Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Մեր «Ղեկավարները»

February 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ  Ք.

Հռչակագիրի գովքէն ետք պիտի կարենա՞նք գովել նաեւ «արժանաւորութիւնը» մեր…ղեկավարներուն:

Ուզենք թէ չուզենք, չակերտենք թէ անչակերտ ներկայացնենք, փաստօրէն մեր ղեկավարներն են ասոնք, որոնք 100-ամեակի մէջ, ապրիլ 24-ի սեմին, անօրինակ մոլուցքով սուր կը ճօճեն իրարու, իրենց հետեւորդները զօրաշարժի մղելով` ներազգային կեանքը կը պառակտեն` առ ոչինչ համարելով հռչակագիրին առթած համահայկական պայքարի տրամադրութիւնն ու խանդավառութիւնը:

Պատմականօրէն  մեր համբաւեալ անմիաբանութեան  հաւատարմութիւն յայտնելու ցուցադրութի՞ւն է սա, թէ՞ ղեկավարներու անտեղի  ու անժամանակ եւ խայտառակ մրցակցութիւն:

Անպայման Թուրքիոյ նոր «սուլթան»-ը` Էրտողան, ունեցաւ  ուրախութիւնը հինին` Ապտիւլ Համիտի ունեցածին պէս, որ ըստ զրոյցի մը, երբ անոր կը տեղեկացնեն հայկական երկրորդ յեղափոխական կուսակցութեան մը նորովի կազմութիւնը, ան փոխանակ մտահոգուելու` ձեռքերը կը շփէ գոհունակութեամբ ու կը բացագանչէ. «Ի՜նչ լաւ լուր , հիմա աւելի հանգիստ պիտի քնանամ, քանի որ վստահ եմ, թէ անոնք իրարու դէմ պիտի կռուին եւ պիտի մոռնան զիս…»:

Համահայկական  յանձնաժողովին խմբագրած  եւ Հայաստանի նախագահին իսկ կողմէ ստորագրուած ու հրապարակուած հռչակագիրի բովանդակութիւնն ու նպատակադրումները համազգային սպասումներուն արձագանգելէ ետք, միասնական պայքարի հրաւէր են միաժամանակ` ամբողջ հայութեան համար:

Կը կարծուէր, որ այդ հրաւէրին ոգիով վարակուած են մեր ղեկավարները եւ ատով պիտի ոգեշնչեն նաեւ հայ զանգուածները:

Բայց ահաւասիկ, պետական ուժի բրտութեան յենած, միեւնոյն նախագահը  ի լուր մարդկանց կը յայտարարէ, թէ ինք վճռած է քաղաքականապէս ու տնտեսապէս չէզոքացնել-փճացնել Հայաստանի մեծագոյն «ընդդիմադիր» (իբր թէ «այլընտրանքային») ԲՀ կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը, անոր քաղաքական յաւակնութիւնները կը նկատէ վտանգաւոր եւ զայն կը հռչակէ «չարիք» Հայաստանի համար: Իր կարգին, խորհրդակցական նիստէ մը ետք , Գագիկ  Ծառուկեան կ՛որոշէ  նետուած ձեռնոցը վերցնել եւ փոխադարձաբար ծանր ամբաստանութիւններ կը կատարէ նախագահի հասցէին, քաղաքացիական անհնազանդութեան կոչերով կը պահանջէ իշխանափոխութիւն…

Չենք գիտեր եւ ոչ ալ հետաքրքրուած ենք , թէ ի՛նչ տեսակի սեւ կատու մը անցած է երէկի դաշնակից այս ղեկավարներուն միջեւ: Շարժապատկերի ոստիկանական պատմութիւներէն գիտենք, սակայն, յանցագործ աշխարհի  կենսակերպի տրամաբանութիւնը. անօրինութիւններդ ու չարաշահումներդ արտօնուած են եւ իրաւունքի բաժինդ ապահովուած` գործադաշտի  քու  սահմաններուդ մէջ: Ներդաշնակութիւնը կը խախտի ու պատերազմը կը սկսի, եթէ փորձես ոտնձգութիւն կատարել ու տարածուիլ միւսին սահմանին մէջ: Այն ատեն է ահա, որ զօրաւորը կը յաղթէ: Թէ ի՛նչ գին կը վճարուի այդ յաղթանակին համար, արդէն ատիկա անկարեւոր մանրամասնութիւն մըն է միայն…

Չենք գիտեր եւ չենք ալ հետաքրքրուած, թէ ո՛վ յաղթական պիտի ելլէ   այս երկու ղեկավարներու գօտեմարտէն: Բայց գիտենք, որ ատկէ պիտի վտանգուի մեր միասնականութիւնը, որուն համար ալ մեր  հետաքրքրութիւնը կեդրոնացած կը պահենք 100-ամեակի հռչակագրին վրայ,  անձկագին, որ անոր ոգին յաղթանակէ:

Հարցական կը մնայ նաեւ, որ այս երկու ախոյեաններուն արբանեակ միւս ղեկավարները, ինչպէս եւ` խորհրդատուները (ասոնք ալ երկրորդ կարգի ղեկավարներ), երբեւիցէ փորձեցի՞ն արդեօք համոզել իրենց պարագլուխները , որ հրաժարին  մտադրութենէ մը, որ կը հակադրուի հռչակագիրի ոգիին եւ միայն վնաս կը պատճառէ հայութեան ու հայրենիքին, թէ՞ անոնք ալ մտածեցին, որ նման փորձ մը կրնայ խանգարել իրենց առաջնահերթութիւններն ու սեփական օրակարգի խնդիրները լուծելու հետապնդումները:

Կարօ Արմէնեան առաջինն էր թերեւս, որ այս երկու ղեկավարներու զիրար փճացնելու «պատերազմ»-ը յայտարարելէ անմիջապէս ետք, իր դիմատետրին վրայ   սրտառուչ սաստ-յորդորով զգաստութեան կոչ ուղղեց անոնց` «սառեցնել ներազգային քէները»: Կոչ, որուն տակ վստահաբար  պիտի ուզէր ստորագրել ամէն հայ մարդ: Մամուլի մէջ վերջերս հրատարակած իր ծանրակշիռ խոհագրութիւնը, «Փանթուրքիզմի գրաւը եւ Արցախի հարցը» խորագրով, ընդգծուած յիշեցումն է ազգի ղեկավարներուն` լուծելի մեր առաջնահերթ հարցին:

Բայց քինախնդրութեամբ ու իշխանատենչութեամբ առաջնորդուող քաղաքական ղեկավարներ յաճախ կ’անտեսեն երկրի ու ազգի առաջնահերթութիւնները, կը դառնան հեղինակ` չհաշուարկուած արարքներու եւ կը ստեղծեն անհակակշռելի կացութիւններ:  Որով մեզի եւ յատկապէս պատգամախօս հեղինակութիւններուն  կը մնայ տեղեկացնել ու աւելի հնչեղ բարձրաձայնել զգօնութեան կոչերը` առաջքն առնելու յոյսով կանխատեսելի վտանգին: Ուրիշ ի՞նչ կրնանք ընել արդէն: Այս պարագային լռութիւնը ոսկի չէ:

Իբրեւ հայ մարդ ու պարզ քաղաքացի, ի լուր խմորուող վտանգին եւ մեր անզօրութեանը մէջ, հոգեկան գալարումներ կ՛ունենանք եւ մենք մեզի կ՛ուղղենք պատասխան չունեցող ափսոսանքի հարցում մը.

– Ո՞ւր են յիսնամեակի ղեկավարները:

 

 

 

Նախորդը

Ո՞վ Պատասխանատուն Է Էրտողանի Մոլեռանդ Բռնակալ Դառնալուն

Յաջորդը

Բարեկենդանի Աւանդական Տօնը` Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններուն Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.