Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Վերադարձաւ Լիբանան

March 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սալամ եւ գահաժառանգ Մուքրեն իշխանը
Սալամ եւ գահաժառանգ Մուքրեն իշխանը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վերադարձաւ Լիբանան` Շարմ Շէյխի մէջ Եգիպտոսի օժանդակութեան արաբական տնտեսական ֆորումին իր բերած մասնակցութենէն ետք:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ Շարմ Շէյխի մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին էր Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մուքրեն պըն Ապտել Ազիզի հետ Սալամի եւ լիբանանեան պատուիրակութեան հանդիպումը:

Քննարկուեցան արաբական ընդհանուր կացութիւնը եւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Վարչապետ Սալամ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռիատին, որ մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին:

Իր կարգին, գահաժառանգ իշխանը շեշտեց լիբանանցիներուն միասնականութեան նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ յանձնառութիւնը` կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն շրջանցելու իրենց քաղաքական տարակարծութիւնները եւ յարգելու սահմանադրական իրենց պարտաւորութիւնները:

Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Եգիպտոսի վարչապետ Իպրահիմ Մահլեպի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս տնտեսական մարզը յուզող հարցերը:

Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխնախագահ, վարչապետ, Տուպայի կառավարիչ շէյխ Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթումի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտեց երկկողմանի յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը եւ լիբանանցիներուն յանձնառութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կայունութեան նկատմամբ:

Վարչապետ Սալամ Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթումի հետ քննարկեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն 70 լիբանանցիներ աքսորելու հարցը, որուն գծով  Տուպայի կառավարիչը խոստացաւ հետապնդում կատարել` հաստատելով, որ լիբանանցիները աքսորելու պաշտօնական որոշում չկայ: Ան նշեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ կ՛ապրին մեծ թիւով լիբանանցիներ, որոնք իրենց ներդրումը կ՛ունենան Էմիրութիւններուն բարգաւաճման մէջ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն չորեքշաբթի, 25 մարտ 2015-ին պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետները փակ պիտի մնան, Աւետման տօնին առիթով:

Նախորդը

Սինիորա Յայտարարեց Մարտ 14-ի Ազգային Խորհուրդը

Յաջորդը

Զօր. Աուն. «Մենք Բոլորս Բանակ Ենք Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Եւ Դիմադրութիւն Ենք` Իսրայէլի, Հաւատադրժողականներուն Եւ Ահաբեկիչներուն Դէմ»

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.