Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Սկսած Է Եւրանեսթի Լիագումար Նիստը

Մարտ 17, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-16-15_yevranestԵրեւանի մէջ երէկ սկսած է Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի չորրորդ նստաշրջանը` մասնակցութեամբ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ բոլոր երկիրներու  պատուիրակութիւններուն, բացի Ազրպէյճանէն: Աւելի կանուխ ազրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավարը յայտարարած էր, որ Երեւանի մէջ նստաշրջան կայացնելու որոշումը վեհաժողովը տուած է` անտեսելով իրենց բողոքը, եւ այդ պատճառով իրենց պատուիրակութիւնը Երեւան չի մեկնիր:

Նալբանդեան. «Պաքու Սրած Է Իրավիճակը
Եւ Ծանր Զէնքեր Կ՛օգտագործէ»

Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Եւրանեսթի նիստին ընթացքին իր խօսքին մէջ նշելով, որ Հայաստան շատ կարեւոր կը նկատէ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն հետ համագործակցութիւնը ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան մարզերուն մէջ, ըսած է. «Հայաստան մտադիր է Եւրոպական Միութեան հետ զարգացնել ժողովրդավարութեան, դատական համակարգի բարելաւման, փտածութեան  վերացման, առեւտուրի մարզի բարելաւման ուղղուած հետագայ գործակցութիւնը: Հայաստան  պատրաստ է բոլոր կարելի մարզերուն մէջ համագործակցելու Եւրոպական Միութեան հետ, եւ  իբրեւ ատոր վառ ապացոյց, նշեմ, որ ուժի մէջ մտած է Եւրոպական Միութեան հետ այցեգիրներու դիւրացման համաձայնագիրը»:

Նալբանդեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակին` նշելով, որ Հայաստանն ու Ուքրանիան կը կապեն ոչ միայն երկու երկիրներու դարաւոր բարեկամութիւնը, այլեւ այնտեղ ապրող մեծաթիւ հայերը: «Ուքրանական հարցի խաղաղ լուծումը պէտք է ըլլայ առաջնահերթ», ըսած է ան:

Նախարար Նալբանդեան իր խօսքին մեծ մասը յատկացուցած է Պաքուի կողմէ վերջին տարիներուն զինադադարի խախտման, որ բազմիցս դատապարտուած է Մինսքի խմբակին կողմէ:

«Պաքու կը շարունակէ հակադրուիլ Մինսքի խմբակին եւ ամէն ինչ կ՛ընէ խաղաղ բանակցութիւններու հիմքը խարխլելու համար: Պաքու սրած է իրավիճակը, ան ծանր զէնքեր կ՛օգտագործէ: Ազրպէյճանցիներուն այդ քաղաքականութիւնը պատճառ դարձած է բազմաթիւ զոհերու: Պաքուի այս կեցուածքը հիմք դարձած է, որպէսզի Մինսքի խմբակի համանախագահները Պաքուին յիշեցնեն իրենց լիազօրութեան մասին: Ազրպէյճան, որ տասը տարուան մէջ երեսուն անգամ աւելցուցած է իր զինուորական պիւտճէն, կը սպառնայ հարցը լուծել զինուորական միջոցով: Հայաստան, ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի, կը մնայ իր սկզբունքին վրայ. խաղաղ միջոցով հարցի լուծում», ըսած է Նալբանդեան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը  անդրադարձած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` նշելով, որ Եւրոպական խորհրդարանը բազմիցս կոչ ուղղած է Թուրքիոյ` բանալու սահմանը, սակայն ապարդիւն:

Հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Արտակ Զաքարեան, որ նաեւ Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահն է, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսած է, որ պիտի քննարկուին Արեւելեան գործընկերութեան եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, մասնաւորապէս տնտեսութեան, ուժանիւթի անվտանգութեան, հաղորդակցութեան եւ մշակութային մարզերուն մէջ:

«Ատիկա քաղաքական այն միջավայրն է, ուր տեղի կ՛ունենայ քաղաքական երկխօսութիւն, համեմատութիւններ, կը խօսուին գոյութիւն ունեցող հիմնախնդիրներու մասին, տեղի կ՛ունենայ կարծիքներու բախում եւ քննարկումները ցոյց կու տան, թէ ո՛ր պետութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան որքանո՛վ պատրաստ է իր իսկ յայտարարած, ընկերակցման կամ երկխօսութեան օրակարգը առաջ մղել եւ որքանո՛վ ատոր համար կայ պատրաստուածութիւն, պատրաստակամութիւն Եւրոպական Միութեան կողմին մէջ, ընդառաջ երթալու»,  ըսած է Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նման քննարկումները արդեօք շօշափելի արդիւնք մը կու տա՞ն Եւրոպական Միութեան հետ համարկման առումով, այն պարագային, երբ Հայաստան արդէն Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ է, Արտակ Զաքարեան պատասխանած է, որ Հայաստան պատրաստակամ է սկսելու բանակցութիւնները երկխօսութեան եւ հետագայ համագործակցութեան կապուած փաստաթուղթ ունենալու: Ըստ Զաքարեանի, Հայաստան բարձրագոյն մակարդակով պաշտօնապէս միշտ յայտարարած է Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութիւնը իր արտաքին քաղաքական օրակարգին մէջ կարեւոր դիրքի վրայ ունենալու մասին: Ան աւելցուցած է, որ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի նոր տնտեսական համարկման խնդիրներուն, բնականաբար, անոնք ունին իրաւաքաղաքական, իրաւապայմանագրային ամրագրում եւ Հայաստան պարտաւոր է հետեւելու այդ խնդիրներուն:

Եւրանեսթ հիմնադրուած է 2011 թուականին: Հիմնական նպատակը նախկին խորհրդային 6 հանրապետութիւններու` Ուքրանիոյ, Պիելոռուսիոյ, Մոլտովայի, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մերձեցումն է Եւրոպական Միութեան:

 

Նախորդը

Յարգանք` Սողոմոն Թեհլիրեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Հանդիպում` Քաղաքացիական Տարբեր Նախաձեռնութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?