Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ողջունեց ԵԱՀԿ-ի Համանախագահներու Քրաքովեան Յայտարարութիւնը

February 18, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21715_SerjՀայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է շրջանային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ճեյմզ Ուորլիքը, Փիեռ Անտրիոն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը: Նախագահի աշխատակազմի լրատուական ծառայութենէն կը հաղորդեն, որ համանախագահները ներկայացուցած  են Պաքուի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներուն տպաւորութիւնները, քննարկած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի այս հանգրուանին առկայ  մտահոգութիւնները ու հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր:

«Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան ողջունած է 27 յունուարին Քրաքովի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւնը, որ, ըստ նախագահին, որոշակիօրէն տարբեր էր նախորդ յայտարարութիւններէն, եւ որուն մէջ ի վերջոյ կոչ ուղղուած է Ազրպէյճանին հաւատարիմ մնալու  հակամարտութեան խաղաղ լուծման առնչուող իր յանձնառութիւններուն», ըսուած է նախագահական պալատի հաղորդագրութեան մէջ:

Համանախագահները երէկ նաեւ տեսակցած են  Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:  Հանդիպման ընթացքին շարունակուած են քննարկումները ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ: Նախարար Նալբանդեան համանախագահներուն  ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ 27 յունուարին համանախագահներու  յայտարարութենէն, 7 փետրուարի ԵԱՀԿ-ի  գործող նախագահի եւ եռանախագահներու յայտարարութենէն ետք, Պաքու բացայայտ արհամարհանք դրսեւորելով` շարունակած է զինադադարի կոպիտ խախտումները, սադրանքները եւ եռանախագահներու կողմէ  մատնանշուած անթոյլատրելի հռետորաբանութիւնը: Անդրադառնալով խաղաղութեան պայմանագիրի մշակման իբր թէ ձեռնամուխ ըլլալու վերաբերող Պաքուի մտասեւեռման, Նալբանդեան շեշտած է, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը իրականութեան մէջ կը նպատակադրէ ձախողեցնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ տարիներու բանակցային հոլովոյթի արդիւնքները: Պաքու կը փորձէ օգտագործել իր իսկ պատճառով հակամարտութեան չլուծուած ըլլալը, արդարացնելու համար երկրին մէջ մարդկային  իրաւունքներու ամէնէն կոպիտ խախտումները, ընդդիմախօսներու դէմ բռնաճնշումները:

«Երբ համաձայնութիւն գոյանայ հիմնարար սկզբունքներու վերաբերեալ, եւ ատոր իր համաձայնութիւնը տայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը, այդ ժամանակ կարելի կ՛ըլլայ բանակցութիւններու սկսիլ Ազրպէյճանի, Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ` մշակելու համար խաղաղութեան համապարփակ պայմանագիրը», ըսած է Նալբանդեան, որ` անդրադառնալով Արցախի դատարանի կողմէ դատապարտուած ազրպէյճանցի ներթափանցողները իբրեւ «մոլորած անմեղ գառնուկներ» ներկայացնելու Պաքուի փորձերուն, նշած է, թէ նման մօտեցումներ սնանկ են: «Վերջիններուս յանցագործութիւնները փաստագրուած եւ ապացուցուած են, ներառեալ անոնց կողմէ 17 տարեկան պատանիին  առեւանգումը, խոշտանգումը եւ դաժան սպանութիւնը»,  ընդգծած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Շուրջ ժամ մը տեւած տեսակցութենէն ետք, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճեյմզ Ուորլիք լրագրողներուն ըսած է, որ  շրջանային այս այցելութեան ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները նոր առաջարկներ չեն ներկայացուցած ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերուն:

 

 

Նախորդը

Վրաստանի Խորհրդարանի Նախագահ. «Վրաստանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Չեն Կրնար Հիմնախնդիրներ Գոյութիւն Ունենալ»

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Նախաձեռնութեամբ Սերժ Սարգսեան Եւ Գագիկ Ծառուկեան Հանդիպում Ունեցան

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.