Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ծաղիկ» Գրական Հանդէսին Կազմակերպութեամբ. Զօրավար Անդրանիկի Ծննդեան 150-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

March 19, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

HUZAG-(63)Շաբաթ, 14 մարտի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ «Ծաղիկ» գրական հանդէսը իւրայատուկ ձեռնարկով մը նշեց զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի ծննդեան 150-ամեակը:

Բարի գալուստի խօսքին մէջ «Ծաղիկ» հանդէսի խմբագիր Ասպետ Ռուբինեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանին` իր հանդիսասրահը զօրավար Անդրանիկին նուիրուած այս ձեռնարկի կազմակերպման տրամադրելուն համար, ապա ողջունեց ներկայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, որ ստանձնած էր այս ձեռնարկին հովանաւորութիւնը: Ապա ամպիոն հրաւիրեց նախարարը` ներկաներուն ուղղելու իր ողջոյնի խօսքը:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր ուրախութիւնը յայտնեց Լիբանանի մէջ գտնուելուն համար` նշելով, որ լիբանանահայ համայնքը իր ազգային շունչով օրինակելի է ուրիշ հայ համայնքներուն համար: Սփիւռքի նախարարը ընդգծեց, որ մեր հերոսներուն ու ֆետայիներուն շնորհիւ էր գլխաւորաբար, որ հայութիւնը քիչ թէ շատ դէմ դրաւ թրքական եաթաղանին: Ան իր համոզումը յայտնեց, թէ չկայ հայ մը, որուն սիրտը չթրթռայ զօրավար Անդրանիկի անունը տալու ընթացքին: «Այսօր, մեր պատմութեան այս օրհասական պահուն, հայրենիքի սահմանները կը պահպանեն հայոց բանակին զինուորները, որոնք դաստիարակուած են քաջ Անդրանիկի շունչով», ընդգծեց նախարար Յակոբեան:

Ան ըսաւ, որ սփիւռքի նախարարի իր պարտականութիւններուն բերումով ինք կը հետեւի սփիւռքի մէջ հրատարակուող լրատուամիջոցներու  եւ մամուլի գործունէութեան, այս առումով գնահատելով  «Ծաղիկ»-ի դերակատարութիւնը, անոր խմբագիր Ասպետ Ռուբինեանը պարգեւատրեց «Մայրենիի դեսպան» շքանշանով:

Պարգեւատրումին համար շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքէ ետք Ռուբինեան հրաւիրեց այս առիթով յատուկ Երեւանէն հրաւիրուած օրուան բանախօսը` բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Երեւանի «Եղիշէ Չարենց»-ի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն, անդրանիկագէտ դոկտ. Կարօ Վարդանեանը: «Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի սաւառնող եւ անպարտելի ոգիին վերադարձը» խորագիրը կրող բանախօսութեան ընթացքին դոկտ. Վարդանեան յայտնեց, որ զօրավար Անդրանիկի տիպարը ոչ մէկ ձեւով կը տեղաւորուի պատմագրութեան տրամաբանութեան մէջ: Անոր կերպարը, բացի մեր ազգային դիւցազնավէպի Սասունցի Դաւիթի կերպարէն, ուրիշ ոչ մէկ ձեւով կը բնութագրուի: Սակայն մինչ Սասունցի Դաւիթի կերպարը իր վրայ կրեց նաեւ իր ժողովուրդին թերութիւնները, զօրավար Անդրանիկ զերծ մնաց այդ թերութիւններէն եւ ոչ մէկ ձեւով կորսնցուց իր զգօնութիւնը: «Մեր ժողովուրդին համար անյարիր է մէկ մարդու ետեւէն երթալը, սակայն Անդրանիկ բացառութիւն էր, անոր ետեւէն հարիւր հազարաւորներ գացած են», ըսաւ բանախօսը:

Դոկտ. Կարօ Վարդանեան նշեց, որ արուեստի ոչ մէկ ճիւղի ընդմէջէն զօրավար Անդրանիկի կերպարը կարելի եղաւ լաւապէս ներկայացնել, բացի ժողովրդային բանահիւսութենէն: Ազգային այս հերոսը, որ կը պատկանի համայն հայութեան, իր ժամանակակիցներուն կողմէ լաւապէս չհասկցուեցաւ, սակայն մնաց իր բարձր պատուանդանին վրայ: Այս առումով բանախօսը նշեց, որ Անդրանիկ օտարներուն կողմէ աւելի գնահատուած է, քան իւրայիններուն կողմէ` այս ծիրին մէջ նկատել տալով, որ վերջին տասնամեակներուն ռուսական պատմագրութիւնը յատուկ կերպով կ՛անդրադառնայ Համաշխարհային Ա. պատերազմի դէպքերուն եւ զօրավար Անդրանիկին: «Զօրավար Անդրանիկի կենդանի ներկայութիւնը այսօր աւելի քան անհրաժեշտ է մեզի համար` մեր ազգային միասնականութեան ամրապնդման իմաստով», եզրափակեց դոկտ. Կարօ Վարդանեան:

Բանախօսութեան աւարտին «Ծաղիկ» գրական հանդէսին կողմէ Ասպետ Ռուբինեան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց օրուան բանախօսին: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր: Լիբանանահայ յայտնի ասմունքող Անի Եփրեմեան ասմունքեց օրուան խորհուրդը փոխանցող քերթուած մը, Շողեր Կրպոյեան դաշնակի վրայ նուագեց Առնօ Բաբաջանեանի «Էլեկիա» եւ «Վաղարշապատի պար» կտորները, իսկ Նժդեհ Պոտրումեան մեներգեց «Իբրեւ արծիւ»-ը եւ «Յուշարձաններ»-ը:

Նախորդը

Գաղութէ- Գաղութ

Յաջորդը

Բացում` Ժանեթ Յակոբեանի Անհատական Ցուցահանդէսին «Արթ Լաունճ»-Ի Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.