ երկրի մէջ:

– Ներկայիս հանքերէն հանուած ոսկիներուն մօտաւորապէս 60 առ հարիւրը կը գործածուի գոհարեղէններու պատրաստութեան համար:

– Ոսկին կը հալի 1064 աստիճան տաքութեան:

 

Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր 1-77` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1-77` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կատուները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կատուները:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր ընձուղտի մարմնին համապատասխանող գլուխը:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր ընձուղտի մարմնին համապատասխանող գլուխը:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Մարտ 1965)

Յաջորդը

Ամէն Բան Իր Չափով

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.