14 մարտին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան եւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան հանդիպում ունեցած են հայաստանեան քաղաքացիական տարբեր նախաձեռնութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Քննարկուած են Դաշնակցութեան մօտեցումները քաղաքական կարեւորագոյն օրակարգային հարցերուն վերաբերեալ:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ երկրի ընկերային-տնտեսական յարաբերութիւններուն, պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են այն մասին, որ նման հանդիպումները յաճախակի բնոյթ կրեն:


