Աղէտալի Հրդեհ Քարանթինայի Մէջ
200 Տուներ Հրոյ Ճարակ Դարձան
Երկու Հազար Աղէտեալներուն Մէջ
Կը Գտնուին Տասներկու Հայ Ընտանիքներ
Երէկ` կիրակի երեկոյ ժամը 8:45-ին նոր աղէտ մը պատահեցաւ Քարանթինայի մէջ: Ահաւոր հրդեհ մը հրոյ ճարակ դարձուց 200 խրճիթներ: Երեք օրուան ընթացքին այս երկրորդ անգամն է, որ հրդեհ կը պատահի նոյն շրջանին մէջ:
Հրդեհը կարելի եղաւ զսպել ժամը 11:30-ին: Ժամ մը ետք տեղատարափ անձրեւը ամբողջացուց հրշէջներու գործը: Հրդեհը, որուն գործած աւերին տարածութիւնը 35,000 քառ. մեթր է, աւելի քան 2000 անձեր անպատսպար վիճակի մէջ թողուց: Բարեբախտաբար ոեւէ զոհ չկայ, միայն անդամալոյծ ծերունի մը ուշքը կորսնցուց յուզումէն:
Աղէտեալները առ այժմ պիտի պատսպարուին Ռեժիի հին մթերանոցներուն եւ Քարանթինայի շէնքին մէջ, մինչեւ որ որոշում մը տրուի անոնց մասին:
Պէյրութի հրշէջները, օգնութեամբ օդակայանի, բանակի եւ ոստիկան-զօրաց ջոկատներուն, արիաբար պայքարեցան աղէտին դէմ: Անոնց գործը սկիզբը դժուարացաւ, որովհետեւ շրջանի բնակիչները լծուած էին իրենց գոյքերու փոխադրութեան գործին: Կարգապահութեան ուժերը ստիպուեցան միջամտել` հաւաքուած բազմութիւնը ցրուելու համար: Հարաւ-արեւմուտք փչող հովը թոյլ չտուաւ, որ բոցերը դէպի բնակուած թաղամասերը յառաջանան եւ անոնց ուղղութիւնը թեքեց դէպի ծովափ: Այլապէս շրջանին մէջ գտնուող բազմաթիւ գործարաններ հրոյ ճարակ պիտի ըլլային:
Աղէտին լուրը իմանալով` բազմաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ պատասխանատու անձեր փութացին դէպքին վայրը: Հոն էին հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ժեմայել, ներքին գործոց նախարար Թաքիէտտին Սոլհ, Պէյրութի քաղաքապետ Էմիլ Եաննի, ընդհ. դատախազ Սայիտ Պերժաուի:
Անմիջապէս աղէտին վայրը փութացին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա., լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք., Գարեգին եպիսկոպոս, պետական հայ երեսփոխաններ եւ ազգային այլ անձնաւորութիւններ:
Այս աղէտէն հարուածուեցան 12 հայ ընտանիքներ, որոնց համար տեղւոյն վրայ կարգադրութիւն եղաւ` մաս մը փոխադրելով Քարանթինայի Օգնութեան Խաչի ակումբը, ուրիշ մաս մըն ալ` Պուրճ Համուտ:
«Նահատակներու Հրամանը»
Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ Համազգային մշակութային միութեան Էշրեֆիէի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած դասախօսութիւններու շարքին երրորդը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 23 փետրուար 1965 երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ազատամարտ» սրահին մէջ: Դասախօսն էր ծանօթ հրապարակագիր եւ բանաստեղծ Հրաչ Քաջարենց, նիւթը` «Նահատակներու հրամանը»:
Համազգայինի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Պէրպէրեան բացման խօսքին մէջ յայտնեց. «Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ կազմակերպուած դասախօսութիւններու շարքին նպատակն է Հայ դատի մասին իմանալ տեսակէտներն ու մտածումները մտաւորական ընտրանիին` յարգելով անոնց տեսակէտի ազատութիւնը: Ապա հրաւիրեց յարգելի դասախօսը բեմ:
Հ. Քաջարենց յայտնեց, թէ զինք նախորդող դասախօսները` տոքթ. Բ. Փափազեան եւ փրոֆ. Շ. Թորիկեան, առաջինը յուզական, երկրորդը առարկայական մօտեցումով սքանչելիօրէն վերլուծեցին Հայ դատը: Իր մօտեցումովը պիտի ըլլար խանդակաթ ու առարկայական:
Յարգելի դասախօսը յայտնեց, թէ Հայկական հարցը Պերլինի վեհաժողովով չէ սկսած, այլ մեր պատմութեան ամբողջ տեւողութիւնը եղած է մարտնչում մը Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ, որ եղած է «Հայաստան, երկիր դրախտավայր ու մարդկայնոց ցեղի օրրան»: Արդարեւ, ինչ որ Մովսէս Խորենացի մեր պատմահայրը եւ մեր այլ գրիչները դարեր առաջ գրած էին, ներկայիս քննական պատմագիտութեան կողմէ կը հաստատուին, թէ եւրոպական քաղաքակիրթ ազդակի բնական թէ քաղաքական դժնդակ պայմաններուն` եղած է հայ ժողովուրդը:
Մեր մտքի ու գրչի տիտանները եղած են ռահվիրաները մեր բոլոր խիզախումներուն` Աւարայրէն սկսեալ: Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ դաստիարակեցին Աւարայրի սերունդը: Ներսէս Շնորհալի եւ Լամբրոնացի եղան կիլիկեան թագաւորութեան զօրավիգները, Մխիթար Սեբաստացի եղաւ վերածնունդի ռահվիրան:
Մեհմետ Ֆաթիհ 1453-ին փոշիացուց Բիւզանդիոնը: Պարսկաստան, զրադաշտականութեան ախոյեանը, իսլամացաւ, տոկաց միայն հայը, որ օսմանեան պետութեան տուաւ պատկառելի փաղանգ մը նախարարներու եւ ամիրաներու: Սակայն օսմանեան պետութիւնը միշտ ծրագրուած աշխատանքով հետապնդեց հայ ազգին ոչնչացումը` պարբերաբար կոտորածներ սարքելով, հարստահարելով եւ բռնութեան ամէն միջոց ի գործ դնելով: Հայ յեղափոխութիւնը արդիւնք էր այդ բռնութեանց: Չէինք ունենար յեղափոխութիւնը, եթէ ունեցած չըլլայինք Մխիթար Սեբաստացին, Ալիշանը, Խրիմեան Հայրիկը եւ նմանները:
Հայ յեղափոխութիւնը ունեցաւ իր առաւելութեանց կողքին նաեւ անխուսափելի թերութիւնները: Պանք Օթոմանը գրաւող հերոսները ինչպէ՞ս կրնային նախատեսել, թէ «քրիստոնեայ» մեծ պետութիւնները հայոց արիւնը պիտի սակարկէին իրենց շահեր ապահովելու համար:
Խորէն արք. Նարպէյի պատգամը, որ անլսելի մնաց ժամանակին, հիմա ալ իր այժմէութիւնը կը պահէ. «Ո՛չ, եղբարք, ո՛չ, օտարներէն չկայ յոյս»:
Արիւնարբու սուլթան Համիտին յաջորդեց ժէօն թրքութիւնը, որոնց մեղրածորան խօսքերուն հաւատացինք, մինչդեռ անոնք եկած էին անոր կէս ձգած գործը շարունակելու Մեծ եղեռնով: Յաղթական պետութիւնները շուտով մոռցան Հայաստանը ու դաւաճանեցին իրենց փոքր դաշնակիցին: Դաշնակիցները ոչ միայն լքեցին Կիլիկիան, այլեւ հետագային նուէր տուին նաեւ Սանճագը: Ա. Աշխարհամարտի վախճանին եղած անարդար կարգադրութիւնները պատճառ եղան Բ. Աշխարհամարտին եւ աշխարհ պիտի չխաղաղի, մինչեւ որ արդարութիւնը չտիրէ երկրի վրայ:
Սխալ է մեր Դատին լուծումը ակնկալել Արեւելքէն կամ Արեւմուտքէն, մենք պէտք է միանանք ու պայքարինք: Ուր սէր կայ հոն կայ միութիւն. ուր միութիւն կայ, հոն կայ ուժ, ուր ուժ կայ, հոն` յաղթութիւն:
Արտերկրի հայութիւնը պէտք է խանդավառուի հայրենիքի նուաճումներով, իսկ հայրենաբնակ հայորդիները` սփիւռքի հայութեան նուաճումներով:
Ինչ որ սփիւռքը չի կրնար ընել, կ՛ընէ հայրենիքի հայութիւնը, կը կառուցէ հայրենիքը: Ինչ որ հայրենիքը չի կրնար ընել, պէտք է ընէ սփիւռքը:
Պէտք է պատրաստենք փաստագիրքը Եղեռնին նախ հայերէն, ապա թարգմանելով մեծ ազգերու լեզուներուն` ուղարկենք առ որ անկ է:
Մեր նահատակներուն հրամանն է, որ մոռնանք գաղափարական ամէն տարակարծութիւն եւ միացած պայքարինք մեր արդար Դատին վերջնական յաղթանակին համար:
Սարգիս Պէրպէրեան փակման խօսքին մէջ յայտնեց, թէ ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակին նուիրուած դասախօսութեանց սոյն շարքը կանոնաւորաբար պիտի շարունակուի ամէն տասնհինգ օրը անգամ մը, երեքշաբթի երեկոները: Յաջորդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ նոյն տեղը, մարտ 9-ին: Դասախօսն է Ֆիլիփ Զաքարեան, նիւթը` «Հայկական արժանիքներու վերլուծումը»:
Կ. Խ.
